ԵԱՀԿ-ի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչը Լեռնային Ղարաբաղի Հարցին Մէջ Սթաթիւս Քոն Կը Նկատէ Անընդունելի

13 փետրուար 2016

Տանիէլ Պայեր
Տանիէլ Պայեր

Ազրպէյճանական ԱՓԱ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ԵԱՀԿ-ի մէջ Միացեալ Նահանգներու մնայուն ներկայացուցիչ Տանիէլ Պայեր ԵԱՀԿ-ի մնայուն խորհուրդին մէջ իր արտասանած խօսքին ընթացքին յայտնած է, որ իբրեւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիր` Միացեալ Նահանգներ պիտի շարունակեն աշխատանքը Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտող կողմերուն հետ` միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն, ՄԱԿ-ի կանոնադրութեան եւ Հելսինքեան եզրափակիչ յայտարարութեան հիման վրայ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի խաղաղ լուծման հասնելու նպատակով:

Ան ցաւ յայտնած է, որ ղարաբաղեան-ազրպէյճանական շփման գիծին եւ Հայաստանի ու Ազրպէյճանի սահմանին վրայ վերջին ամիսներուն աւելցած են բռնութեան դէպքերը: «Միացեալ Նահանգներ կը կիսեն այս խնդիրի հետ կապուած ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի մտահոգութիւնը եւ կը դատապարտեն ականանետերու եւ ծանր զէնքերու օգտագործումը, որ պատճառ կը դառնայ քաղաքացիական անձերու մահուան:

Մենք կ՛աջակցինք հակամարտող կողմերուն ուղղուած Մինսքի խմբակի համանախագահներու կոչերուն` ձեռնարկելու քայլեր բռնութեան նուազեցման եւ բնակչութեան պաշտպանութեան համար: Սթաթիւս քոն անընդունելի է: Մենք անգամ մը եւս կը դիմենք կողմերուն` ըսելով, որ խնդիրը զինուորական ճամբով չի կրնար լուծուիլ», ըսած է Պայեր:

Ան անգամ մը եւս ընդգծած է, որ Միացեալ Նահանգներ կ՛աջակցին Մինսքի խմբակի համանախագահներու ջանքերուն` իրականացնելու կառուցուածքային բանակցութիւններ, որոնք նոր խթան պիտի հաղորդեն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի նախագահներուն միջեւ երկխօսութեան եւ պիտի նպաստեն խնդիրի խաղաղ լուծման:

ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail