«Ցամաքային Ուժեր Սուրիա Ուղարկելը Այլեւս Հրատապ Անհրաժեշտութիւն Է» Կ՛ըսէ Քաթարի Արտաքին Գործոց Նախարարը

Քաթարի-արտաքին-գործոց-նախարար-շէյխ-Մոհամետ-պըն-Ապտել-Ռահման-Ալ-Թանի

16 փդտրուար 2016

Քաթարի արտաքին գործոց նախարար շէյխ Մոհամետ պըն Ապտել Ռահման Ալ Թանի Միւնիխի մէջ անվտանգութեան խորհրդաժողովի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ յայտարարեց. «ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի Միջազգային դաշինքի ծիրին մէջ ցամաքային ուժեր Սուրիա ուղարկելը այլեւս հրատապ անհրաժեշտութեան վերածուած է»:

«Սուրիոյ մէջ ցամաքային գործողութիւն շղթայազերծելու հարցը նոր ծրագիր մը չէ», ըսաւ ան` նշելով. «Այս հարցը ծրագրուած էր Միջազգային դաշինքը ղեկավարող Ամերիկայի հետ»:

Քաթարի արտաքին գործոց նախարարը յայտնեց. «Եթէ Սուրիա ցամաքային ուժեր ուղարկել անհրաժեշտ ըլլայ, ապա ատիկա պէտք է տեղի ունենայ Միջազգային դաշինքի ղեկավարութեան տակ»:

ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail