Մենք Համակողմանի Կերպով Քննարկած Ենք Սիսի Կաթողիկոսարանի Վերադարձի Հարցը. Արամ Ա. Կաթողիկոս

11 սեպտեմբեր 2015
Յունաստան տուած այցելութեան ընթացքին` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոս անդրադարձած է Սիսի կաթողիկոսարանին եւ յարակից կալուածին վերադարձի պահանջով Թուրքիոյ դատարանին մէջ բացուած դատին։ Յունական pontos-news.gr-ին տուած հարցազրոյցին ընթացքին կաթողիկոսը դիտել տուած է, որ որոշումը հապճեպօրէն չէ տրուած։

«Այս հարցը մենք քննարկած ենք նոյնիսկ թուրք իրաւաբաններու, միջազգային իրաւունքի, մարդու իրաւունքի մասնագէտներու հետ: Ուսումնասիրած ենք Լօզանի պայմանագիրը: Այսինքն՝ մենք խնդիրը ուսումնասիրած ենք համակողմանի կերպով», նշած է կաթողիկոսը՝ աւելցնելով, որ անկախ անկէ՝ Թուրքիան իր կատարած ոճիրը պիտի ընդունի կամ ոչ, կատարուածը փաստացի Ցեղասպանութիւն է:

«Ասիկա ոչ ոք յօրինած է, իսկ Ցեղասպանութեան հետեւանքը շատ լուրջ է: Մեր ժողովուրդին ողջ ունեցուածքը, համայնքային շէնքերը, եկեղեցիները աւերուած են կա՛մ հիմնովին, կա՛մ մասնակի, եւ անոնց մեծ մասը Թուրքիոյ ղեկավարութիւնը սեփականացուցած է: 100 տարի ետք, իբրեւ կաթողիկոս, կը յայտարարեմ, որ այդ կառոյցները կը պատկանին հայկական եկեղեցւոյ, հայ ժողովուրդին», դիտել տուած է կաթողիկոսը՝ աւելցնելով, որ իրենք կը սկսին Սիսի կաթողիկոսարանի վերադարձէն, քանի որ դատը ունի քաղաքական, բարոյական, հոգեւոր իմաստ:

Արամ Ա. կաթողիկոս շեշտած է, որ առաջին անգամ ըլլալով է, որ հայ ժողովուրդը, որ կը պայքարի Հայոց Ցեղասպանութեան միջազգային ճանաչման համար, նոր ռազմավարութիւն ընտրած է՝ հարցը նաեւ դատական ատեանի մէջ բարձրացնելով:

http://www.yerakouyn.com/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail