Հայաստանին Աջակցող Մոսկուան Սպառնալիք Է Պաքուին. Տաւութօղլու

16 փետրուար 2016

ՊՈԼԻՍ, «Մարմարա».- Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու, որ պաշտօնական այցելութեամբ Ուքրանիա մեկնած էր Փետրուար 15ին, մայրաքաղաք Քիեւի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ իր պաշտօնակիցին հետ, որմէ ետք տրուած մամլոյ ասուլիսին ընթացքին դարձեալ քննադատութիւններու թիրախ դարձուց Ռուսիան՝ նշելով, որ այդ երկիրը, աջակցելով Հայաստանին՝ սպառնալիք է Ատրպէյճանի համար։ Վարչապետը անհանգստութիւն յայտնեց Ռուսիոյ կողմէ Հայաստանի նկատմամբ ցուցաբերուած օժանդակութեան կապակցութեամբ ու յայտարարեց, որ նաեւ Վրաստանի, Ուքրանիոյ եւ Սուրիոյ հողատարածքները ռուսական սպառնալիքի տակ են Ռուսիոյ պատճառով։

Ռուսիոյ արտաքին գործոց պաշտօնական ներկայացուցիչ Մարիա Զախարովա անդրադարձած է այս յայտարարութեան՝ նշելով, թէ Տաւութօղլու պէտք է հասկնայ, որ Օսմանեան կայսրութիւնը վաղուց գոյութիւն չունի, իսկ տարածաշրջանին մէջ բռնապետական պետութիւններ տեղ չունին։

«Այս բռնապետական մօտեցումը չի համապատասխաներ այն սկզբունքներուն, որոնցմով կ՛ապրի ժամանակակից աշխարհը: Ռուսիա եւ Ատրպէյճան բարեկամական յարաբերութիւններ կը կառուցեն, իսկ Թուրքիա չի կրնար սեպ խրել այդ յարաբերութիւններուն մէջ», աւելցուցած է ան:

Զախարովա նաեւ շեշտած է, որ եթէ Անգարա փափաքի խաղալ նոր Օսմանեան կայսրութեան դերը, ապա պէտք է յիշէ, որ Օսմանեան կայսրութիւնը կը կոչուէր «Եւրոպայի հիւանդ մարդը»:
Zakharova-asbarez
http://asbarez.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail