«Թուրքիան Սուրիոյ Մէջ Պէտք Է Կատարէ Լարուածութեան Թուլացման Համաձայնութիւնները» Ըսաւ Մոկերինի

Ֆետերիքա Մոկերինի

16 փետրուար 2016

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան արտաքին գործոց եւ անվտանգութեան քաղաքականութեան հարցերով բարձրագոյն յանձնակատար Ֆետերիքա Մոկերինի երէկ յայտարարած է, որ Թուրքիան պէտք է կատարէ Սուրիոյ մէջ լարուածութեան թուլացման շուրջ Միւնիխի եւ Ժընեւի մէջ ձեռք բերուած համաձայնութիւնները:

Պատասխանելով Թուրքիոյ կողմէ Սուրիոյ մէջ քիւրտերու դիրքերու ռմբակոծման եւ Սուրիոյ տարածք խումբ մը թուրք զինուորներու ներխուժման մասին տեղեկութեանց վերաբերեալ հարցումին` Մոկերինի յայտնած է. «Քանի մը օր առաջ մենք բոլորս, ներառեալ` Թուրքիան, կը քննարկէինք Սուրիոյ մէջ զինադադարի եւ լարուածութեան թուլացման հարցերը: Բոլոր ուժերը, ներառեալ` Թուրքիան, պէտք է գործեն այդ ուղղութեամբ»:

ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail