Սուրիոյ Քիւրտերու Հրամանատար Մը Կը Սպառնայ Թուրքիոյ

16 փետրուար 2016

ԵՐԵՒԱՆ, «Էրմենիհապեր».- Սուրիոյ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան ռազմական թեւը հանդիսացող Ժողովրդական ինքնապաշտպանական ջոկատներու հրամանատարներէն Պոզանը սպառնացած է քիւրտերու իրաւանց պայքարը Թուրքիա հասցնել:

Ըստ թրքական «Ինթըրհապեր» լրատուական կայքին՝ ան թրքական «Աքսիոն» թերթին հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին նշած է, որ այժմ Սուրիոյ հիւսիսային քրտաբնակ շրջանին մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւնները պիտի կրկնուին նաեւ Թուրքիոյ մէջ: «Մօտիկ ապագային, օգնութեան պիտի հասնինք Թուրքիոյ մէջ գործող Հայրենասէր յեղափոխական երիտասարդութեան շարժումին», ըսած է ան:

Նշենք, որ նշեալ շարժումը Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան երիտասարդական թեւը կը հանդիսանայ:
«Ինթըրհապեր» կ՛աւելցնէ, թէ «Աքսիոն» թերթը մօտիկ է Փենսիլվենիա ապաստանած թուրք այլախոհ կրօնական Ֆեթհուլահ Կիւլենի հետեւորդներուն։

ԱՍՊԱՐԵԶ
http://asbarez.com/arm

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail