ՆԱԹՕն Անհանգիստ Է Արցախի Իրավիճակով

Ճէյմզ Ափաթուրայ

16 փետրուար 2016

ԵՐԵՒԱՆ, «Ազատութիւն».– Հարաւային Կովկասի եւ Կեդրոնական Ասիոյ մէջ  Հիւսիսատլանտեան դաշինքի գլխաւոր քարտուղարի յատուկ ներկայացուցիչ Ճէյմզ Ափաթուրայ 16 Փետրուարին Պաքուի մէջ յայտնած է, որ ՆԱԹՕն չի մասնակցիր Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան լուծման գործընթացին:

«ԱՓԱ» լրատու գործակալութեան համաձայն՝ Ափաթուրայը տեղեկացուցած  է, որ Ատրպէյճանի նախագահին եւ արտաքին գործոց նախարարին հետ քննարկած է հակամարտութեան առնչութեամբ տուեալ պահուն ձեւաւորուած իրավիճակը:

«ՆԱԹՕն իր դիրքորոշումը ունի տուեալ հարցին նկատմամբ: Իրավիճակը շփման գիծին մէջ անհանգստութիւն կը պատճառէ: Ասիկա բարդ իրավիճակ է: Դաշինքը անհրաժեշտ կը նկատէ, որ կողմերը աշխատին խաղաղ լուծման գործընթացին վրայ:

Մեր պաշտօնական դիրքորոշումը այն է, որ մենք կը սատարենք Մինսկի խումբին եւ կը հաւատանք, որ հակամարտութեան կարգաւորումը փոխադարձ համաձայնութեան սկզբունքներու վրայ հիմնուած պէտք է ըլլայ», ըսած է Ափաթուրայ:

ԱՍՊԱՐԵԶ
http://asbarez.com/arm

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail