Հայասպան Հայերը Ձերբակալուած — Հայասպան Հայերը Ձերբակալուած — Հայասպան Հայերը Ձերբակալուած

ՎԱՐԴԱՆ ԷՍԴՈՒԳԵԱՆ
estukyan@gmail.com
Թուրքիոյ հայ հասարակութեան օրակարգին ռումբի ազ­դե­ցու­թիւնով մտաւ 6 Փետ­րուար Շա­բաթ օր Յա­կոբ Եաքուպ Տէ­միր­ճի եւ Սե­դա Այ­տա Տէ­միր­ճի ամո­լի Հար­պի­յէի իրենց բնա­կարա­նին մէջ են­թարկուած յար­ձա­կու­մի լու­րը։

Ու­թը ան­ձե­րէ բաղ­կա­ցող կազ­մա­կեր­պութեան մը աւա­զակու­թեան նպա­տակով ծրագ­րած յան­ցա­գոր­ծութեան ըն­թացքին 85 ամեայ Յա­կոբ Եաքուպ Տէ­միր­ճի տեղ­ւոյն վրայ մա­հացած էր, իսկ կի­նը Սե­դա Այ­տա Տէ­միր­ճի վի­րաւո­րուած։

Երեք աւա­զակ­ներ տուն մտնե­լէն վերջ եր­կու տա­րեց ամու­սիննե­րը կա­պած ու ապա տու­նը պա­հուած գու­մա­րը վերցնե­լով խոյս տուած էին։ Տան շուրջ բազ­մա­թիւ տե­սախ­ցիկներ ըլ­լա­լով հան­դերձ յան­ցա­գործնե­րը հա­զիւ երեք օր ետք 9 Փետ­րուարին բռնուեցան Տրա­պիզո­նի մէջ։

Հեր­քուած պնդու­մը

Դէպ­քի պա­տահե­լէն կարճ ժա­մանակ ետք նիւ­թը հա­սարա­կու­թեան փո­խան­ցուեցաւ ամու­սիննե­րուն «խո­զի կապ»ի դրու­թեամբ կա­պուած ըլ­լա­լուն մա­սին տե­ղեկու­թիւնով։ Սա­կայն Կու­սա­կալու­թիւնը շու­տով հեր­քեց այս լու­րը։

Մար­դասպա­նու­թեան Բաժ­նի հե­տախոյզնե­րու եւ դա­տախա­զի քննար­կումէն ետք Յա­կոբ Եաքուպ Տէ­միր­ճիի մար­մի­նը փո­խադ­րուեցաւ Իս­թանպու­լի Դա­տական Բժշկու­թեան Կեդ­րո­նը։ Ոս­տի­կան­նե­րու առա­ջին քննար­կումով յայտնի դար­ձաւ թէ շէն­քի մուտքի դու­ռը կղպուած էր։

Դա­տական Բժշկու­թեան քննու­թիւնը եր­կար պի­տի տե­ւէ

Տէ­միր­ճի ըն­տա­նիքի ազ­գա­կան­նե­րէն մէ­կուն փո­խան­ցած տե­ղեկու­թեան հա­մաձայն Դա­տական Բժշկու­թեան քննար­կումը մօտ 45 օր պի­տի տե­ւէ։ «Ես ննջե­ցեալը ոճի­րին յա­ջորդ օր հի­ւան­դա­նոցի դիասե­նեակէն ստա­ցայ։ Ոչ ոք յայ­տա­րարու­թիւն մը կ՚ընէ մա­հուան պատ­ճա­ռին մա­սին։ Այս իրո­ղու­թիւնը հա­զիւ մէ­կու­կէս ամիս ետք պի­տի լսենք»։

Միւս կող­մէ յար­ձա­կու­մէն թե­թեւ վնասուածքնե­րով փրկուող Սե­դա Այ­տա Տէ­միր­ճի դէպ­քէն ետք փո­խադ­րուած էր Շիշ­լի Էթ­ֆալ Հի­ւան­դա­նոց, ուր քա­նի մը ժա­մուայ բժշկա­կան հսկո­ղու­թե­նէ ետք բե­րուե­ցաւ քրոջ որդւոյն տու­նը։

Ան հա­զիւ քա­նի մը օր ետք լսեց ամուսնոյն մա­հուան լու­րը։ Իսկ Յա­կոբ Եաքուպ Տէ­միր­ճի 10 Փետ­րուար Չո­րեք­շաբթի օր Ֆե­րիգիւ­ղի Սուրբ Վար­դա­նանց Եկե­ղեց­ւոյ մէջ կա­տարուած յու­ղարկա­ւորու­թեան կար­գէն ետք հո­ղին յանձնուեցաւ Շիշ­լիի Հա­յոց Գե­րեզ­մա­նատու­նը։

Մե­ղադ­րեալ­նե­րը Տրա­պիզո­նի մէջ ձեր­բա­կալուեցան

Յար­ձակման հե­ղինա­կու­թեամբ ամ­բաստա­նուած ու­թը կաս­կա­ծեալ­ներ 9 Փետ­րուարին ձեր­բա­կալուեցան Տրա­պիզո­նի մէջ, ուրկէ փո­խադ­րուեցան Իս­թանպու­լի Անվտան­գութեան Տնօ­րէնու­թիւն։

Պար­զուեցաւ որ ձեր­բա­կալուած­նե­րը Հա­յաս­տա­նի քա­ղաքա­ցի են եւ կը փոր­ձէին Վրաս­տա­նի ճամ­բով Հա­յաս­տան անցնիլ։ Իշ­խա­նու­թիւննե­րը յայ­տա­րարե­ցին անոնց անուններն ալ։

Տրա­պիզո­նի Դա­տախա­զու­թիւնն ալ իր կար­գին յայ­տա­րարու­թիւններ ընե­լով պար­զեց ձեր­բա­կալուած­նե­րու բռնուելու մա­սին ման­րա­մաս­նութիւններ։ Անոնց մօտ գտնուած է Յա­կոբ Եաքուպ Տէ­միր­ճիի թե­ւի ժա­մացոյ­ցը եւ 10 հա­զար ԱՄՆ տո­լար։

Իրենց ձեր­բա­կալուած տու­նը եր­կու օր առաջ վար­ձուած էր մե­ղադրեալներէն մէկուն կողէ։

http://www.agos.com.tr/am

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail