16 փետրուար 2016
ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ
Թուրքիա խիստ զայրացաւ, երբ 30 յունուարին Միացեալ Նահանգներու նախագահի յատուկ ներկայացուցիչ Պրետ ՄքԿըրք Արաբ Բունար այցելելով հանդիպում ունեցաւ Սուրիոյ քրտական Ժողովրդավարական միութեան կուսակցութեան (ԺՄԿ) ղեկավարներէն Էլտար Խալիլի հետ, իսկ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարի օգնական Անթոնի Պլինքին միեւնոյն օրը հանդիպում ունեցաւ քրտական նշեալ կուսակցութեան ղեկավար Սալեհ Մուսլիմի հետ: Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Էքուատորէն իր վերադարձի ընթացքին Ուաշինկթընին կոչ ուղղեց` Թուրքիոյ եւ «ահաբեկչական» ԺՄԿ-ի միջեւ ընտրանք մը կատարելու:
Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ճոն Քըրպի պատասխանեց, որ իր երկիրը ԺՄԿ-ն ահաբեկչական չի նկատեր, այլ` ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարին մէջ դաշնակից մը: Այդ իրողութիւնը Թուրքիոյ համար անընդունելի է: Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու պատասխանելով Ուաշինկթըն-Անգարա լարուածութեան մասին հարցումի մը ըսաւ. «Սպասեցէ՛ք եւ պիտի տեսնէ՛ք»: 13 փետրուարէն ի վեր թրքական բանակի հրետանիին կողմէ Ազեզի մէջ քրտական ուժերու դիրքերու ռմբակոծումը յստակացուց այդ խօսքին նշանակութիւնը:
Անգարայի մօտ Ուաշինկթընի նկատմամբ կը տիրէ անվստահութեան մթնոլորտ մը եւ Տաւութօղլու մատը ճիշդ այդ վէրքին վրայ դրաւ, երբ նշեց, թէ ամէն անգամ, որ ռուս-ամերիկեան ժողով մը տեղի կ՛ունենայ, Սուրիոյ բանակին եւ ռուսական օդուժին գործողութիւնները թափ կը ստանան: Այլ խօսքով` ան ամերիկացիք մեղսակից կամ առնուազն պատասխանատու կը նկատէ հիւսիսային Սուրիոյ մէջ ներկայ զինուորական գործողութիւններուն ոչ թրքանպաստ զարգացումներուն:
Տիրող կացութեան մէջ` Անգարայի մօտ արդէն գոյացած է ինքնիր ուժերուն վստահելու համոզում մը: Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտարարեց, որ իր երկիրը կը պատրաստուի Սէուտական Արաբիոյ հետ Սուրիոյ մէջ զինուորական գործողութեան մը: Ատկէ առաջ Էրտողան արդէն յայտարարած էր, որ «եթէ Թուրքիան 2003-ին Իրաք միջամտած ըլլար, այդտեղ պիտի չտեսնէինք ներկայ կացութիւնը»` աւելցնելով. «Չենք ուզեր Սուրիոյ մէջ կրկնել Իրաքի մէջ գործուած նոյն սխալը»:
Ղեկավարութեան մօտ տիրող զինուորական միջամտութեան մը ի նպաստ մթնոլորտը նաեւ տեսանելի է թրքական մամուլին մէջ. Իպրահիմ Քարակիւլ իշխանամէտ «Ենի Շաֆաք» օրաթերթին մէջ վերջերս գրեց. «Եթէ Թուրքիան այսօր չմիջամտէ, ապա քրտական շրջաններուն մէջ տեղի պիտի ունենայ բռնարարքներու մագլցում, իսկ այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ Թուրքիոյ դէմ, ռուս-իրանեան պատերազմ է: Թուրքիան պէտք է ուղղակիօրէն միջամտէ, այլապէս ենթակայ պիտի ըլլայ մասնատումի վտանգին»:
Հիւսիսային Սուրիա ներխուժելով, սակայն, թրքական բանակը մուտք պիտի գործէ իշամեղուներու փեթակը: Այդտեղ մեծ է Թուրքիոյ հակառակորդ կողմերու եւ խմբաւորումներու թիւը: Աւելի՛ն` Անգարա իշամեղուներէն անդին, իր դիմաց կանգնած պիտի գտնէ ռուսական արջը, որ պիտի չվարանի օգտագործել Թուրքիոյ կողմէ վար առնուած «Սու-24»-ի վրէժը լուծելու այդ ոսկի առիթը, մանաւանդ որ Թուրքիան իր այդ ինքնագլուխ արարքով զրկուած պիտի ըլլայ ՕԹԱՆ-ի ամբողջական զօրակցութենէն` նկատի ունենալով, որ նշեալ դաշինքին իր անդամներուն նկատմամբ յանձնառութիւնը միայն պաշտպանողական բնոյթի է: Թուրքիան նախայարձակ դառնալով ինքզինք պիտի մերկացնէ ՕԹԱՆ-ի պաշտպանութենէն: Բացառուած չէ, որ Ուաշինկթըն արտօնէ, որ Մոսկուա «ամբարտաւան ու մեծամիտ» Անգարային քիթը քիչ մը արիւնէ:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով 10 փետրուարին յայտարարեց. «Մտահոգ ենք Սուրիոյ սահմանին վրայ Թուրքիոյ շարժումներէն»:
Երբ մեծ տէրութիւն մը կացութեան մը նկատմամբ մտահոգութիւն կը յայտնէ, ընդհանրապէս ըսել կ՛ուզէ, թէ ձեռնածալ պիտի չմնայ: Ռուսիան 2008-ին նոյնպիսի մտահոգութիւն մը յայտնած էր Հարաւային Օսեթիոյ սահմանին մօտ վրացական բանակին շարժումներուն նկատմամբ: Մոսկուան, ինչպէս օրին, այսօր եւս մատը թափահարելով` առնչակից կողմին կը փոխանցէ հետեւեալ պատգամը. «Զգո՜ւշ, չփորձուի՛ս»:
Այնքան ատեն որ թրքական բանակը կը շարունակէ մնալ Թուրքիոյ սահմանին մէջ, ապահով է շնորհիւ ՕԹԱՆ-ին անդամակցութեան, սակայն եթէ մուտք գործէ սուրիական անտառ, ապա այդտեղ պիտի վերածուի ռուսական արջին համար արդար որսի:
http://www.aztagdaily.com