16 փետրուար 2016
«Մենք պէտք չունէինք Ալիեւին սպասելու, որ այդպէս ըսէր, որովհետեւ անկէ աւելին պիտի չըլլայ, քանի տակաւին Ալիեւը կայ: Ալիեւը դժգոհ է բանակցութիւններուն ընթացքէն, առաջարկուած լուծումէն: Այնպէս չէ, որ մենք` իբրեւ Դաշնակցութիւն, խանդավառուած ենք այդ լուծումով, բայց Ալիեւը կտրուկ դէմ է, օրինակ, ինքնորոշման իրաւունքի սկզբունքին եւ կը փորձէ ամէն ձեւով հարցը Եւրոպական խորհուրդի Խորհրդարանական վեհաժողով (ԵԽԽՎ) եւ այլ հարթակներ տանելով` շրջանցել այդ հոլովոյթը», Aravot.am-ի հետ զրոյցի մը ընթացքին այսպիսի կարծիք յայտնեց ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան` Սերժ Սարգսեանի եւ Ալիեւի` Պեռնի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումին մասին Ալիեւի յայտարարութեան վերաբերեալ:
Յայտնենք, որ Ազրպէյճանի նախագահը այդ հանդիպումին հետ կապուած յայտարարած էր, թէ ատիկա ձեւական բնոյթ կրած է:
Կիրօ Մանոյեանի համաձայն, Ալիեւէն կարելի էր ակնկալել, որ չմասնակցէր այդ հանդիպումին, բայց ատիկա ալ չըրաւ: «Ատոր համարձակութիւնն ալ ան չունեցաւ, որովհետեւ պիտի մեղադրուէր: Բայց ամէն պարագայի կը մեղադրուի, որովհետեւ ինք փոխադարձ վստահութիւն հաստատելու այդ նախաձեռնութիւններուն դէմ է, բոլոր գործնական առաջարկներուն դէմ է:
Իսկ իր այդ վերջին յայտարարութիւնը ցոյց կու տայ, որ ինք պարզապէս իրականութեան մէջ այդ հանդիպումէն դժգոհ է, որովհետեւ որեւէ արդիւնք չստացաւ այդ հանդիպումէն: Բնական չէ, որ ինք այդ հանդիպումը ձեւական կը բնութագրէ: Բնական կ’ըլլար, որ մենք բնութագրէինք այդպէս:
Իսկ երբ ինք ատիկա կ’ըսէ իբրեւ մասնակից, դերակատար, ատիկա արդէն շնականութիւն է: Կը կարծեմ, որ ցոյց կու տայ, թէ ինք ընդհանրապէս այս հարցին մէջ լուրջ չէ:
Անհրաժեշտ է, որ միջազգային համայնքը արդէն կտրուկ կեցուածք դրսեւորէ: Օրինակ, պէտք է ցոյց տան, որ այսպէս թէ այնպէս Ղարաբաղի անկախութիւնը պիտի ճանչնան, եթէ Ազրպէյճան շարունակէ այս վերաբերմունքը ունենալ:
Այս ձեւով, եթէ մենք ալ աշխատանք տանինք, միջազգային հանրութիւնն ալ հասկցնէ Ազրպէյճանին, որ ամէն ինչ չափ ու սահման ունի, կարելի չէ կամայականօրէն տասնամեակներով այս հարցը քաշքշել, ի վերջոյ արդիւնք պիտի ըլլայ», ընդգծեց Մանոյեան:
ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com