15 փետրուար 2016
Արցախի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեան Յունուար 15-ին մասնակցած է Պաշտպանութեան բանակի ռազմական խորհուրդի նիստին` նուիրուած 2015-ի արդիւնքներու ամփոփման եւ 2016-ի ընելիքներուն: Այս մասին կը հաղորդէ Արցախի Հանրապետութեան նախագահի աշխատակազմի տեղեկատւութեան գլխաւոր վարչութիւնը։
Իր ելոյթին մէջ երկրի ղեկավարը անդրադարձած է բանակաշինութեան գործընթացին, նշած է ձեռքբերումներն ու առկայ խնդիրները: Նախագահը 2015 թուականին իրականացուած աշխատանքները գնահատած է բաւարար:
Նախագահ Սահակեանի խօսքով` տարածաշրջանին եւ աշխարհի մէջ ռազմաքաղաքական իրադրութիւնը կը շարունակէ մնալ բարդ ու լարուած, որ կ՝առաջադրէ նաեւ ռազմավարական բնոյթի նոր խնդիրներ:
Նախագահը ընդգծած է, որ պաշտպանութեան բանակը միշտ եղած է եւ կը մնայ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան, անվտանգութեան եւ բնականոն զարգացման հիմնական երաշխաւորը` ամենայն պատասխանատւութեամբ իրականացնելով իր բարձր առաքելութիւնը ցանկացած պայմաններու մէջ:
Երկրի ղեկավարը յստակ յանձնարարականներ տուած է պաշտպանութեան նախարարին ու բանակի բարձրագոյն սպայական անձնակազմին` զինուած ուժերու առջեւ ծառացած խնդիրներու պատշաճ լուծման ուղղութեամբ:
Նիստին մասնակցած են Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը, ՀՀ զինուած ուժերու գլխաւոր շտաբի պետ, զօրավար-գնդապետ Եուրի Խաչատուրովը, պաշտօնատար այլ անձինք:
եօագոյն
http://www.yerakouyn.com