15 փետրուար 2016
Բրիտանական յայտնի «Times» պարբերականը հրապարակած է «Դժոխքի դարպասներ» խորագիրով յօդուած մը, ուր անդրադարձած է սուրիական ճգնաժամի պարունակին մէջ ռուս-թրքական յարաբերութիւններուն: Թրքական ընդդիմադիր «cumhuriyet» թերթը, յղում ընելով յիշեալ պարբերականին, կը գրէ, որ յօդուածին մէջ կը խօսուի նաեւ այն մասին, թէ Թուրքիան արդէն 2 օրէ կը ռմբակոծէ Սուրիոյ քրտական ուժերուն դիրքերը:
Ըստ ermenihaber.am –ի՝ յօդուածին մէջ կը նշուի, որ Սուրիոյ մէջ այժմ այնպիսի իրավիճակ է, երբ եկած է Արեւելք-արեւմուտք հաշիւներ մաքրելու ժամանակը: Կ՛ընդգծուի, որ թէեւ բոլոր կողմերուն նպատակը «Իսլամական պետութիւն» (ԻՊ) ահաբեկչական կազմակերպութեան դէմ պայքարն է, այնուամենայնիւ ատոր հետ մէկտեղ պէտք չէ թոյլ տալ, որ Սուրիան մասնատուի:
Թրքական ուժերուն կողմէ Սուրիոյ քրտական ուժերուն դէմ իրականացուող հրետակոծութիւններու մասին պարբերականը կը գրէ, որ Անգարան շատ վճռական տրամադրուած է այդ հարցով, որովհետեւ շատ լաւ կը հասկնայ, որ Ռուսիոյ օժանդակութեան տակ գտնուող Սուրիոյ քիւրտերը կը ցանկան սեփական փոքր պետութիւնը ստեղծել:
Իբրեւ Սուրիոյ մէջ ռուս-թրքական շահերու բախման ամենաթէժ կէտ կը նշուի Հալէպը: Այստեղ, ըստ յօդուածին, Ռուսիան եւ Թուրքիան առճակատման կրնան երթալ: Ատոր կրնան նպաստել ռուսական օդանաւային հարուածները, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ եւ Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան (ԻԻՀ) աջակցութիւնը Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի վարչակարգին:
«Ռուսիան եւ Թուրքիան բախումի ճանապարհին են: Ռուսիան երբեք չ՛ընդունիր օտար զինուորներու ներխուժումը Սուրիոյ հիւսիս: Թուրքիոյ սահմանային կռիւները պատճառ կը դառնան, որպէսզի Սուրիոյ քիւրտերը շուտով հրահրիչ յարձակումներու դիմեն: Իր հերթին Թուրքիան ալ ՆԱԹՕ-ի օգնութեան կը դիմէ: Եւ այդ իրավիճակին մէջ արդէն Ռուսիան եւ ՆԱԹՕ-ն դուրս կու գան դէմ առ դէմ»:
Անդրադառնալով Թուրքիոյ մէջ ահաբեկչական համարուող «Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան» (ՔԲԿ-PKK)-ը` անգլիական պարբերականը կ՛ընդգծէ, որ թրքական իշխանութիւնները, քիւրտ զինեալներու դէմ ուժ կիրառելով, միեւնոյն է, չեն կրնար կարգաւորել խնդիրը:
ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com