Սփիւռքագիտութեան, Սփիւռքի Հայագիտական Կեդրոններուն Առնչուող Հարցերուն Վերաբերեալ Սեմինար

16 փետրուար 2016

Փետրուար 8-ին ՀՀ ԳԱԱ Հ. Աճառեանի անուան լեզուի ուսումնարանին մէջ տեղի ունեցած է սեմինար, որուն ընթացքին քննարկուած են սփիւռքագիտութեան, Սփիւռքի հայագիտական կեդրոններուն, Արեւմտեան Հայաստանի հայերէնի գոյատեւման առնչուող հարցեր:

Բանախօսները եղած են հայոց լեզուի պատմութեան բաժինի վարիչ Գայիանէ Մխիթարեանը, արեւմտահայերէնի բաժինի աւագ գիտաշխատող Սուսաննա Տիոյեանը եւ բարբառագիտութեան բաժինի աւագ գիտաշխատող Հայկանոյշ Մեսրոպեանը: Այս մասին կը հաղորդէ ՀՀ ԳԱԱ Հ. Աճառեանի անուան լեզուի ուսումնարանի գիտաշխատող Գարիկ Մկրտչեանը։

Սուսաննա Տիոյեանի զեկուցումը վերաբերած էր վերջերս ՀՀ Սփիւռքի նախարարութեան մէջ կայացած աշխատաժողովի ընթացքին իռլանտական Diaspora Matters կազմակերպութեան գլխաւոր գործադիր տնօրէն Քինկսլի Այքինսի կարդացած դասախօսութեան` նուիրուած Սփիւռքի առանձնայատկութիւններուն (տարբեր ժողովուրդներու պարագային), ներկայիս աշխարհի մէջ մեծ տարածում ունեցող այդ իրողութեան ձեւաւորման ու փոխակերպումներու պատմութեան, հայրենիքի հետ Սփիւռքի կապին, դերին ու ներուժին:

Լեզուի ուսումնարանի գիտաշխատողներուն փոխանցելով Քինկսլի Այքինսի դասախօսութենէն ստացած իր տպաւորութիւնները` Ս. Տիոյեանը որոշ մանրամասներ ներկայացուցած է իռլանտացի սփիւռքագէտի հետազօտութիւններէն:
Անդրադառնալով Սփիւռքի հայագիտական կեդրոններու գործունէութեան`  Գ. Մխիթարեանը ներկայացուցած է անոնց կազմակերպական ու կառուցուածքային առանձնայատկութիւնները, ստեղծման հիմքերը, հաստատութիւններուն առջեւ ծառացած խնդիրները, ինչպէս նաեւ անոնց հետ համագործակցութեան հնարաւորութիւնները:

Բանախօսի մատուցմամբ` Սփիւռքի հայագիտական կեդրոնները, գիտահետազօտական ու կրթական հաստատութիւնները ծաւալուն գործունէութիւն կ՝իրականացնեն հայապահպանութեան, հայոց լեզուն ու գրականութիւնը, հայ ժողովուրդի պատմութիւնն ու մշակոյթը պահպանելու ու տարածելու ուղղութիւններով, հանդէս կու գան հայանպաստ ձեռնարկներով:

Ներկայիս աշխարհի տարբեր երկիրներու մէջ կան ինը տասնեակէն աւելի նման կառոյցներ, որոնց մէկ մասը հայագիտական ինքնուրոյն կեդրոններ են, իսկ միւսները կը գործեն այլ հաստատութիւններու (ինչպէս հայկական, այնպէս ալ օտար) կազմի մէջ:

Հ. Մեսրոպեան տեղեկութիւններ հաղորդած է Թուրքիոյ մէջ հայերէնի վիճակի եւ հայոց լեզուի ուսուցման խնդիրներուն վերաբերեալ: Ան փաստած է, որ Արեւմտեան Հայաստանի մէջ կը շարունակեն ապրիլ հազարաւոր հայեր, որոնք, թէեւ կորսնցուցած են մայրենին ու դաւանափոխ եղած, սակայն պահպանած են իրենց ազգային ինքնագիտակցութիւնը եւ հնարաւորութեան պարագային աստիճանաբար կրնան վերադառնալ իրենց բնիկ էութեան, արմատներուն: Նշուած է նաեւ, որ որոշ տարածքներու մէջ այս կամ այն չափով ու եղանակով հայերէնը այնուամենայնիւ դեռ կը գործառէ:

Բանախօսները պատասխանած են ունկնդիրներուն հետաքրքրող հարցերուն, ծաւալած է մտքերու փոխանակում ու քննարկում:

ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail