1988 Թուականի աղետալի երկրաշարժէն տասնեակ ամիսներ ետք, թափ ստացած էր շինարարական աշխատանքներ նախկին խորհրդային միութեան պատկանող տարբեր երկիրներու կողմէ, այդ աշխատանքները շարունակուեցան մինչեւ Հայաստանի Անկախութեան հռչակումը, անկախութեան հռչակումէն ետք սակայն պատահեցաւ չնախատեսուածը. Մտաւորականութիւնն եւ վերին իշխանական խաւը որը ժառանգուած էր բնականաբար խորհրդային վերնախաւի պաշտօնեաներով առաւ այնպիսի որոշում որ մինչեւ օրս չենք կրնար մարսել, այն բոլոր շինարարական կազմակերպութիւնները ովքեր ստանձնած էին շէնքեր կառուցելու պարտականութիւնը, իրենց ամեն սարքաւորումները թողելով հեռացան երկրէն, քանզի վերոնշեալ անձինք ըսին «մենք մեր ձեռքերով ենք կառուցելու մեր քաղաքը, քնացէք՝» սա մեծամտութիւն չէ՞
Երկրաշարժէն արդէն անցած է 28 տարի, եւ քաղաքին մէջ տակաւին կապրին 3000 ընտանիք մետաղեայ տնակներու մէջ․․․
Արցախեան ազատամարտի սկիզբ, ապա արդէն պատերազմ, եւ յաղթանակ, շնորհիւ ազնիւ յանդուգն եւ Հայրենասէր Հայորդիներու, Արցախի անկախութեան նպաստած եւ բազում տարբեր երկիրներու մէջ քաղաքական փորձառութիւն ձեռք բերած Հ․Յ․Դ․ կուսակցութիւնը ուզեց մուտք գործել քաղաքական դաշտ որը իր իսկ ձեռքով ստիպողաբար զիջած էր Հայ բոլշեւիկներուն 70 տարի առաջ, նոյն վերոնշեալ խաւը այս անգամ այսպէս արձագանգեց սփիւռքի կուսակցութիւնը չի հասկնար մեր ներքին կանոններէն հետեւաբար իրաւունք չունի մեզ ղեկավարէ․ Սա մեծամտութիւն չէ՞
այսօր ունինք ինչ ունինք․․․
Եւ վերջապէս վերջին զարգացումները Հ․Հ․Կ․ եւ Հ․Յ․Դ․ միջեւ․
Այս ինչքան՞ մեծ հետաքրքրութիւն այս ինչքան՞ մելան, թոյն եւ մաղձ կը թափուի Հ․Յ․Դ․-ի գլխին, ոչ տպագիր մամուլ մնաց ոչ ելեկտրոնային, ոչ լսողական եւ ոչ տեսողական, ամեն այդ միջոցները զբաղուած են Հ․Հ․Կ․ եւ Հ․Յ․Դ․ գալիք դաշինքը մեկնաբանելու, եւ առաւելաբար քննադատելու Հ․Յ․Դ կուսակցութիւնը․
25 տարուայ մէջ ոչ մի անգամ երկրին ղեկը չստանձնած Հ․Յ․Դ կը քննադատուի իր չկատարածներուն համար, բայց միթէ այսօրուայ քննադատողները իրենք չէին անցեալին ըսողը թէ մեր ներքին գործերուն խառնուելու իրաւունք չունի․
Սիրելի վերնախաւ, սիրելի ժողովուրդ երբ երիտասարդէ մը բան մը կը պահանջես նուազագոյնը նուն իրեն պէտք է տուած ըլլայիր որոշ գետելիք, որոշ դաստիարակութիւն ժամանակին, որպէսզի երիտասարդը իր հերթին կարենայ քեզ վերադարձնել բազմապատկուած․
Ունէք պահանջներ որ արդար են, սակայն ինչու կը պահանջէք Հ․Յ․Դ կուսակցութիւնէն, պահանջէք այն կուսակցութիւններէն կամ անհատներէն որոնց քուէ տուած էք․․․
Ընտրութեան ժամանակ կը զլանաք ձայն տալ ըսելով արկածախնդիր կուսակցութիւն է, ետքը կը մեղադրէք որ արկածախնդրութիւն չի ընէր․․․
քննադատութիւնը շատ շինիչ է երբ տեղին է հակառակ դէպքում ան բարոյականութիւն է․․․
բարեւս տուի անցայ գնացի
Zareh Yahniyan
https://www.facebook.com/zareh.yahniyan?fref=nf