Թրքական Համայնքին Մասին Ահազանգային Ուսումնասիրութիւն մը Ֆրանսայի Մէջ

19 փետրուար 2016

Ֆրանսական INSEE եւ Ժողովրդագրական ուսումնասիրութեանց ազգային հիմնարկները հրապարակած են 2008-2009-էն սկսած եւ Ֆրանսայի զանազան բնակչութիւնները ուսումնասիրող իրենց աշխատանքներուն զեկոյցը:

Մեկնելով նշեալ փատաթուղթէն, թրքական «Zaman France» թերթը կը կատարէ հետեւութիւններ, որոնք բաւական ծանրակշիռ են Ֆրանսայի թրքական համայնքին համար:

Արդէն այս մասին լրատւութեան խորագիրն ալ ինքնին բաւական խօսուն է՝ «Բանուորի զաւակ, պահպանողական, անպայման իր շրջապատէն մէկու մը հետ ամուսնացող, ուսման մէջ ձախողած. Ֆրանսացի Թուրքին պատկերը»: Այս մասին կը յայտնէ Ֆրանսայի «Նոր Յառաջ»-ը:

Բաւական ահազանգային ոճով գրի առնուած տողերուն սկիզբը կ՚ըսուի. «Որպէս հետեւանք դպրոցական իրենց ձախողութեան, Ֆրանսացի Թուրքերը կը բազմապատկեն զիրենք ֆրանսական ընկերութենէն դուրս մղող ազդակները… դպրոցներու մէջ աղէտալի վիճակ կը պարզեն, կը հաստատեն մրցանիշներ այլ բնագաւառներու՝ ինչպէս գործազրկութեան, քաղաքական կեանքին նկատմամբ անտարբերութեան, հայրենասիրութեան (Ֆրանսայի նկատմամբ, բացասական) եւ կրօնական պահպանողականութեան մէջ»:

Այս առթիւ կ՚ըսուի, թէ Ֆրանսա ապրող Թուրքերու եւ Ֆրանքեւթուրքերու թիւը 275.000 է: Այս թիւը շատ աւելի նուազ է, քան այն ինչ որ Ֆրանսայի թրքական հիւպատոսութիւններուն կողմէ յայտարարուած է՝ 611.515:

Նոյն զեկոյցէն կ՚իմանանք, որ Ֆրանքեւթուրքերը նախակրթարանի դասարաններու կրկնութեան մրցանիշին տէր են 44%-ով: Ատիկա կը բացատրուի յատկապէս այդ երախաներուն ծնողներուն մեծ մասին դպրոց չյաճախած կամ չաւարտած ըլլալու հանգամանքով:

Ինչ կը վերաբերի գործազրկութեան, Ֆրանքեւթուրքերու 19%ը գործազուրկ է: Իսկ անոնց միջեւ՝ կիներու 26 տոկոսի հասնող գործազրկութիւնը ամենէն բարձր ցուցանիշը կը կազմէ Ֆրանսայի մէջ գաղթականներու համայքներուն միջեւ:

«Դուք ձեզ Ֆրանսացի կը համարէ՞ք» հարցումին՝ Ֆրանքեւթուրքերու կողմէ տրուած դրական պատասխանի տոկոսն ալ ամենէն ցածն է բաղդատմամբ Ֆրանքեւմաղրէպցիներուն եւ կամ՝ Ֆրանքեւասիացիներուն: Արդարեւ, Ֆրանքեւթուրքերու միայն 42%-ը դրական պատասխանած է այդ հարցումին, մինչ 47%-ը ըսած է թէ ինքզինք Թուրք կը զգայ: Իսկ անոնց 85%-ը կը հաստատէ, թէ մահմետական է: Անոնք նաեւ տէր են իրենք իրենց միջեւ ամուսնանալու մրցանիշին:

Անոնք կը կազմեն այն համայնքը, որուն անդամները ամենէն աւելի կառչած կը մնան իրենց լեզուին եւ մշակոյթին. այսպէս՝ որպէս ժամանց կ՚ունկնդրեն գրեթէ բացառաբար թրքական երաժշտութիւն եւ կը հետեւին թրքական հեռատեսիլի թերթօններուն: Ֆրանքեւթուրքերը նաեւ հայրենակցական կամ կրօնական ընկերակցութիւններու մէջ ամենէն մեծ թիւով (52%) ընդգրկուածներն են:

Ժողովրդագրութեան մասնագէտ Միշէլ Թրիպալա դեռ 1995-ին այս մասին կատարած էր վճռական այն հաստատումը, թէ՝ «Ֆրանսայի մէջ գաղթականներու ոչ մէկ համայնք այսքան յստակ եւ յարատեւ կերպով իր ինքնութեան վրայ կծկուած է, քան՝ Թուրքիայէն եկածներուն կազմածը»:

ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail