Խմբագրական ԻՄԱՑԻԱԼ ԿԵԱՆՔԻ ՈՒՂԻՆ ԱՆՄԵՌ Է «Ազատ Խօսք»

Yeran KOUYOUMJIAN
ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ

Աւելի քան 1500 տարի է որ Վարդանանց սխրանքը կ’իմաստաւորենք ու կ’արժեւորենք, զայն կ’առնչենք նորօրեայ հայ կեանքին, նոր դասեր կը փորձենք քաղել անկէ, քանզի կը հաւատանք որ անոր պատգամը՝ Աւարայրի պատգամը, անմեռ է բոլոր ժամանակներուն համար ալ: «Մահ իմացեալ անմահութիւն է» խորիմաստ խօսքը դարձեր է լոզունգ, յանկերգ, որուն խորագոյն իմաստը քիչ անգամ կը քննարկենք….

Խորունկ մտածող, խոհագիր Կոստան Զարեան դիպուկ խօսքերով կը հաստատագրէ. «Եթէ չենք անհետացել….որովհետեւ վտանգի ժամերին մենք վերագտել ենք մեր իսկութիւնը, մեր միութիւնը, մեր հոգեկան դէմքը….»: Հինգերորդ դարուն, այդ հոգեկան դէմքը, ազգային-հոգեւոր դէմքը, կերտուեր էր մասնաւորաբար քրիստոնէութեան պետական կրօնք հռչակումով եւ տարածումով, հայ գիրերու գիւտով, հայ մշակոյթի Ոսկեդարով, որոնք միասնաբար ազգային ինքնագիտակցութեան նոր զարթօնք մը յառաջ բերած էին Հայաստան աշխարհին: Ոգեկան անկախութեան մը հիմքերը դրած էին: Ոգեկան անկախութեան կամ ինքնուրոյնութեան իմացութեան կամ գաղափարախօսութեան: Այս խորապատկերին վրայ, աւելի ըմբռնելի կը դառնայ Վարդանանց վճռակամութիւնը՝ քաջաբար կռուելու եւ, ի պահանջել հարկին, իմացեալ մահով նահատակուելու ի պաշտպանութիւն հայօրէն ապրելու մեր սրբազան իրաւունքին՝ լեզուի, հաւատքի եւ հայրենիքի: Պերճախօս էր Վարդանանց տուած պատասխանը՝ Յազկերտին, որ կը հրահանգէր հայերուն ընդունիլ մոգերու կրօնքը. «….Այս հաւատքէն ոչ ոք կրնայ զմեզ խախտել, ո՛չ հրեշտակները, ո՛չ մարդիկ, ո՛չ հուր, ո՛չ սուր եւ ո՛չ որեւէ դառն տանջանք…»:

Ինչպէս յայտնի է, Աւարայրի դաշտին վրայ, հերոսաբար կռուեցան հայոց սպարապետ Վարդանն ու իր սրբազան ուխտին հաւատարիմ նախարարները, հայոց հոգեւորականներն ու ազատները, հայ ոստանիկն ու շինականը, աշխարհազօրը՝ մէկ սիրտ, մէկ հոգի, պաշտպանելու համար իրենց հաւատքն ու ազգային ինքնութիւնը մազդեզանց բռնութեան դէմ: Պարսիկներու անհամար զօրքին եւ ռազմական փիղերուն դէմ՝ հայ փոքրաքանակ զօրքը կռուեցաւ մինչեւ իր վերջին շունչը, նահատակուեցան շատեր, իսկ ողջ մնացողները ամրացան բերդերու եւ անտառներու մէջ եւ դիմացան: Թշնամին տեսաւ եւ համոզուեցաւ , որ հայը կը մեռնի, կը նահատակուի, սակայն հաւատարիմ կը մնայ իր ազգային ինքնութեան: Իր հաւատքին: Իր խղճի ազատութեան:

Մէկ օր տեւող Աւարայրի ճակատամարտը այնքան մեծ խորհուրդ ու իմաստ կը խտացնէ իր մէջ: Արդարեւ, ոգեկան եւ հոգեկան այդ ազատութեամբ է որ մեր ժողովուրդը կրցաւ տոկալ դարերու արհաւիրքներուն, պետականազուրկ կեանքին եւ անաղարտ պահել իր հայեցիութիւնը: Սա գուցէ խորթ հնչէ Մաքիավէլեան քաղաքական մտայնութեան, որ իրաւունք պիտի տար Վասակին, ուրանալու հաւատք կամ ինքնութիւն յանուն պետականութեան պաշտպանութեան: Բայց ի՞նչ արժէք կրնայ ունենալ որեւէ պետութիւն, եթէ անիկա զուրկ է իր ազգային նկարագրէն եւ ազգային էութենէն: Պետութիւն պետութեա՞ն սիրոյն եւ ինքնանպատա՞կ….

Մեծ գաղափարները միշտ ալ մեծ զոհեր կը պահանջեն, ըսուած է վաղուց: Իսկ կա՞յ աւելի մեծ գաղափար, քան ազգի ու երկրի ազատ, ինքնուրոյն գոյութաձեւը:

Վարդանանքն ու Աւարայրը դարձան ուղեցոյց փարոս հայոց պատմութեան յետագայ երթին: Դիպուկ են մեծ բանաստեղծ Յովհաննէս Թումանեանի տողերը. « Ոչ մի բռնակալ, ոչ մի բարբարոս երբեք չի կարողացել նուաճել ու ընկճել հայկական ցեղի էդ հզօր յատկութիւնը: Ամէն անգամ, ամէն մի բռնակալի հայ ժողովուրդը կարող է կրկնել Վարդանանց խօսքը, թէ՝ դու կարող ես հայի մարմինը տանջել, բայց նրա հոգու հետ ի՞նչ ես անելու…»:

Վարդանանց ոգին, վճռակամութիւնը, տեսլականը դարձեր են ներշնչարան մեր պատմութեան դժուարին ու վճռորոշ պահերուն: Վկայ՝ ազգային-ազատագրական մեր հերոսամարտերը, Սարդարապատը, 65-ի հզօր երթը Երեւանի փողոցներուն մէջ՝ «Մեր հողերը» պահանջատիրութեամբ, 88-ի միլիոնանոց հրեղէն ժայթքումը, Արցախեան սխրանքը, հայոց բանակի կազմաւորումը եւ ազգային լինելութեան գոյամարտը՝ այսօր: Մեր բնաշխարհի աննպաստ պայմանները միշտ ալ ստիպեր են որ այդ ոգին, Վարդանանց ոգին, հայու ոգին ըլլայ մշտարթուն, որ ան յարատեւօրէն մաքառի ու պայքարի, ստեղծագործէ ալ, ի հեճուկս մեր պատմական ճակատագրի անդադրում հարուածներուն…: Այդ ոգիով զինուած, մեր ժողովուրդը կրցեր է նոյնիսկ տոկալ ցեղասպանութեան հայաջինջ ու մահաբեր հարուածին եւ կրցեր է հասնիլ մեր օրերը՝ իր ուրոյն դէմքով ու մշակոյթով…:

Ներկայիս, վերանկախացած Հայաստանի Հանրապետութեան եւ ընդհանրապէս համայն հայութեան գլխուն վրայ, ուրուականի պէս կը սաւառնի «արեւմտեան դեմոկրատիա» կոչուած, արտաքին տեսքով շատ մարդասէր, բարեացակամ, մարդկային իրաւունքներու ջերմ պաշտպան, բայց խորքին մէջ էապէս նիւթապաշտ, ազատ շուկայի տնօրինած «արժէք»ներով սնող սպառողական հասարակարզ, որ ազգային ու մարդկային այլասերման ահաւոր վտանգներով է յղի, մանաւանդ երբ ան զինուած է նաեւ ժամանակակից արհեստագիտութեան ընձեռած արագընթաց նուաճում-հրաշալիքներով, որոնք կը փոքրացնեն մեր երկրագունդը՝ հաղորդակցութեան աւելի ու աւելի արագացող միջոցներով….զայն կը դարձնեն աւելի կառավարելի՝ շահամոլ եւ իշխանամոլ ուժերու կողմէ: «Դեմոկրատիա» եզրոյթի շրթնային հոլովումին հետ միատեղ, աշխարհը տակաւ կը դառնայ առաւել համահարթեցուած, առաւել ամբողջատիրական, մարդկային մտայնութեան, բարքերու, կենցաղի ամբողջական այլափոխումով….մարդկութեան ստրկացման նոր սպառնալիքով:

Այս ահեղ յորձանուտին մէջ, ո՞ւր ենք մենք ազգովին, որպէս հայութիւն եւ հայոց երկիր: Պիտի կարենա՞նք ազգային ու մարդկային ինքնագիտակցութեան, իմացութեան, ոգիի նոր որակ նուաճել, թէ՞ անձնատուր պիտի ըլլանք հայակուլ հոսանքին….Պիտի կարենա՞նք իմացեալ կեանքով ապրիլ, մշտարթուն պահել մեր մէջ Վարդանանց ոգին, որ էապէս պայքարի առկայծ ոգին է, կրաւորականութենէն ու համակերպողականութենէն դէպի մաքառում, հանգամանքներու վրայ ներազդելու հաւաքական կամք եւ կորով, ապաւինողական մտայնութենէն ու վարքագիծէն դէպի սեփական հաւաքական ուժերուն ապաւինելու իմաստութիւն, դասալքութեան եւ քաղքենիացման լճացումէն դէպի ազգային ինքնութեան, անանց արժէքներուն հաւատարիմ մնալու, զանոնք վերանորոգ աւիշով կենսաւորելու ոգի, վճռակամութիւն, յանձնառութիւն: Այս բոլորը՝ հաւաքական կամքով, միահամուռ ճիգերով, մէկ սիրտ եւ մէկ հոգի՝ Հայաստան, Արցախ, Սփիւռք:

Դարերու խորքէն, Վարդանանք կը պատգամեն ամուր պահել ՈԳԻՆ, քանզի էականը միշտ ալ ՈԳԻՆ է, եւ յայտնի ճշմարտութիւն է որ ազգեր չեն մեռնիր, այլ անձնասպան կ’ըլլան, եթէ կորսնցնեն ապրելու, արարելու, մաքառելու եւ պայքարելու ոգին, կամքը, հաւատքը, յանձնառութիւնը:
«Մահ իմացեալ անմահութիւն է» պատգամը էապէս կը բխի իմացեալ կեանքով ապրելու եւ, ի պահանջել հարկին, մեռնելու հրամայականէն: Իսկ իմացեալ կեանքի ուղին ազգային-մարդկային ինքնաճանաչման, հոգեւոր-բարոյական արժէքներով ապրելու գաղափարապաշտ ուղին է, դարերու խորքէն եկած աննկուն ոգիով ամրապինդ, որով զինուած էին Վարդանանք եւ մեր բոլոր հերոսները, որով զինուած է նոյնիսկ ամէնէն խոնարհ, շարքային հայ մարը՝ երէկ եւ այսօր, եթէ չէ դաւաճանած Վարդանին եւ զայն կը կրէ իր հոգւոյն եւ ոգիին մէջ….

Այսօր, առաւել քան երբե՛ք, մենք ազգովին էական, կենսական կարիքը ունինք նոր Վարդաններու, որ մշտարծարծ պահեն ոգին Հայկեան, այլեւ ազգային նոր զարթօնք մը ընծայեն հայոց երկրին ու ժողովուրդին….

ԵՐԱՆ ԳՈՒՅՈՒՄՃԵԱՆ

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail