21 փետրուար 2016
Իսրայէլի նախկին արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպերման մեղադրուած է Ատրպէյճանէն նուէրներ ստանալուն մէջ:
Փետրուար 17-ին Իսրայէլի խորհրդարանին` Քնեսեթի մէջ,«Օտարերկրեայ գործակալներու մասին» օրինագիծի քննարկման ժամանակ «Մերեց» կուսակցութեան նախագահ Զեհաւա Կալիոնը մեղադրած է Իսրայէլի արտաքին գործոց նախկին նախարար Աւիկտոր Լիպերմանը եւ անոր «Իսրայէլ` մեր տուն» աջակողմեան կուսակցութիւնը «Ատրպէյճանի կառավարութեան գործակալ ըլլալու» եւ այդ երկրի նախագահ Իլհամ Ալիեւէն փող ստանալու մէջ` հակահայկական լոպպինկ իրականացնելու նպատակով, կը գրէ «Սիվիլնեթ»-ը՝ վկայակոչելով իսրայէլական Haaretz կայքը:
Քննարկման մասին Զեհաւա Կալիոն ֆէյսպուքի իր էջին մէջ գրած է.
«Քնեսեթփը քուէարկած է օտարերկրեայ գործակալներու օրինագիծի օգտին, որ առաջարկած էր Ռոպերթ Իլաթովը ու«Իսրայէլ` մեր տուն» (ԻՄՏ) խմբակցութիւնը: Ատիկա ոչ առեւտրային կազմակերպութիւններու մասին օրէնքի ամենավատ տարբերակն է, որ կը պիտակաւորէ օտարերկրեայ պետութիւններէն ֆինանսաւորուող ձախակողմեան կազմակերպութիւնները:
Դուք կրնաք գուշակել, թէ ինչ կը կարծեմ այդ նախաձեռնութեան մասին, սակայն եթէ Իլաթովը որոշած է օրինագիծը անուանել «Օտարերկրեայ գործակալներու մասին օրէնք», եկէք խօսինք իսկական օտրարերկրեայ գործակալներու մասին:
«Երկար տարիներ ԻՄՏ կուսակցութիւնը նուէրներ կը ստանայ Ատրպէյճանի կառավարութենէն` երկրէ մը, ուր արդէն 13 տարիէ ազատ ընտրութիւններ տեղի չեն ունեցած: Ատոր դիմաց կուսակցութեան անդամները առաջ կը տանին Ատրպէյճանի շահերը Իսրայէլի մէջ: Ահա ատրպէյճանական վարչակարգի եւ Աւիկտոր Լիպերմանի ու անոր կուսակիցներու սերտ կաշառակեր յարաբերութիւններու քանի մը օրինակ:
«Երկու տարի առաջ «Իսրայէլ-Ատրպէյճան միջազգային ընկերակցութիւն»-ը կազմակերպած էր համաժողով Ատրպէյճանի անկախութեան 22-ամեակի առթիւ: Գլխաւոր բանախօսը արտաքին գործոց նախարար Աւիկտոր Լիպերմանն էր:
Համաժողովը կը ֆինանսաւորուէր Ատրպէյճանի պետական քարիւղի եւ կազի ընկերութիւնը (SOCAR), որուն, Լիպերմանի առաջարկով, տրուած է Իսրայէլի ափերուն քարիւղ եւ կազ արդիւնահանելու իրաւունք:
Ես ստուգել եմ` ով է կանգնած այդ ասոցիացիայի հետեւում, եւ պարզուել է, որ այն ֆինանսաւորում է Ադրբեջանի կառավարութիւնը: Կազմակերպութիւնը գլխաւորում են Իմպ-ի առաջնորդները:
«Քարիւղի եւ կազի արդիւնահանման հարցով Լիպերմանի շռայլ օգնութիւնը Ատրպէյճանի կառավարութեան միայն մէկ օրինակ է: Պարսաւանքի արժանի մէկ այլ օրինակ է Լիպերմանի անխոնջ գործունէութիւնը` Իսրայէլի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումը կանխելու ուղղութեամբ: Ատրպէյճանի համար ատիկա կարեւոր է Հայաստանի հետ ունեցած տարածքային վէճի ծիրէն ներս»:
Ինչպէս կը գրէ իսրայէլցի պատգամաւորը, այս օրինակները «սառցալերան գագաթն են», սակայն բաւարար են հետաքննութիւն սկսելու համար, եւ այդ հարցով Կալիոնը արդէն դիմած է կառավարութեան իրաւական խորհրդատուին:
ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com/?p=100524