Սուրիական Բանակը Կը Մտնէ Հալեպի Արեւելեան Գիւղերուն Մէջ Գտնուող Մեծագոյն Ելեկտրակայանը

21 փետրուար 2016

«Շաամ Թայմզ» կը հաղորդէ, որ սուրիական բանակը իր հակակշռին տակ առած է Հալէպի արեւելեան գիւղերուն մէջ գտնուող ցորենի շտեմարանները, Պլաթ գիւղը եւ ժամեր առաջ յաջողած է ետ մղել ահաբեկչական խմբաւորումներն ու մուտք գործել Հալէպի արեւելեան գիւղերուն մէջ գտնուող ելեկտրակայանը։

Այս ելեկտրակայանը կը համարուի Սուրիոյ մեծագոյն ելեկտրակայանը, որ շուրջ մէկ ու կէս տարիէ ի վեր կանոնաւոր ձեւով չէր բաներ ՏԱՀԷՇ- ին կողմէ գրաւուած ըլլալուն բերումով։

Քուէրէս զինուորական օդակայանի ազատագրումէն ետք, այս յառաջընթացը սուրիական բանակի ռազմավարական երկրորդ կարեւոր ձեռբերումը կը համարուի Հալէպի արեւելեան գիւղերուն մէջ, կը գրէ «Գանձասար»-ը։

ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail