19 փետրուար 2016
Քրեմլին յայտարարեց, որ Հալէպի շրջանին վերեւ թռիչքներու արգիլեալ գօտիի հաստատումը պիտի չնպաստէ ահաբեկչութեան դէմ պայքարին` նշելով.
«Նշեալ շրջանին մէջ զինեալներուն դէմ տեղի կ՛ունենան ապահովական գործողութիւններ, ուստի այդպիսի թռիչքներու արգելքի մը հաստատումը պիտի չնպաստէ ահաբեկչութեան դէմ մեր պայքարի ազդուութեան աճեցման»:
Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր կարգին զգուշացուց, որ Սուրիա որեւէ ներխուժում կը նշանակէ խաղաղութեան հոլովոյթին ձախողումը:
ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com