Խմբագրական. Ռազմական Եւ Քաղաքացիական Մտածողութիւններու Համատեղումով (Արցախեան Ազատամարտի 28-Ամեակ)

WE ARE OUR MOUNTAINS Yesterday, today, forever, and always

20 փետրուար 2016

Արցախեան ազատամարտի մեկնարկի նշումը այս տարի շեշտուած ձեւով անպայման կը կապուի հայկական երկու հանրապետութիւններու հիմնադրութեան 25-ամեակի յոբելենական տարուան հետ: Պարզ է, որ արցախեան ազատամարտով սկսաւ Հայաստանի Հանրապետութեան անկախութիւնը, որուն հետ սերտօրէն առնչուած է նաեւ Արցախի Հանրապետութեան հիմնադրութիւնը:

Երեւոյթները անքակտելիօրէն փոխկապակցուած են եւ առանց ազատամարտին չէին կայանար ո՛չ առաջինը եւ ո՛չ ալ երկրորդը: Ազատամարտը յանգեցաւ ազատագրումի, եւ ազատամարտիկներու հրաշալի փաղանգները, կամաւորական ջոկատներն ու ինքնապաշտպանական խումբերը` կանոնաւոր բանակներու: Այդ կանոնաւոր բանակները, որոնք ստանձնած են այսօր երկու հանրապետութիւններու գոյութեան գլխաւոր երաշխաւորի հանգամանքները:

Անոնք ամէնէն մարտունակն են տարածաշրջանին մէջ, ամէնէն անպարտելին եւ ռազմարուեստի համաշխարհային ժամանակակից պատմութեան մէջ ուշադրութիւն գրաւողները:

Փետրուարեան արցախեան ապստամբութիւնն էր ուրեմն մեկնակէտը այս բոլորին: Այս ելակէտէն ալ մեկնելով անհրաժեշտ է խորհրդածել միաժամանակ Արցախի մէջ ռազմական եւ քաղաքացիական մտածողութիւններու ներդաշնակ համատեղումով ստեղծուած այսօրուան պետական եւ հասարակական դաշտերուն մասին: Ներարցախեան դրական այս կայունութեան հաւանաբար ակամայ նպաստած են հակառակորդին կողմէ անվերջ կատարուող ոտնձգութիւնները, յարձակողապաշտ դրսեւորումները, կիսապատերազմական իրավիճակը մնայուն դարձնելու ճիգերը:

Այս կարեւոր փիլիսոփայական, հոգեբանական եւ ընդհանրապէս ռազմաքաղաքացիական համատեղումի գործընթացին ակունքները եւս կ՛երթան արցախեան փետրուարեան ժամանակահատուածին, այնտեղէն ստանալու համար հայրենիքի տարածքները միաւորելու համար ամէնէն յանդուգն եւ ամէնէն համարձակ գործողութիւններուն ձեռնարկելու արցախահայութեան կամքին ներշնչումները:

Քաղաքագիտական սկզբունքներու մէջ յաճախ այս երկու յղացքներուն միջեւ տարանջատում կը բերուի նոյնիսկ օրինական ամրագրումներով: Ճիշդ է, որ զինուորական կարգապահութիւնը, հրահանգ կատարելու անքննարկելիութիւնը եւ ժողովրդավար հասարակարգերու մէջ կիրարկուող տարբեր գործընթացները հակոտնեայ երեւոյթներ եւ հասկացողութիւններ են:

Այս պարագային սակայն, երբ ժողովուրդը վերածուած է բանակի եւ այդ մէկութեան վրայ գոյացած են նախ ժողովրդային ինքնապաշտպանական մարտերու համար ստեղծուած ջոկատներ, գումարտակներ, որոնք վերածուած են կանոնաւոր բանակի` անցումը կատարուած է շատ հեզասահ, որոշ դժուարութիւններով հանդերձ գիտակցուած եւ հետեւաբար` բացառապէս գաղափարական:

Ամբողջ Արցախի ռազմաքաղաքացիացումը, եթէ կարելի է նման եզրով բնորոշել երկու դաշտերու մտածողութեան  գիտակցական համատեղումը, հիմնական առանցքն է հայկական կողմի անպարտելիութեան բացատրութեան: Արցախը ընդդէմ Ազրպէյճանի եւ զայն հովանաւորող Թուրքիոյ եւ գումարած քարիւղի արդիւնաբերութեամբ ամբարուած վիթխարի զինուժի, յաղթական դուրս կու գար իրեն դէմ պարտադրուած պատերազմէն եւ կ՛ինքնորոշուէր:

Եւ այնքան գիտակցական եղած է մտածողութիւններու մէկութիւնը, որ չէ հատած քաղաքական կեանքը ժողովրդավարացնելու համար գծուած սահմանները: Միջազգային օրէնքին համահունչ` ինքնորոշում, ժողովրդային հանրաքուէ կազմակերպելու եւ ընտրակարգ ձեւաւորելու մշակոյթ,  բազմակուսակցական քաղաքական դաշտի ստեղծում եւ յատկապէս ընտրակեղծիքներու բացառում, ահա այն ընթացքը, որ դարձեալ գիտակցական բարձր որակով Արցախի բանակի մարտունակութեան օրինակելիութեան միեւնոյն ձեւով օրինակելի դարձուց Արցախի մէջ կայացած ժողովրդավար կարգերը:

28 տարի առաջ որսորդական հրացաններով սկսած արցախեան ազատամարտին մէջ պէտք է տեսնել հայկական երկու պետութիւններու կայացման եւ ընդհանրապէս հայկական աշխարհի նորագոյն ձեռքբերումներուն ակունքները:

ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail