«Ի՞նչ Պիտի Տայ Հայաստանը Ինծի» Կամ՝ Ի՞նչ Պատահած է Մեր Ժողովուրդին

19 փետրուար 2016

Յակոբ Պալեան կը գրէ.

Ամբոխավարութեան եւ մարդորսութեան ծառայող քաղաքական այլասերած եւ այլասերող խօսքը մեզ աստիճանաբար հեռացուցած է ազգային եւ մարդկային իրաւ արժէքներէ: Մարդկային խորք եւ նուաճումներ մոռցուած են: Մրցակցութիւն եւ դիրքապաշտութիւն ինքնանպատակ դարձած են:

Այսպէս, հայ կեանքի քաղաքենիացումը աւեր կը գործէ, Հայաստան եւ սփիւռքներ, ուր անհատապաշտութիւնը իր յոռեգոյն չափանիշներուն կը հպատակի, այսինքն՝ դրամին, ժողովրդավարութիւնը նոյն այդ դրամին մականին կ’ենթարկուի, ղեկավարութիւնները դրամի յառաջացուցած «էսթէպլիշմընթ»ի դրածոներն են, որոնք կը խեղդեն ժողովրդավարութիւնը, որ ընդարմացած ըլլալով, քաղաքացիական հակազդեցութեան-անհնազանդութեան առջեւ բաց դուռ չի ձգեր: Այս ախտը համաշխարհային է:

Հարցականները մեղանչում են: Իշխանութիւնները յաւերժացման բեմ են, նոյն հունով՝ մերօրեայ աւատապետութիւն: Դրամի «կայսերապաշտութեան» ներքեւ տեղեկատոութիւնը ընդհանրապէս ծառայական բեմադրութիւն է, այսինքն կը բացակայի կարծիքի եւ քննադատութեան իրաւ ազատութիւնը:

Այս կացութեան վրայ կը գումարուի հոգեպէս քաղքենիացած, ընդհանդապէս օտարախօսութիւնը առաւելութիւն համարող մտաւորականներու փակ շրջանակ մը, որ կը կարծէ ազգ եւ հայրենիք փրկել փոխհիացման «ակումբ»ներու մէջ, արուեստակեալ եւ բեմէն վար չիջնող ճառով, ուռուցիկ կամ գաղտնագրութեամբ յատկանշբւող, որուն մէջ չկայ ժողովուրդ եւ չկայ ազգի համար ապագայակերտ տեսիլք: «Ազգային»ով զբաղիլ դարձած է բարեսէրի կեցուածք կամ փառասիրութիւն, այսինքն՝ աւատապետութեան միւս երեսը:

Այս մթնոլորտը վերնախաւէն երբ կ’իջնէ զանգուածին, կը տեսնենք որ ան ենթարկուած է հոգեկան-բարոյական փտախտի, երբ այլեւս անկարող քաղաքացիական հակազդեցութիւն-անհնազանդութիւն ցուցաբերելու, դեռ տեսնելով հանդերձ նահանջը եւ տեղատուութիւնները, հոգեկան-ոգեկան խեղճացումը, որ ժամանակ մըն ալ կրնայ տեւել բեւեռային արշալոյսներու ճառագայթներու խաղի շլացումով, «ազգային» համարուած յուզումներու խաղին մէջ:

Այս վերաբերումները, նահանջ եւ լքում են, բնականօրէն կ’առաջնորդենհայրենադարձութեան մերժումի, որ հակասութիւնն է շաբաթավերջի հայրենասիրական յուզումներու-զեղումներու, խրախճանքներու եւ ճառ-կարգախօսներու: Պէտք է կարենալ նկրտիլ եւ երբեմն իրատես ըլլալ, ոչ թէ քարոզչական կամ տպաւորելու ճապկումներով: Պէտք է լսել ոչ թէ բջիջներու պատկերներէ տեսութեան վերածուած ժողովուրդը, այլ անհատները, իրենց արտայայտութիւններով եւ ընտրանքներով:

Հալէպի հայ համայնքէն երիտասարդ մը դիմած է երէցի մը խորհուրդին, Քանատա գաղթելու մասին: Հայկական վարժարան յաճախած, արհեստաւոր, հայախօս, միութիւններու մէջ գործած եւ գործող «չօտարացած» երիտասարդ մը: Երէցը,  որուն խորհուրդին դիմած է երիտասարդը, իրեն թելադրած է Հայաստան երթալ, եւ հոն հաստատուիլ, հոն շարունակել իր կեանքը, օգտակար ըլլալ նաեւ հայրենիքին:

Պատասխան. «Հայաստանը ինչ պիտի տայ ինծի»:

Մի՞թէ չենք սորվեցուցած, որ պէտք չէ ակնկալել որ Հայրենիքը տայ, այլ մտածել՝ թէ մենք ի՛նչ կրնանք տալ հայրենիքին: Իսկ այս «տալ»ը չի սահմանափակուիր «թելեթոն»ներու խիղճ հանդարտեցնող եւ փառասիրութիւն հովահարող թմբկարումներուն մէջ: Ուրեմն, մեր զգացական աղմկարարութիւնները նմանած են ժայռի վրայ ինկող անձրեւի կաթիլի:

Ինչո՞ւ այդպէս պիտի չըլլար: «Լսող»ները վարժեցուցինք ծափահարելու, երբ բարձրախօսներէն հնչեցուցինք գովերգանք, թէ այս կամ այն շնորհալին «ֆրանսերէնը ֆրանասացիէն լաւ կը խօսի, անգլերէնը անգլըացիրէն եւ ամերիկացիէն լաւ կը խօսի, արաբերէնը արաբէն լաւ կը խօսի»: Օտարագիր հեղինակը երբ կուռքի կը վերածենք եւ քաղաքէ քաղաք կը պտտցնենք, եւ հայագիր հեղինակը կը մոռնանք մուտքի դրան ետին, պէտք չէ զարմանալ երբ ճառերու հակառակը լսուի:

Երբ հոգեկան-ոգեկան չափանիշները կը խախտին, բնական կ’ըլլայ լսել հարցումը. «Հայաստանը ի՞նչ պիտի տայ ինծի», կամ «ինչների՞ս է պէտք հայերէնը»… Լսել նաեւ հայ մամուլին մէջ արձագանգող հայրենամերձ գօտիէն Հայաստանի փոխարէն հեռաւոր աշխարհ գաղթողի խօսքը՝ թէ «դրախտը գտած է»…

Ան ո՞վ էր երգած էր… «Հայաստա՛ն, երկի՛ր դրախտավայր…» եւ այդ երիտասարդը լսած էր եւ ծափահարած:

Այս՝ ներսը եւ դուրսը: Պարոյր Սեւակի եւ Չարենցի տողերը լսած ենք, ծափահարած, բայց կ’արտագաղթենք, կը մտածենք՝ թէ «Հայաստանը ի՞նչ պիտի տայ ինծի»… Երբեմն կը յիշեմ եւ կը յիշեցնեմ Հայաստանի ուսանողուհիին խօսքը, թէ՝ «ինչներիս է պէտք հայերէնը»: Եթէ այս է պատկերը «հայ կեանք»ին, հարց պէտք տալ, թէ վերկանգնում կարելի՞ է, ո՞վ պիտի կատարէ այդ վերականգնումը,- քանի որ այդ վերականգնումը չէ եղած,- եւ ինչպէ՞ս:

Կրկնե՞նք ԻՒՆԵՍՔՕ-ի ընդհանուր տնօրէնին խօսքը. «Վաղը միշտ ուշ է»:

Վաղը ուշ է հայրենադարձութեան համար հայրենատիրութեան համար:

Հալէպի համայնքի զաւակ՝ ծառայած եւ ցարդ հաւատաւոր հայ երիտասարդը պիտի տեսնէ՞ այս տողերը:

Պիտի տեսնե՞ն նաեւ անոնք, որոնք հայրենադարձութեան որպէս չափանիշ կ’ընդունին կենսամակարդակը, ապահովութիւնը, ափ առնելու համար «հրեշտակաց» Լոս, Թորոնթօ, Սիտնի, Շանկհայ:

Պիտի պատահի՞, որ հրաշք օր մը հասցէները ճշդուին այս տեղատուութիւնները շաբաթավերջի զբաղում համարող եւ բառերով զուարճացած եւ զուարճացող նաւավարներուն: Այսինքն՝ տեղատուութիւնները տնտեսածներուն եւ յաւերժացող տնտեսողներուն:
Հայրենալքում-արտագաղթը եւ ճառերը դատափետող հայրենադարձութեան բացակայութիւնը պատասխանատուներ ունի, եւ ազգավնաս է ճկոյթի ետին թաքնուիլ եւ արդարանալ:

Գերմանիան կամ Քանատան աշխատողներու պէտք ունի: Օտարը պիտի չըսէ, բայց գէթ մենք, թերթերէն, բեմերէն եւ ամպագորգոռ ժողովներու ընթացքին պիտի չըսե՞նք (չըսէ՞ինք), որ մեր ՀԱՅՐԵՆԻՔն ալ իր զաւակներու ուժին եւ աշխատուժին պէտք ունի:

Հայրենադարձութեամբ ուժ՝ ամրանալու, տոկալու եւ տեւելու համար, ընթացք՝ որ տարբեր է հեռուն նստածի բարեսիրութենէն, բարձրախօսային աղմուկէն, բեմերէն փոշի հանող պարերէն եւ «տուրիստ»ական արձակուրդ մը տեւող յուզումներէն:
Բայց ինչպէ՞ս այս ընել՝ երբ որդ ինկած է, որ երիտասարդին ըսել կու տայ, թէ «Հայաստանը ի՞նչ պիտի տայ ինծի»…
Հայաստանը պիտի տայ շարունակելու, շարունակութիւն եւ յարգելի ըլլալու ազնիւ հպարտութիւնը:

ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail