19 փետրուար 2016
Դոկտ. Մարզպետ Մարկոսեան կը գրէ.
Այդպէս ծրագրուած չէր, բայց 2015-ը պիտի յատկանշուի հիմնականին մէջ հարիւրամեակին կատարուած նախաձեռնութիւններով` Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Արամ Ա. կաթողիկոսին Թուրքիոյ Սահմանադրական դատարանի հայցով` Սիսի կաթողիկոսութեան կալուածներուն վերատիրանալու, Եւրոպական մարդկային իրաւանց դատարանի արձակած Փերինչեքի դատին վճիռով եւ ՀՅԴ¬ի 125-ամեակով: Իրարու հետ որեւէ կապ ունի՞ն այս բոլորը: Պատասխանը թերեւս վիճելի ըլլայ, բայց թէ կապ ունին` վստահաբար:
Հարիւրամեակի առիթով եղած նշանակալի իրադարձութիւնները եղան` Հռոմի սրբազան պապին յայտարարութիւնը, Գերմանիոյ նախագահի յախուռն ելոյթը` այժմ արդէն վարչապետին կողմէ մէկդի դրուած կամ «սառեցուած», նահատակներու սրբադասումը եւ Լոս Անճելըսի մէջ կայացած 160 հազար հայերու հսկայական ու տպաւորիչ քայլարշաւ-ցոյցը: Այս է համայնական խորապատկերը մեր կեանքի գործունէութեան եւ ի՛նչ որ տեղի պիտի ունենայ, ի՛նչ որ պիտի իրագործուի, այս իրագործումներու հաստատած նշաձօղերով պիտի արժեւորուի ուզենք թէ չուզենք:
Յիսուն տարի մը ետ երթանք, յիսնամեակի ծանրակշիռ նշանակութիւնը սփիւռքի մէջ մօտ տասը տարուան խմորումի շրջանէ ետք յստակ կերպարանք ու իւրայատուկ արտայայտչաձեւ ստացաւ 1978-ին ու ատկէ ետք: Իսկ հայրենի երկրի մէջ անդրադարձը եղաւ անմիջականօրէն բոցավառուած հսկայական խարոյկը զանգուածներուն` իբրեւ արդիւնք հոգիներու մէջ մակարդուող ազգային նպատակները, երազները հրազինող ալեբախումներու հսկայական ցոյցը Խորհրդային ոստիկաններու աչքին տակ, Ծիծեռնակաբերդի համալիրի կոթողումը եւ գրեթէ օրը-օրին քսանամեակ մը եւ երեք տարի ետք 1988-ի փետրուարին, մէկ միլիոն հայերու տասնամեակներով խցանուած զայրոյթը հրաբխային, աշխարհասասան ահռելիութեամբ ժայթքումը:
Այս բոլորը չէին կրնար աննկատ ձգուիլ մեր հարեւան երկրին մէջ` հարիւրամեակին ծնունդ տուող դահիճներու թոռներուն կողմէ: Անոնց հակազդեցութիւնը եւս նիւթականացաւ իրենց յատուկ աներեւակայելի վայրագութեամբ` ռմբահարումովը Տէր Զօրի մէջ կանգնած Ցեղասպանութեան յուշակոթողին ու հայոց եկեղեցւոյ, երկուքն ալ` իրենց սահմանամերձ, երկուքն ա`լ զիրենք անհանգստացնող ու երկուքն ալ իրենց աչքին փուշ: Յաջողեցան Արեւմտեան Հայաստանի ամէնէն մօտիկ ու սփիւռքի ամէնէն առոյգ ու կեանքով լեցուն գաղութներէն մին` Հալէպը քանդել ու տարտղնել ժողովուրդը, իրապէս վերածելով զայն «երազային» Հալէպի, երազային ու անջնջելի ապրումներու, ազգային իտէալներու եւ յուշերու աղբիւրին:
Ասոնք են մեր ժամանակներու պատմութեան տոմարին երկու էջերը` մուտքի ու ելքի եւ, ինչպէս միշտ, այս անգամ եւս ելքը գերազանցեց մուտքին:
Ճի՞շդ է այս հետեւութիւնը:
Թերեւս:
Ի հեճուկս այս քանդումներուն, հիմնական երկու իրականութիւն զուգադիպեցաւ` Եւրոպայի Մարդկային իրաւանց դատարանի Փերինչեքի դատին առիթով արձակած վճիռը եւ Արամ Ա. հայրապետի թուրք Սահմանադրական դատարանի հայցը` վերատիրանալու համար Սիսի հայրապետական կալուածներուն:
Կեդրոնանալով պահ մը Սիսի կալուածներուն վրայ` յիշենք, թուրք ատեանի մը որոշումը` վերադարձնելու «Արմէն ճամբար»-ի տարածքը Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ համայնքին, ինչ որ յատկանշական էր: Կրնա՞յ այս վճիռը նախընթաց ծառայել Սիսի կաթողիկոսութեան գրաւուած կալուածներուն պարագային: Օրինապահ որեւէ երկրի մէջ այդ հեռանկարը այնքան ալ անհաւանական պիտի չըլլար, բայց Թուրքիան, ունենալով օսմանօֆաշիստ ու ոճրամիտ պետութիւն, արդար անակնկալներու երկիրը չէ եւ չի դադրիր զինք շրջապատող երկիրները զարմացնելէ: Ոչ շատ հեռու ապագային կը տեսնենք նաեւ Թուրքիոյ օրինականութեան, հանդուրժողականութեան ու արդարամտութեան արնագոյն սահմանագիծը:
Երկրորդը Փերինչեքի վճիռն էր, որ հաւանաբար ունենայ մնայուն ու ծանրակշիռ հետեւանք մեր դատի հետապնդման աշխատանքներու բնոյթին վրայ:
* * *
Հոկտեմբեր16-ին կամ 20-ին էր, կը հետեւէի օրուան լուրերուն պատկերասփիւռի Երեւանի հեռատեսիլի «Շանթ» կայանի հաղորդումներուն, մասնաւորաբար` Արցախի սահմանամերձ շրջաններու մէջ տեղի ունեցող զինադադարի խախտումներու մասին: Շատ չանցած` հաղորդավարը ոսպնեակը կիզակէտեց Սթրազպուրկ` Եւրոպական մարդկային իրաւանց դատարան, այդ քաղաքէն սփռելու համար Փերինչեքին դատավճիռը: Խօսողը Գէորգ Կոստանեանն էր` Հայաստանի Հանրապետութեան Գլխաւոր դատախազը: Ուշադրութիւնս գրաւեց անոր արագ-արագ խօսակցական երագավազ յայտարարութիւնը` մեկնաբանելու համար տրուած վճիռը եւ քիչ մըն ալ աճապարանքով վերջացնելու համար իր ըսելիքը:
Ըսել ուզածը այն էր, թէ դատարանի վճիռը ամբողջութեամբ գոհացուցած էր Հայաստանի Հանրապետութեան պահանջները: Փերինչեքի վճիռին վրայ շատ չծանրացաւ: Շատ լաւ կը յիշեմ բանի մը սպասող իմ կացութիւնս` ակնկալութիւնս առանց գոհացուած ըլլալու, տեսնել դատախազին հեռացումը պատկերասփիւռի պաստառէն:
Հաղորդավարը յայտարարեց, թէ Փերինչեքը ազատ էր կացուցուած եւ ուրեմն կրնար իր ուզածը ըսել, բայց` ոչ ուզած տեղը:
Առասպելական կէս-լեցուն բաժակը ստացած էր յատուկ նշանակութիւն: Դասական պատկերը այն է, թէ ոմանք կէս լեցուն բաժակին լեցուն մասը կը տեսնեն, ուրիշներ` պարապը:
Այս պարագային պարապութեան եւ լեցունի տրոհումը չկար, եւ երբ մարդ կը դիտէ այդ բաժակը իր նայուածքը, տեսնելու յատկութիւնը եւ ուրեմն աչքերու լոյսը ահռելի արագութեամբ, թերեւս լոյսի արագութեամբ, կը ճեղքէր գաւաթին շրջանակը առանց բեկուելու` ուղիղ կերպով անցնելով բաժակէն ու լուծուելով տիեզերական միջոցին մէջ: Այս պատկերը ճիշդ է եւ սպասելը անհրաժեշտ չէր գիտնալու, թէ ի՛նչ եղաւ Սթրազպուրկի մէջ:
Ինչ որ մնացին մտքիս մէջ դատարաններու ճարպիկ բառախաղերը, փաստաբաններու յատուկ մեկնաբանական առաձգականութիւններն էին, եւ որոնք կը համընկնէին այստեղ` տալով այն տպաւորութիւնը, որ խուսափելու պատասխանատուութենէն եւ խճճելու ըսուելիքը` պարզին ու յստակութեան հաշուոյն, եւ ուրեմն կը շեշտէին, որ Հայաստանի կառավարութիւնը բաւարարուած էր տրուած վճիռով («այս առումով արձանագրում ենք, որ մենք մեր նպատակին հասանք: … Փերինչեքին դատապարտելը համարուել է հռչակագրի խախտում ոչ թէ այն պատճառով, որ Զուիցերիայի օրէնքն հակասում է հռչակագրի, այլ Զուիցերիայի տուեալ օրէնքը սխալ է կիրառուել Փերինչեքի նկատմամբ», Գէորգ Կոստանեան, «Ասպարէզ», 16 հոկտեմբեր 2015):
«Ասպարէզ»-ի նոյն թիւին մէջ, ակնարկելով Զուիցերիոյ հայ գաղութի հակադարձութեան, Սարգիս Շահինեան` Զուիցերիա-Հայաստան ընկերակցութեան նախագահը, կը պատասխանէ` «Շատ ժխտական: Եւ ամենակարեւորն այն է, որ դատարանի գիտելիքները իրաւական եւ ընկերային հիմքի վրայ (վճիռը) շատ թոյլ էր: Նոյն հողի վրայ չկարողանալ դնել, որ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտողականութիւնը ատելութեան հրահրման ենթակայ առարկայ է, դա ամենածանր արդիւնքներից մէկն է, որ մեզ հասկանալ է տալիս, թէ մենք ինչ իրականութեան մէջ ենք գտնւում»:
Քիչ մը աւելի ուշ Նազարէթ Պէրպէրեանի («Ասպարէզ», 4 նոյեմբեր 2015) արժեւորումը վճռին «Մարդկային իրաւանց դատարանը փաստօրէն վճռեց, թէ Զուիցերիոյ իշխանութիւնները իրաւական հիմք չունին քրէական յանցագործութիւն նկատելու Հայոց ցեղասպանութեան պատմական իրողութիւնը ժխտող Փերինչեքի հրապարակային յայտարարութիւնները: Ընդհակառակն, Փերինչեքի ազատ արտայայտութեան իրաւունքը կաշկանդուած ու ոտնակոխուած կ՛ըլլայ, եղե՜ր, եթէ Զուիցերիա փորձէ քրէական պատիժի ենթարկել… Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը»:
Ահա նաեւ դատարանի վճիռը հիմնաւորող բացատրութենէն հատուած մը` առնուած համացանցի վրայ հրատարկուած փաստաթուղթէն. «Արտայայտուելու ազատութիւնը ժողովրդավար ընկերութեան էական հիմքն է եւ անհրաժեշտ պայմաններէն մին անոր յառաջդիմութեան եւ իւրաքանչիւր անհատի անձնական ինքնահաստատման:… հայցողին (Փերինչեքի) հաստատումները կ՛առնչուէին հանրութեան ուշադրութիւնը գրաւած հարցի մը հետ, եւ աւելի ուժգին պաշտպանութեան իրաւունք ունէին ըստ Մարդկային իրաւանց օրէնքի յօդուած 10-ին: … Դատարանը կ՛եզրակացնէ, թէ անհրաժեշտ չէր ժողովրդավար ընկերութեան մը մէջ հայցողը ենթարկել քրէական պատիժի` պաշտպանելու համար հայ համայնքի իրաւունքները, որոնք խնդրոյ առարկայ են ներկայ դատին մէջ: Հետեւաբար, Մարդկային իրաւանց օրէնքի յօդուած 10-ի խախտում է տեղի ունեցած:… Ինչպէս կը հետեւցուի հայցողի ակնարկութեան ընդհանուր բանաձեւումէն, անիկա չ’եզրակացներ, թէ հայերը, արժանի էին վայրագութեանց եւ ոչնչացման, այլ Փերինչեք կ՛ամբաստանէր կայսերապաշտները` հայերու եւ թուրքերու միջեւ վայրագութիւն գրգռած ըլլալնուն համար: Այս եւ ժամանակը, որ անցած է դէպքերու պատահումէն, որոնց հայցողը կ՛ակնարկէր, կը մղէ դատարանը եզրակացնելու, թէ անոր հաստատումները չեն կրնար նշանակալիօրէն նեղացնող նկատուիլ, արդիւնք, որ կը վերագրուի անոնց» (թրգ. Մ.Մ.-ի):
Փերինչեքը ուրեմն իր իրաւունքին մէջն էր խօսքի ազատութեան օրէնքին սահմաններուն մէջ: Այլ խօսքով, Փերինչեքը իրաւունք ունէր իր մտագար ձաբռտուքը անպատիժ բաժնեկցիլ աշխարհին հետ:
Չեմ գիտեր` ինչո՞ւ կը սպասէի, որ հաղորդավարը շարունակէր լուրը եւ յաւելեալ տեղեկութիւն հայթայթէր` բացատրելու, մեկնաբանելու, քննարկելու, թէ ինչո՞ւ խօսքի ազատութեան սկզբունքի շղարշին տակ իրաւունք կը տրուէր Փերինչեքին Ցեղասպանութեան իրականութիւնը հեգնելու, հերքելու: Նման յստակացում չեղաւ: Միայն թէ կասկածը, յուսախաբութիւնը սկսան կրծել ակնկալութիւններուս հիւսուածքը եւ հանգոյց առ հանգոյց քակել զայն: Եւ, նաեւ մինչեւ հիմա յամեցող տպաւորութիւնս` մեր դատախազէն:
Մարդը արագօրէն կը կարդար եւ կը քննարկէր վճիռը եւ այնքան շտապ, որ ինծի պահ մը թուեցաւ, թէ մարդը սխալ տեղ, սխալ պաշտօն կը զբաղեցնէր, թէ իր ճշգրիտ տեղը ինքնաշարժներու վաճառման հաստատութիւն մըն էր, իսկ ինք` ոչ շատ վարպետ վաճառող մը: Նոյն այդ մօտեցումը տեղի տուաւ, մղեց զիս եզրակացնելու, թէ կրկին անգամ, հերթականօրէն նուաճած ենք… բարոյական յաղթանակը, թէ այդ յաղթանակը պիտի շեփորենք ամէն տեղ, ամէն առիթի, ամէն հաւաքի, ինչպէս կը շեփորէին «Թուրքիան ձախողեցաւ» բղաւող, երանելիօրէն պատմութեան անտեղեակ ու պատմութեան անհաղորդ աննախանձելի «երգչախումբը»` մեր երգերու խազերուն ու չափերուն անծանօթ, ուրկէ նաեւ` աղմկոտ պոռչտուքը, սպասելով այն պահուան, երբ փոխանակ բարոյական յաղթանակին, իրաւ ու իսկական յաղթանակը կը շեփորենք: Այդ գիշերուան յաջորդող քանի մը օրերուն մեր թերթերը անդրադարձան եւ արձագանգեցին դատախազի մեկնաբանութեան` բացի «Ասպարէզ»-ի մէջ լոյս տեսած Նազարէթ Պէրպէրեանի յօդուածէն ու Շիրվանեանի հարցազրոյցէն, որոնք երկուքն ալ վերապահութեամբ էին մօտեցեր որոշման, վճռին: Տարբեր զարտուղութիւն մը նաեւ այն էր, թէ մեր թերթերէն, հայատառ թէ օտարալեզու, ոչ մէկը չհրատարակեց վճիռին հայերէն ամբողջական պատճէնը, թէեւ անգլերէն բնագիրը գոյութիւն ունի համացանցին վրայ, որպէսզի ընթերցողները իրենք կարդան, մեկնաբանեն եւ որոշեն, թէ ի՛նչ էր եղածը: Կիրօ Մանոյեան թէեւ ձեւով մը վճիռին երկարութիւնը` 100 էջ, (ճիշդ ըլլալու համար 134 էջ) իբրեւ պատճառ կու տար այս բացթողումին («Ասպարէզ», 23 հոկտեմբեր 2015):
Այդ վճիռը մեր` Հայ դատի հետապնդման գոծընթացին ամէնէն բախտորոշ եւ գրեթէ մնայուն իրադրութիւններէն մէկն է եւ զարմանալիօրէն անոր հակադարձը մեր մամուլին մէջ վճիռին ծանրութեան համազօր չէր: Չըլլա՞յ թէ հարիւրամեակի առիթով կատարուած համեստ` յետադարձ հայեացքով, ձեռնակներէն, բացի Լոս Անճելոսի 160 հազար հայերու քայլարշաւ-ցոյցէն, յոգնած են: Թէ` ազգային զգայնութիւններու բթացումէն մարդիկ` ժողովուրդը, կորսնցուցած են իրենց հետաքրքրութիւնը, բծախնդրութիւնը մանաւանդ` տրուած որոշումէն այնքան շշմած, որ նոյնիսկ կը մերժեն կարծիք յայտնել կամ կարծիք ունենալ եւ դժգոհութեան բողոք ներկայացնել:
Եւ իրաւամբ այս անտարբերութիւնը, մանաւանդ նախորդ դարու քսանական թուականներու Կիլիկիոյ ու երկու-երեք տարի ետք Արեւմտահայաստանի հսկայական տարածքներու աճուրդի հանուիլը համայնավար պատեհապաշտներու կողմէ եւ մեր օրերուն, երբ վճիռի արձակումէն շատ չանցած` եւրոպական կարգ մը պետական դէմքեր պոչ բռնեցին Էրտողանը տեսնելու` դրամ խոստանալով, եթէ օգնէր արաբական երկիրներէ եկող գաղթականներուն եւ տեղ տրամադրէր անոնց Թուրքիոյ մէջ հաստատուելու:
Լաւագոյն օրինակը Գերմանիան տուաւ, երբ յայտարարեց, թէ Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւի մը մասին խորհրդարանի քննարկումը ժամանակաւոր կերպով… սառեցուած էր: Տիկին Մերքելի կառավարութիւնը գրեթէ շուքի մէջ ձգեց Լոս Անճելըսի ազգային վարժարաններու խնամակալ մարմինը, երբ այս վերջինը անըմբռնելի անմտութեամբ իբրեւ որոշում կը յայտնէր, թէ կրթական արժեւորումը վարժարաններէն մէկուն, տնօրէնին կողմէ կատարուած, սառեցուած էր: Արդ, ժողովուրդը ինչպէ՞ս եւ ինչո՞ւ հետաքրքրութիւն ցոյց տար, երբ պատմութիւնը ինքզինք կը կրկնէր իննսուն, հարիւր տարի ետք:
Դատարանը իր վճիռը արձակեց` փաստօրէն անվերաքննելի կերպով: Իրապէ՞ս անվերաքննելիօրէն: Եթէ Միացեալ Նահանգներու Գերագոյն ատեանի գործելաոճը նկատի ունենանք, հաւանաբար` ոչ, որովհետեւ եղած են պարագաներ, երբ տրուած որոշում մը բեկանուած է եւ փոխարինուած` տարբեր որոշումով, Գերագոյն ատեանի տարբեր անձնակազմի կողմէ: Անկարելի չէ, որ հետագայ տարիներուն ստեղծուի առիթը` վերանայելու, վերաքննելու եւ այս տրուած վճիռը փոխարինելու տարբեր որոշումով, աւելի համահունչ մարդկային իրաւունքներու քրէական անտեսման սահմանումի տրամաբանութեան եւ մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրի իրականութեան զուգակշիռ վճիռով:
* * *
Տարօրինակօրէն վճիռին հրապարակումը կը զուգադիպէր նախախնամական տարեդարձի մը` ՀՅԴ-ի 125-ամեակին: Որեւէ կապ կա՞յ վճիռին ու ՀՅԴ-ի տարեդարձին միջեւ: Վստահաբա՛ր: Այս անգամ եւրոպական ատեանն է, որ բաւականին ծանր պարտաւորութիւն կը դնէ ՀՅԴ-ի ուսերուն:
Ինչո՞ւ չէ, նաեւ` Հայաստանի պետութեան: Այդ պատասխանատուութիւնը բիւրեղի նման յստակ է եւ, աւելի ճիշդ, իրագործելի` ջանալ ամէն գնով չեղեալ նկատել որոշումը եւ տարբեր վճիռով փոխարինել զայն:
Հասկնալի է, որ կարելի չըլլայ այդպիսի ելք մը, բայց Ցեղասպանութեան ուրացումը ընել քրէական յանցանք ու պատժելի Եւրոպական Միութեան կողմէ, անկարելի պիտի չըլլայ ի հեճուկս երեւութապէս անյաղթահարելի արգելքներուն: Ի վերջոյ, եթէ մարդկութեան դէմ գործուած ոճիրը անժամանցելի է ապա նոյնքան կարելի է նաեւ փոխարինումը երկդիմի ու կասկածելի վճիռին:
Հետեւաբար անկարելի չէ, որ Փերինչեքի ու անոր հետեւութեամբ թուրք պետութեան հրճուանքը տրուած վճիռին առիթով` անհրաժեշտաբար կարճատեւութեան մատնել, զայն վերածել ասուպային տեւողութեան, իսկ հրճուանքը վերածելով յուսախաբութեան եւ այս բոլորը` նախքան Թուրքիոյ անդամակցութիւնը Եւրոպական Միութեան:
Այս փոփոխութիւնը իրականացնելու պատասխանատուութիւնը դրուած է ՀՅԴ-ի ուսերուն: Անցնող 125 տարուան օրհասական պահերուն մեր ժողովրդի նայուածքը բեւեռուած էր ՀՅԴ-ի վրայ: Մեր օրերուն եւս, անկախ վճիռէն, անկարելի չէ, որ չդիմագրաւենք մեր հողերու մասին ու մեր հաշուոյն պազարլըքի (սակարկութեան) իրականութիւնը` Ռուսիոյ որձեւէգ դիւանագիտութեան Թուրքիոյ հետ ու անգիտաբար նաեւ Ազրպէյճանի հետ (անկախ ներկայ լարուածութենէն):
Փաստօրէն դառն ու ճակատագրական հետեւանքներուն զոհն ենք Մոսկուայի ու Կարսի դաշնագրերուն: Իրավիճակ մը, որուն պատճառով կը ծագի այդ զոյգ դաշնագրերու չեղեալ նկատումը բոլոր հետեւանքները նկատի ունենալէ ետք: Դաշնակցութեան նետուած ձեռնոցը 21-րդ դարուն այս է ու այս նախաձեռնութեան յաջող իրականացումը հաւանաբար ըլլայ այն չափանիշը, որով պիտի չափեն ՀՅԴ-ն յառաջիկային:
Ի դէպ, ատենին, յիսնամեակին ու ատկէ ետք, մինչեւ 1989, ՀՅԴ-ն կ՛ամբաստանուէր Ալեքսանդրապոլի «ամօթալի» դաշնագիրը ստորագրած ըլլալուն համար: Քսանհինգ տարի է անցած Հայաստանի անկախութենէն, որպէսզի անոնք, որոնք այդ ածականը բերնի ծամոն էին ըրած, վերանայէին իրենց պարտադրուած սխալին տեսնելու համար իրապէս սադրիչ ու ոճրամիտ եւ ոչ թէ միայն «ամօթալի», Կարսի ու Մոսկուայի դաշնագրերու մեզի պարտադրուած դիւանագիտական դիրտը:
125-ամեակի առիթով անհրաժեշտ է յոխորտանքի փորձութեան դիմանալ, որովհետեւ համեստութիւնը այդպէս կը պարտադրէ եւ, աւելի կարեւոր, այս սերունդը որեւէ նպաստ չունի այդ նուաճումներուն մէջ: Այդ «յաղթանակներ»-ը, Սիամանթոյի պատկերով իրենցն է, մեզ նախորդող սերունդներու խիզախումին արդիւնք, իրենց կեանքերու զոհաբերման շնորհիւ, եւ որուն իբրեւ տրիտուր` ունեցանք ու կոթողեցինք ներկայի Հայաստանի Հանրապետութիւնը հոս այս իրականութեան ի տես, Չարենցի մէկ խօսքը սքանչելիօրէն կ՛երկաթագրէ երեւոյթը` «Մենքմոնումենտ կանգնեցինք մեզ համար դժուար մի դարում»: Մեր սերունդը պիտի արժեւորուի իր նախաձեռնութեանց յաջողութեան կշիռով` Արցախի ազատագրական պայքարի վերջնական յաջողութեան ամրագրումով եւ հանգուցալուծմամբ:
Այդ արժեւորողը պիտի ըլլայ մեր ժողովուրդի համայնական կարծիքը ու որեւէ սայթաքում պիտի ըլլայ ճակատագրականօրէն ահռելի ո՛չ միայն ՀՅԴ-ի համար, այլ նաեւ` մեր ժողովուրդին ու հայրենիքին գոյատեւման հեռանկարին համար:
* * *
Ներկայիս ՀՅԴ-ն մաս կը կազմէ Հայաստանի խորհրդարանին եւ իբրեւ այդպիսին` իր պատասխանատուութիւններն ու պարտաւորութիւնները տարաբնոյթ են ու տարատեսակ, ուրեմն` դժուար նուաճելի: Անհաւանական չէ, օրինակ, ոչ շատ հեռու ապագային ՀՅԴ-ն դրուի անակնկալ կացութեան մը առջեւ` կազմելու ու առաջնորդելու նոր կառավարութիւն մը ու, հետեւաբար, ամբողջ ժողովուրդին հայրենի թէ տարասփիւռ, ուշադրութեան կիզակէտին ըլլայ:
Կացութիւնը պիտի պահանջէ ու պարտադրէ ՀՅԴ-ին` ըլլալու հեռահայեաց եւ ունենալու իրապաշտօրէն իրագործելի ծրագիր մը, եւ պարզելու նաեւ, թէ ինչպէ՛ս պիտի իրագործէ իւրաքանչիւր հատուած այդ ծրագիրէն եւ տրամադրելի ժամանակը` զանոնք վերածելու իրականութեան:
Այդ բոլոր ծրագիրներուն, նպատակներուն յառաջընթացին ընդհանուր խորապատկերին մէջ կը տարուբերի Թուրքիոյ հսկայական շուքը, որ կրնայ խափանել որեւէ նախաձեռնութեան յաջողութիւնը, ճիշդ այնպէս, ինչպէս արեգակնային երկարատեւ շուքը պիտի չորցնէր ամէն բոյս ու հետեւաբար` ամէն կեանք:
Կրնանք անտեսել Թուրքիան եւ անոր քաղաքական վարքագիծը Հայաստանի հանդէպ: Բայց չմոռնանք, թէ անոնք, որոնք կը կարծեն, որ կրնան, կը նշանակէ, թէ խզած են իրենց կապերը իրականութեան հետ: Կրնայ ըլլալ եւ այդպէս ալ է գոնէ մեր օրերուն, թէ չկարենանք վերատիրանալ Արարատին կամ Վանայ ծովին, բայց անկարելի չէ, որ ամէն ճիգ չթափենք ստեղծելու, վերատեսութեան ենթարկելու թուրք վարժարաններու մէջ գործածուող դասագիրքերուն մէջ գոյութիւն ունեցող Ցեղասպանութեան ժխտումներ, պատմական սխալներ եւ տառացիօրէն հակահայ գաղափարախօսութիւն որոնց վերջին օրինակը վարժարաններուն մուտքի քննութեան հարցումներէն մէկուն հայ աշակերտը կը պարտաւորուի սեւին ճերմակ ըսելու նուաստացման երբ հարցումի մը ճիշդ պատասխանը կը պարտադրէ աշակերտը ընտրելու «պետութիւնը ուզեց տեղահանութեան միջոցով վերջ տալ Անատոլուի մէջ հայերու գոյութեան» տարբերակը, երբ միւս երեք տարբերակները դիտաւորեալ կերպով ու յայտնօրէն սխալ ընտրութիւններ էին:
Այս ու տարբեր անճշդութիւններ կը վխտան իրենց դասագիրքերուն մէջ: Արդ, հակառակ երեւութական անկարելիութեան, երբ վերջ ի վերջոյ Թուրքիան ստիպուի դէմ յանդիման գալ իր պատմութեան հետ ու ճանչնալ իրականութիւնը Ցեղասպանութեան, անկարելի չէ անճշդութեանց սրբագրումը` իբրեւ օրինակ ունենալով ֆաշական Գերմանիոյ նախընթացը:
Ուշադրութիւն անհրաժեշտ է խուսափելու անհաճ, անտեղի եւ սնոտի լոզունգային տափակութիւններէն, որոնցմէ մին պարզուեցաւ հարիւրամեակի ձեռնարկներու ընթացքին, երբ մարդիկ սկսան վանկարկել «Թուրքիան ձախողեցաւ» անհեթեթութիւնը: Ահռելի սխալ մըն էր, նման հաշիշէն ստացած մարդոց ցնորատեսական հանդարտութեան:
Եթէ թուրք գործակալներ կային ցուցարարներուն մէջ, եւ վստահաբար կային, ամէնէն շատ ուրախացողները անոնք պէտք էր եղած ըլլային: Ոեւէ մէկը այդ պոռացողներուն հարցո՞ւց, որ`
– Եթէ Թուրքիան վիժեցաւ, ապա իրենք ինչո՞ւ Վանի կամ Սեբաստիոյ կամ Կարսի մէջ չեն եւ ինչո՞ւ թուրքերը արաբական երկիրներու քաղաքացիներ չեն:
Որքա՜ն իրականութենէն խզուած պէտք է ըլլալ նման լոզունգներով քայլարշաւի մասնակցիլ, երբ թուրքերը մեր պապենական հողերուն ու հարստութեան տիրացած լկտի ամբարտաւանութեամբ մեզ կը դիտեն, մենք միշտ`, գանգատողի անբաղձալի դերին մէջ: «Թուրքիան ձախողեցաւ»-ը իւրայատուկ հակաբնական տրամադրութիւն կ՛ենթադրէ եւ այդպիսի անմտութեան հաւատալ` կը նշանակէ ազգային գիտակցութեան ու մտածելակերպի ամբողջական բացակայութիւն:
Այս օրերուն ՀՅԴ-ի ուսերուն կը ծանրանայ նաեւ արցախեան հարցի բարւօք, ի նպաստ Հայաստանի հանգուցալուծման պարտաւորութիւնը: Կը խօսուի կարգ մը շրջաններ վերադարձնելու մասին: Նման կացութեան մը պարագային անհաւանական չէ, որ Թուրքիան նոյն օրն իսկ վաւերացնէ փորձանաւոր փրոթոգոլները եւ սահմանները բանայ, որովհետեւ իրենք մէկ կամ երկու շրջանի մասին կը խօսէին սահմանադրան բացման իբրեւ նախապայման, հիմա կը խօսուի եօթը շրջան վերադարձնելու մասին:
Այս տեղեկութիւնները մամուլի մէջ տարտղնուած լուրեր են, եւ չենք ալ գիտեր, թէ կ՛իրականա՞ն, բայց մինչ այդ թերեւս ատենն է, որ ՀՅԴ-ն իրականացնէ Արցախը Հայաստանին կցելու իրականութիւնը` իբրեւ մաս իր առաջադրանքներուն եւ ձգելու միջազգային դիւանագիտութեան իր իւղին մէջ տապկուելու: Այլ խօսքով, վերջնականօրէն տէր կանգնելու մեր մարտիկներու ազատագրած հողերուն, մերը ըրած ըլլալնուն համար ա՛յն, ինչ որ մերն էր: Ինչո՞ւ չէ, նաեւ տալով առաջին հարուածը Մոսկուայի ու Կարսի դաշնագրերու իրաւականութեան:
Չէ՞ որ համայնավար բախտախնդիրները` Լենինն ու զինք շրջապատող պնակալէզները մեր հողերը այնքա՜ն վեհանձնօրէն նուիրեցին Աթաթուրքին` Թուրքիոյ ու Ազրպէյճանի առ ի վարձատրութիւն յաջողութեամբ… Թալէաթի, իթթիհատականներու սկսած սպանդը` հայաջնջումը, վերջնական ապահայացումը Արեւմտահայաստանին յաջողութեամբ աւարտած ըլլալնուն համար:
Ատենը վաղուց է անցած ռուսերուն մեր շնորհակալութիւնը յայտնելու իրենց սխալ հասցէագրուած բծախնդրութեան համար, յիշեցնելով միեւնոյն ատեն թէ մենք մեզ պաշտպանելու ի վիճակի ենք ու կը մնանք այդպիսին, երբ խօսքը կը վերաբերի մեր հողերուն ու իրաւունքին, եւ երբ համայնավար հայ սադրիչներ ու սրիկաներ հայ մարտիկը չեն առաջնորդեր հայրենադաւութեան:
smargossian@sbcglobal.net
ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com