22 փետրուար 2016
Թուրքիոյ ընդդիմադիր «Ժողովրդահանրապետական կուսակցութենէն» (ԺՀԿ-CHP) ընտրուած պատգամաւոր հայկական ծագում ունեցող Սելինա Տողան ներքին գործոց նախարարին հասցէագրուած հարցապնդում մը ներկայացուցած է խորհրդարանին: Այս մասին կը հաղորդէ ermenihaber.am-ը:
Տողան Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարար Էֆքան Ալայէն հետաքրքրուած է Թուրքիոյ մէջ բնակող հայ, յոյն, հրէայ, եւ ասորի փոքրամասնութիւններու թիւին մասին: Տողան «Տեղեկատւութիւն ստանալու մասին» օրէնքի ծիրէն ներս նոյն թեմային վերաբերեալ տուեալներ ստանալու նպատակով դիմած է նաեւ Թուրքիոյ ներքին գործոց նախարարութեան բնակչութեան եւ քաղաքացիներու գործերու գլխաւոր վարչութեան:
Տողան ներքին գործոց նախարարին ուղղած իր հարցապնդման մէջ յիշեցուցած է, որ փոքրամասնութիւններու նկատմամբ «ազգութեան քոտ»-ի կիրառման նպատակայարմարութեան վերաբերեալ Խորհրդարանի մէջ տեղի ունեցած քննարկման ժամանակ նախարար Ալան նշած էր, որ այդ քոտաւորումը (յատուկ ծածկագիրներու օգտագործումը) ազգային ինքնութիւններու հետ կապ չունի: Ըստ նախարարին՝ ատոր նպատակը ազգային փոքրամասնութիւններուն թիւը հաշուելն է:
«Բնակչութեան թիւի եւ ժողովրդագրական պատկերի իմացութիւնը հանրային ծառայութիւններու իրականացման եւ ծրագրաւորման տեսանկիւնէ շատ կարեւոր է: Փոքրամասնութիւնները իրենց հանրային ծառայութիւնները (ուսում, կրօնական արարողութիւններ, առողջապահութիւն) հիմնականօրէն կը հոգան իրենց հիմնադրամներու միջոցով:
Այդ իսկ պատճառով փոքրամասնութիւններու հիմնադրամները համայնքի հանրային ծառայութիւնները կարգաւորելու համար ուղղակի պարտաւոր են իմանալ համայնքի թիւը: Բացի այդ քրիստոնէական համայնքները, որոնք իրենց բնակչութեան ճշգրիտ թիւը չեն կրնար գիտնալ, կը դժուարանան նոյնիսկ հոգեւոր առաջնորդներու ընտրութեան հարցով:
ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com