22 փետրուար 2016
Ճիշդ մէկ շաբաթ առաջ Լիբանանի մայրաքաղաք Պէյրութի մէջ տեղի ունեցաւ Հայոց ցեղասպանութեան` Միջին Արեւելքի երկիրներու յանձնախումբերու խորհրդաժողով մը` կազմակերպութեամբ Լիբանանի Կեդրոնական մարմինին: Այս խորհրդաժողովը տեղի ունեցաւ Արամ Ա. կաթողիկոսի հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեանի:
Մամուլին մէջ այս մասին լոյս տեսած լրատուութենէն կ՛իմանանք, որ այս նիստերուն ընթացքին թէ՛ տրուած են զեկուցումներ եւ թէ՛ կատարուած են քննարկումներ 100-ամեակի նախաձեռնութիւններուն մասին:
Մէկ խօսքով, խորհրդաժողովը համապատասխան գնահատականը կատարած է տարուած աշխատանքներուն: Ամենակարեւորը` անուղղակիօրէն ամրապնդած է Միջին Արեւելքի երկիրներու հայութեան միահամուռ կեցուածքը, ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ նկատմամբ հայկական պահանջատիրութեան: Մանաւանդ որ այս նախաձեռնութեան Հայաստանի Հանրապետութեան նախարարի մակարդակով մասնակցութիւնը պետական հնչեղութիւն տուած է գործին:
Այս իմաստով, խորհրդաժողովին ըրածը ուրիշ բան չէր, եթէ ոչ` անգամ մը եւս պատգամ յղել Թուրքիոյ թէ՛ հայութեան միասնակամութեան եւ թէ մեր պահանջներուն տէր կանգնելու առումով:
Այս յօդուածագիրին կարծիքով, Լիբանանի մէջ տեղի ունեցածը անհրաժեշտ է սկիզբը համարել նման խորհրդաժողովներու շարքի մը, երեք տարբեր տարածաշրջաններու մէջ եւս: Այսինքն` Հիւսիսային Ամերիկա (Միացեալ Նահանգներ եւ Քանատա), Հարաւային Ամերիկա (Աւստրալիան ներառեալ) եւ Եւրոպա:
Ամէն պատճառ կայ, որ նման խորհրդաժողովներ կայանան, կազմակերպուին: Ատոնց օգտակարութիւնը, քաղաքական առումով, անվիճելի է հետեւեալ չորս պատճառներով:
Առաջին` Թուրքիոյ նկատմամբ հայկական պահանջներուն տիրութիւն ընելու գաղափարը կ՛ուժեղանայ եւ կ՛ամրապնդուի:
Երկրորդ` կ՛ամրապնդուի նաեւ այս գաղափարին շուրջ գոյութիւն ունեցող համահայկական միասնակամութիւնը եւ ազգային հաւաքական կամքը:
Երրորդ` սփիւռքի զանազան հայաշատ ու յատկապէս արեւմտեան երկիրներու մէջ կը ստեղծուի գործունէութեան նոր որակի հասարակաց դաշտ մը, ուր բոլոր «տեսակ»-ի հայերը կարելի կ՛ըլլայ համախմբել մէկ հիմնական նպատակի մը շուրջ` տիրութիւն հայութեան իրաւունքներուն:
Այսինքն, օրինակի համար, Ֆրանսայի մէջ, նմանօրինակ դաշտի մը մէջ կարելի կ՛ըլլայ համախմբել թէ՛ ֆրանսածին հայը, թէ՛ այլ երկիրներէ Ֆրանսա գաղթած հայը, թէ՛ ֆրանսախօսը եւ թէ՛ հայախօսը, առանց որեւէ արհեստական խտրութեան: Այս ձեւով նաեւ սփիւռքի մէջ կը սկսի ներքին համարկումի կարեւոր գործընթաց մը, որ միայն օգտակար կրնայ ըլլալ համահայկական շահերու տեսանկիւնէն:
Այս առումով ալ անվիճելիօրէն օգտակար է նման նախաձեռնութիւն մը Հիւսիսային Ամերիկայի ու յատկապէս Միացեալ Նահանգներու մէջ:
Չորրորդ` պէտք չէ մոռնալ, որ Թուրքիա շատ մօտէն կը հետեւի այս զարգացումներուն: Հետեւաբար Անգարայի համար յստակ պիտի դառնայ, որ հայկական պահանջներուն կապակցութեամբ, իր դէմ ունի մէկ ու միասնակամ հայութիւն մը` պետութիւն եւ ժողովուրդ, Հայաստանի Հանրապետութիւն եւ սփիւռք:
Շարունակելով` մեր առաջարկը պիտի ըլլայ նաեւ այն, որ յետ այս տարածաշրջանային խորհրդակցութիւններուն, մայրաքաղաք Երեւանի՛ մէջ կազմակերպուի 100-ամեակի «գերաստիճան» մը, որ ոչ միայն գնահատականը կատարէ համահայկական տարողութեամբ կատարուած աշխատանքներուն, այլ նաեւ ծնունդ տայ «ճամբու քարտէս»-ի մը, որուն հետեւին բոլոր «սփիւռքները»:
Մեր կարծիքով, Հայաստանի մէջ այս օրերուն ստեղծուելիք համախմբական նոր կառավարութիւնը այս թղթածրարը եւս իր օրակարգին մաս պէտք է դարձնէ:
Պահ մը աւելի ընդլայնենք պատկերը:
Այսօր Թուրքիա ինքզինք մխրճած է մէկէ աւելի տագնապներու մէջ: Անիկա փաստացի պատերազմի մէջ է թէ՛ Սուրիոյ, թէ՛ Ռուսիոյ եւ թէ՛ քրտական շարժումին դէմ: Այս պատերազմը երբեմն զինուորական նկարագիր ունի (ինչպէս` Սուրիոյ եւ քրտական շարժումին պարագային), երբեմն ալ` քաղաքական (ինչպէս է պարագան Ռուսիոյ դէմ իր յարդարած ճակատին):
Իրերու այս դրութեան մէջ Թուրքիոյ պէտք է յիշեցնել, որ ինք կը դիմագրաւէ նաեւ այլ տեսակի «պատերազմ» մը, որ այս պարագային Հայկական հարցն է: Անիկա պէտք չէ ունենայ այն պատրանքը, որ այս ճակատին վրայ ամէն ինչ խաղաղ է ու հանդարտ: Այս շռայլանքը պէտք չէ պարգեւել Թուրքիոյ, որովհետեւ հայութեան ու Հայաստանի շահերը այդ կը թելադրեն:
Եթէ սուրիական, քրտական ու ռուսական ճակատները Թուրքիան ինք բացած է, անիկա պիտի գիտնայ, որ իր դէմ ունի ունի չորրորդ մը եւս` հայութեան կողմէ բացուած:
Մեզի համար կարեւոր է տեսնել Թուրքիա մը, որ պարտաւորուի «պատերազմիլ» ոչ թէ մէկ, այլ 4 տարբեր ճակատներու վրայ` սուրիական, քրտական, ռուսական եւ հայկական: Անգարայի իշխանութիւնները իրե՛նք ընտրած են այս քաղաքականութիւնը եւ իրե՛նք թող մտածեն, թէ ինչպէ՛ս պիտի կառավարեն («իտարա» ընեն) այս չորս ճակատները:
Մեզի համար կարեւորը մե՛ր յաղթանակն է, մե՛ր իսկ բացած ճակատին վրայ:
18 փետրուար 2016
vproodian@gmail.com
ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com