Տաւութօղլուն Խոստովանած Է, Որ Թուրքիան Կ՛օգնէ Սուրիոյ Ահաբեկիչներուն

davutoglu2
23 փետրուար 2016

Եթէ Սուրիոյ հողերուն մէկ մասի վերահսկողութիւնը Ասատի իշխանութեան տակ չէ, ատիկա միայն Թուրքիոյ շնորհիւ է: Նման յայտարարութիւն ըրած է Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեդ Տաւութօղլուն:

Ինչպէս կը տեղեկացնէ News.am-ը, Al Jazeera-ին տուած հարցազրոյցի ընթացքին Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեդ Տաւութօղլուն աղմկահարոյց յայտարարութիւններ ըրած է: Ան յայտարարած է, թէ Թուրքիոյ աջակցութեան շնորհիւ Սուրիոյ զինեալները կրնան դիմադրել Ռուսիոյ, Սուրիոյ կառավարութեան, Իրանի ու Հըզպոլլահի ճնշումներուն:

«Եթէ այժմ Սուրիոյ հողերուն մէկ մասը Ասատի իշխանութեան տակ չէ, ապա ատիկա միայն Թուրքիոի շնորհիւ: Մենք պիտի շարունակենք աջակցիլ ընդդիմութեան»,- ըսած է Տաւութօղլուն:

Տաւութօղլու նշած է, որ եթէ Սուրիայէն Թուրքիոյ վտանգ սպառնայ, իրենք պիտի որոշեն ինչպէս վարուիլ:

Անդրադառնալով Ռուսիոյ հետ յարաբերութիւններուն` Տաւութօղլուն շեշտած է, թէ յարաբերութիւններու բարելաման բանալին ռուսերուն ձեռքն է:  Տաւութօղլուն չէ զլացած կրկին ռուսերը մեղադրել Սուրիոյ մէջ բռնութիւններ իրականացնելուն մէջ:

Միացեալ Նահանգներու ու Ռուսիոյ միջեւ Սուրիոյ մէջ հրադադարի հաստատման որոշման վերաբերեալ յայտնած է, թէ Թուրքիան այնքան ալ լաւատես չէ, որ անիկա կը կիրառուի:

ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com/

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail