23 փետրուար 2016
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը (Armenian National Committee of America-ANCA) 2016-ին պիտի շարունակէ բազմակողմանի ջանքեր գործադրել Միացեալ Նահանգներու մէջ Արցախի աջակցութեան ու հայկական շահերու առաջխաղացման ուղղութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ Armenpress.am-ը։
Ամերիկահայ համայնքի ազդեցիկ կառոյցներէն մէկը ըլլալով` յանձնախումբը արդէն կուտակած է բազմամեայ պատկառելի փորձ` ներազդելու ամերիկեան պետական տարբեր օղակներու վրայ եւ հանրային քաղաքականութեան ազդեցիկ գործիչներու ծիրին մէջ Հայաստանի Հանրապետութեան ու Արցախի նկատմամբ մշակուող քաղաքականութեան վրայ:
Մասնաւորապէս, Արցախի եւ յարակից հարցերու շուրջ ԱՄՆ նախագահի վարչակազմի, Քոնկրէսի, արտաքին քաղաքականութեան պատասխանատուներու եւ նահանգային կառոյցներու հետ տարուած աշխատանքներն ու 2016-ին նախանշուած ընելիքները ամփոփուած են յանձնախումբի օրերս հրապարկած տարեկան զեկոյցին մէջ:
Համապարփակ ներկայացնելով գործունէութեան բոլոր ուղղութիւնները` զեկոյցին մէջ յանձնախումբը կը վերահաստատէ, որ պիտի շարունակէ թիրախային նախաձեռնութիւններով առաջ մղել Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան, անվտանգութեան եւ զարգացման աջակցութեան ուղղուած իր հանրային քաղաքականութիւնը:
Զեկոյցին մէջ ներկայացուած քայլերը կը վկայեն, որ Հայ Դատի յանձնախումբը էական յաջողութիւններու հասած է ինչպէս ԱՄՆ-ի մէջ Արցախի հարցով քաղաքական, հանրային դիւանագիտութեան, տեղեկատւութեան եւ ելեւմտական աջակցութեան կազմակերպման, այնպէս ալ Ատրպէյճանի տեւական հակահայկական քաղաքականութեան հակազդեցութեան ուղղութեամբ:
Մասնաւորապէս, յանձնախումբին ջանքերով առայսօր Արցախի անկախութիւնը ճանչցած են Մեն, Լուիզիանա, Ռոտ Այլընտ, Քալիֆորնիա, Մասաչուսէթս նահանգները, իսկ Մերիլենտ նահանգը ԼՂՀ-ն յիշատակած է իր պաշտօնական փաստաթուղթերէն մէկուն մէջ:
Կարեւոր խնդիրներէն է նահանգային մակարդակով Ատրպէյճանի հակահայկական նախաձեռնութիւններու խոչընդոտումը: Յանձնախումբը կրցած է արգելափակել նման նախաձեռնութիւնները Տենեսի, Հարաւային Տաքոթա, Վայոմինկ, Միսսուրի, Միսսիսիփի, Գոլորատօ, Նիւ Հեմփշիր եւ Հաուայի նահանգներուն մէջ: Բոլորովին վերջերս` Փետրուար 17-ին, Այտահօ նահանգի օրէնսդիր ժողովին մէջ յաջողութեամբ տապալուեցաւ նաեւ այլ բանաձեւ մը, ուր Ատրպէյճանը ներկայացուած էր իբրեւ միջկրօնական հանդուրժողականութիւն քարոզող պետութիւն:
Յաջողութիւններ արձանագրուած են նաեւ Արցախի մեկուսացման դէմ պայքարին մէջ: Աւելի քան 10 տարի յանձնախումբը կ՝աջակցի Քոնկրէսին մէջ Արցախի Հանրապետութեան անկախութեան նուիրուած ամենամեայ ձեռնարկներու իրականացման, որոնց կը մասնակցին ինչպէս Հանրապետական ու Դեմոկրատական կուսակցութիւններու ներկայացուցիչները, այնպէս ալ Արցախը ներկայացնող պաշտօնեաներ: Իսկ 2015 Դեկտեմբեր 9-ին առաջին անգամ այդ ձեռնարկին ներկայ գտնուած է Մինսկի խումբի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիքը` ի հեճուկս Պաքուի կտրուկ զգուշացումներուն, եւ տեղւոյն վրայ հանդիպում ունեցած է Արցախի Հանրապետութեան ԱԳ նախարար Կարէն Միրզոյեանի հետ:
Նպատակաուղղուած քաղաքականութեան շնորհիւ յանձնախումբը ժամանակին նպաստեց նաեւ, որ նախագահ Օպամայի եւ Քոնկրէսի ազդեցիկ անդամներու կողմէն դատապարտուի Ատրպէյճանի մէջ Ռամիլ Սաֆարովին ներման շնորհումը:
Յանձնախումբի թիրախային ջանքերուն իբրեւ արդիւնք 2013-ի կանխուեցաւ ատրպէյճանական կողմի նախաձեռնած առցանց ստորագրահաւաքին իբրեւ արդիւնք 1992-ի Խոջալուի դէպքերուն դատապարտումը Սպիտակ տան կողմէն: ANCA-ի ազդեցութիւնը կարեւոր էր նաեւ 2012-ին Ծերակոյտին կողմէ Ատրպէյճանի մէջ ԱՄՆ-ի դեսպանի պաշտօնին Մեթիւ Պրայզան չհաստատելու հարցով: Յանձնախումբին համոզմունքով` ասիկա բեկումնային նշանակութիւն ունէր Միացեալ Նահանգներու մէջ ատրպէյճանական յարաճուն ազդեցութիւնը չէզոքացնելու առումով:
Ամերիկայի Հայ Դատի յանձնախումբը Արցախեան հակամարտութեան կարգաւորման բանակցային գործընթացին մէջ կարեւոր կը համարէ ԼՂՀ-ի մասնակցութեան վերականգնումը` անհրաժեշտ քարոզչական աշխատանք տանելով այդ ուղղութեամբ: Բացի այդ, յանձնախումբը կոչ կ՝ուղղէ քոնկրէսականներուն աջակցիլ Էտ Ռոյսի եւ Էլիոթ Էնկելի կողմէն 2015 Հոկտեմբերին առաջարկուած նախագիծին, որմով ԵԱՀԿ-ին եւ ԱՄՆ-ին կոչ կ՝ուղղուի դադրեցնել Արցախեան հակամարտութեան հարցով որդեգրած արհեստական անկողմնակալութեան ձախողուած քաղաքականութիւնը եւ կ՝առաջարկուի տեւական խաղաղութեան համար նպաստաւոր երեք յստակ քայլ: Անոնք են` համաձայնութիւն ձեռք բերել բոլոր կողմերէն` դիպուկահարներ չտեղակայել զօրքերու բաժանարար գիծին վրայ, տեղակայել ԵԱՀԿ-ի կողմէն վերահսկուող կրակատեղորոշիչ սարքեր` յարձակումներուն աղբիւրը ճշտելու, եւ ԵԱՀԿ դիտորդներ` սահմանագծին հրադադարի խախտումներու դէպքերը արդիւնաւէտ վերահսկելու համար:
Յանձնախումբի լոպպիստները կարեւոր դերակատարութիւն ունին նաեւ 1998-էն ի վեր Արցախին (Պաքուի սուր հակազդեցութեան պայմաններով) ամերիկեան ֆինանսական աջակցութեան ցուցաբերման հարցով: Այդ յատկացումները, որոնց ընդհանուր չափը կը կազմէ շուրջ 44 միլիոն տոլար, ուղղուած են շարք մը հիմնախնդիրներու լուծման, ինչպէս, օրինակ` Ստեփանակերտի ջրամատակարարման համակարգի կառուցումը, Արցախի գիւղատնտեսական հողերու ականազերծումը եւ այլն:
Միւս կողմէն, առաջնային են Ատրպէյճանին ամերիկեան ռազմական օգնութեան դադարեցման եւ ֆինանսական օգնութեան սահմանափակման ջանքերը: Յանձնախումբը համոզուած է, որ ռազմական օգնութեան չեղարկումը որեւէ էական վնաս չի հասցներ այդ երկրի բազմամիլիառ ռազմական պիւտճէին, սակայն միեւնոյն ժամանակ ատիկա Ատրպէյճանի յարձակողական քաղաքականութեան դրսեւորումներուն ամերիկեան հակազդեցութեան կարեւոր խորհրդանիշ պիտի հանդիսանայ: Այս ծիրին մէջ քայլեր կը ձեռնարկուին 1992-ին ընդունուած «Ազատութեան աջակցման ակտի»` Ատրպէյճանին վերաբերող 907-րդ ուղղման ամբողջական կիրառման ուղղութեամբ, որ ներկայիս կասեցուած է Օպամայի վարչակարգի կողմէն։ Համաձայն 907-րդ ուղղման («Ատրպէյճանին ցուցաբերուող աջակցութեան սահմանափակում») ԱՄՆ-ն կրնայ աջակցութիւն ցոյց չտալ Ատրպէյճանին, մինչեւ նախագահի կողմէն համապատասխան որոշում ընդունիլն ու Քոնկրէսին զեկուցելը, որ Ատրպէյճանի կառավարութիւնը կը ձեռնարկէ յստակ քայլեր` Հայաստանի նկատմամբ կիրառուող շրջափակումները եւ ուժի կիրառումը դադրեցնելու ուղղութեամբ:
Աշխատանքներ կը տարուին` ապահովելու ԱՄՆ-ի կողմէն Ատրպէյճանին հնարաւոր երկակի նշանակութեան ապրանքներու (ներառեալ արբանեակները եւ անօդաչու թռչող սարքերը) վաճառքի կամ յատկացման արգելքի մանրակրկիտ վերահսկողութիւնը: Յանձնախումբի վերջին յաջողութիւնը այդ ուղղութեամբ յանգեցուցած է Ատրպէյճանի առաջին արբանեակի ամերիկեան ֆինանսաւորման` քանի մը տարի շարունակուող յետաձգման եւ խիստ սահմանափակումներու ներմուծման:
Յանձնախումբը կը շարունակէ հետամուտ ըլլալ նաեւ այլ կարեւոր հարցերու առաջխաղացման, մասնաւորապէս` 2005-ին Հին Ջուղայի խաչքարերու ոչնչացման լիարժէք դատապարտումը եւ Պետական բաժանմունքի Մարդու իրաւունքներու եւ կրօնական ազատութեան զեկոյցին մէջ այդ բարբարոսական ակտին ներառումը, կը փորձէ Քոնկրէսի անդամներուն միջոցով դատապարտել Ստեփանակերտի օդակայանի շահագործումէն յետոյ քաղաքացիական օդանաւերը խոցելու Ատրպէյճանի սպառնալիքները:
Հայ Դատի յանձնախումբը նաեւ կը կատարէ տեղեկատուական ու քարոզչական աշխատանք, որուն առանցքային տարրերէն են ԱՄՆ-ի մէջ հակահայկական գործունէութեան ծիրին մէջ ատրպէյճանական կաշառակերութեան դրսեւորումներու լուսաբանումը, Ատրպէյճանի մէջ Իլհամ Ալիեւի բռնապետական վարչաձեւի մասին ամերիկեան պաշտօնեաներուն իրազեկումը, Սումգայիթի, Պաքուի եւ Կիրովապատի մէջ հայերու դէմ կազմակերպուած ջարդերու վերաբերեալ տեղեկատւութեան տարածումը եւ այլն:
2015 թուականի Օգոստոսին յանձախումբը կազմակերպած է համազգային արշաւ, որուն իբրեւ արդիւնք Քոնկրէսի բարոյագիտութեան յանձնաժողովը հրապարկեց 70 էջանոց եզրակացութիւն` Ատրպէյճանի կառավարութեան կողմէն քոնկրէսականներու ուղեւորութիւններու հնարաւոր ապօրինի ֆինանսաւորման վերաբերեալ:
ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com