23 փետրուար 2016
Ծայրայեղ հայատեաց կեցուածքով յայտնի թրքական «Ասիմտեր» կազմակերպութեան կողմէ Փետրուար 19-20-ին Թուրքիոյ Իզմիր քաղաքին մէջ գումարուած աշխատաժողովին մասնակցած է նաեւ իրանական պատուիրակութիւնը: Թեման եղած է «Միջազգային անհիմն պնդումները, բռնագրաւումը եւ ահաբեկչութիւնը»: Այս մասին կը յայտնէ Ermenihaber.am-ը:
Ըստ թրքական «Vatan» թերթի կայքի` աշխատաժողովին մասնակցած են 80 կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ` Ատրպէյճանէն, Թուրքիայէն, Ղազախստանէն, Պուլկարիայէն, Թաթարստանէն, Աֆղանստանէն, Վրաստանէն եւ Իրանէն:
Աղբիւրը կը նշէ, որ աշխատաժողովին ընթացքին մասնակիցները անդրադարձած են Հայոց ցեղասպանութեան եւ ղարաբաղեան հիմնահարցերուն եւ շարք մը այլ թեմաներու:
Հայատեաց կազմակերպութեան ղեկավար Կեոքսել Կիւլպէյը յայտարարած է, որ Իրանը առաջին անգամ է իրենց կազմակերպած ձեռնարկին պաշտօնական պատուիրակութիւն կ’ուղարկէ:
«Ատիկա մեզի համար մեծ յաջողութիւն է,- նկատել տուած է Կիւլպէյը,- եւ ուրախանալու առիթ, քանի որ մեզի շատ կ’ուրախացնէ այն հանգամանքը, որ Իրանի հետ մեր յարաբերութիւններու կարգաւորման ճանապարհին այդ երկիրը մեր կողքին է այսպես կոչուած Հայոց ցեղասպանութեան հարցին մէջ»:
ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com