Գերմանիոյ Կանաչները Կը Խոստանան Փետրուար 25-ին «Գորգին Տակէն Հանել» Ցեղասպանութեան Հարցը

cem-ozdemir yerakouyn
23 փետրուար 2016

Հայաստանի Հանրային ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, թէ Գերմանիոյ խորհրդարանը Փետրուար 25-ի իր օրակարգին մէջ ներառած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-ամեակին առնչուող հարցը, զոր քննարկելու համար առաջարկ ներկայացուցած էր «Միութիւն 90-Կանաչներ» խմբակցութիւնը:

Փետրուար 25-ին, օրուան երկրորդ կիսուն, Պերլինի ժամանակով ժամը 15:45-ին, քաղաքական այդ ուժը հանդէս պիտի գայ զեկոյցով մը, որուն ներկայացման եւ քննարկման համար նախատեսուած է 45 վայրկեան, կը գրէ «Ասպարէզ»-ը:

Գերմանիոյ «Կանաչներ» կուսակցութեան նախագահ Ճեմ Օզտեմիր ըսած է, թէ այս քննարկումը չի կատարուիր պարզապէս յիշատակման համար, այլ՝ Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւի նախագիծը ներկայացնելու նպատակով։

«Յոյս ունիմ, որ ընդդիմութիւնն ու կառավարութիւնը կը յաջողին խորհրդարանին մէջ համաձայնիլ 100 տարի առաջ իրագործուած Ցեղասպանութեան շուրջ: Այս շատ կարեւոր ազդակ մը պիտի ըլլայ Ցեղասպանութեան 100ամեակին: Պէտք է նախ շեշտել, թէ տեղի ունեցածը Ցեղասպանութիւն էր եւ ապա հաստատել, թէ Գերմանիա մեղսակից էր անոր։ Նաեւ, մենք ամէն ինչ պէտք է ընենք, որ հայ-թրքական սահմանը բացուի», ըսած է ան:

«Կանաչներ» կուսակցութիւնը առաջարկած է, որ քննարկման յաջորդէ քուէարկութիւն: «Սակայն յստակ չէ, թէ իշխող ուժերը ունի՞ն այդպիսի տրամադրութիւն: Եթէ ոչ, ապա Հինգշաբթի տեղի կ՛ունենայ միայն քննարկում եւ ոչ քուէարկութիւն: Այդ պարագային, բանաձեւը կրկին կը ղրկուի յանձնաժողովներ՝ քննարկման համար, ուր անիկա կրնայ 2015-ի Ապրիլ 24-ին ներկայացուած բանաձեւի ճակատագիրին ենթարկուիլ, այսինքն՝ անտեսուիլ, քանի որ իշխող համախմբումը հետաքրքրուած չէ այդ նիւթի քննարկումով», – մանրամասնած է Օզտեմիր:

Այն հարցումին, թէ որքանո՞վ հաւանական է բանաձեւին վաւերացումը՝ Օզտեմիր պատասխանած է, որ Հայոց Ցեղասպանութեան մասին պաշտօնապէս արդէն իսկ խօսած է երկրի բարձրագոյն ղեկավարութիւնը, սակայն կառավարութիւնը կը փափաքի հարցը կրկին «գորգի տակ պահել»՝ քաղաքական շահերէ մղուած:

«Կը կարծեմ, որ այդ մէկը ընել պիտի չյաջողին: Նոյնիսկ եթէ մեր փափաքին հակառակ՝ ընդդիմութեան եւ իշխանութեան միասնական բանաձեւ մը չըլլայ, վստահ եմ, որ զեկուցողները պիտի կիսեն «Կանաչներ» կուսակցութեան հիմնաւորումներն ու տեսակէտները»,- ըսած է ան:

Յիշեցնենք, որ 2015-ի Ապրիլ 24-ին, Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ բուռն քննարկում մը տեղի ունեցաւ Հայոց Ցեղասպանութեան բանաձեւին շուրջ: Եղեռնի 100-ամեակի նախօրէին, 1915-ի իրադարձութիւնները Ցեղասպանութիւն որակուեցան Գերմանիոյ նախագահին կողմէ, իսկ խորհրդարանական քննարկումին ընթացքին ձախակողմեան եւ «Կանաչներ» կուսակցութեան երեսփոխանները հանդէս եկան խիստ հայանպաստ դիրքորոշումներով, մինչ իշխող կուսակցութիւնը չէզոք ձեւակերպումները նախընտրեց: Խորհրդարանին մէջ ամիսներ շարունակ կը պատրաստուէր այս հարցով բանաձեւի մէկ ամբողջական տարբերակ մը, որ պէտք էր դրուէր քուէարկութեան: Օզտեմիր կ՛ըսէ, թէ բանաձեւին յստակացած նախագիծը կառավարութեան կողմէ սառեցուած էր:

«Ակնյայտ է, որ քաղաքական դրդապատճառները, Էրտողանի գործօնը եւ գաղթականներու ներկայ խնդիրը կառավարութեան համար կը խաղայ աւելի կարեւոր դեր, քան՝ համատեղ ճանաչումը», յայտարարած է ան եւ աւելցուցած. «Կը կարծեմ, որ կառավարութեան համար դժուար պիտի ըլլայ երկար դիմադրել: Հայկական կողմը եւս պէտք է աւելի աշխոյժ աշխատի՝ հայ-թրքական յարաբերութիւններուն մասին աւելի յաճախ բարձրաձայնելով:

Եթէ երեսփոխանները իրենց խիղճին հետեւին, ապա մեր բանաձեւը մեծամասնութեան կողմէ պիտի վաւերացուի: Գալիք Ապրիլ 24-ին եւս Գերմանիոյ մէջ տեղի պիտի ունենան Հայոց Ցեղասպանութեան նուիրուած միջոցառումներ, որոնց պիտի մասնակցիմ անձամբ, իմ կուսակիցներուս եւ յառաջադէմ հասարակութեան ներկայացուցիչներուն հետ»:

ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail