23 փետրուար 2016
Պելճոգացի հրատարակիչ Մարի Թիբօ Դը Մեզիեր կը գրէ.
Պատերազմը Սուրիոյ մէջ, հայկական կեանքի հատուածներ.
Մարի Թիբօ Դը Մեզիերը պելճիգացի հրատարակիչ է եւ մանկական գիրքերու հեղինակ: 2015 թուականի Դեկտեմբերին ան` Պելճիգայի պատգամաւորի մը հետ, ուղեկցած էր լրագրողներու եւ մարդասիրական ոլորտի աշխատողներու` Պելճիգիայի Արեւելեան քրիստոնեաներու կոմիտէին, դէպի Իրաքեան Քիւրտիստան ու Ռոժաւա (սուրիական Քիւրտիստան) ուղեւորութեան ընթացքին:
Փէշմերկաներու, YPG-ականներու եւ ասորական ուժերու խիստ հսկողութեան տակ տեղի ունեցած ճանապարհորդութեան ընթացքին ան կրցած է հաւաքել շարք մը հայերու դիմանկարներ, որոնց կեանքը խաթարուած է Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ տեղի ունեցող պատերազմի հետեւանքով:
Յօդուածը սկզբնապէս լոյս տեսած է Hay Stories բաժնի մէջ:
Ահա եւ մի քանի պատմութիւններ հայերու մասին, որոնց կեանքը փոխուած է Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ընթացող պատերազմի պատճառով: Որոշ պատմութիւններ տխուր են, միւսները` ոչ: Այս դիմանկարներու միջոցով կը փորձեմ բացատրել, թէ ինչ տեղի կ’ունենայ տարածաշրջանին մէջ:
Ինչո՞ւ հայերու պատմութիւններ: Նախ, այն պատճառով, որ հայերը կիրքս են. տունը հինգ հոգի ունիմ: Յետոյ, քանի որ, իմ կարծիքով, հայոց պատմութեան միջոցով մենք աւելի լաւ կը հասկնանք տարածաշրջանի պատմութիւնը, ես կ’ըսէի նոյնիսկ, համեստօրէն` ամբողջ մարդկութեան պատմութիւնը:
Իբրեւ առաջին քրիստոնեաներ եւ շատ անգամ մահմետականներու հարեւաններ, հայերը կրօններու միջեւ առկայ երկխօսութիւնը լաւ կը հասկնան: Անոնք գիտեն նաեւ “ցեղասպանութիւն”, “աքսոր” եւ “ընդելուզում”, երբեմն ալ “բարեկեցութիւն” բառերու իմաստը` մերօրեայ աշխարհը ընկալելու համար առանցքային հասկացութիւնները: Ըստ իրենց ընտրած կամ ակամայ յայտնուած երկիրներու մէջ` հայերը ապրած են ժողովրդավարութիւններու կամ բռնապետութիւններու տակ, մաս կազմելով կամ չկազմելով իշխանութեան, ապրելով պատերազմը կամ խաղաղութիւնը, բայց գրեթէ միշտ պահպանելով իրենց յատուկ հզօր ինքնութիւնը: Անոնց պատմութիւնը մեզի այդ մասին կը պատմէ: Մէկ խօսքով` կրօնները, պատերազմները, ցեղասպանութիւնները, քրիստոնէութիւնը, ինքնութեան հարցը, հանդուրժողականութիւնը եւ խաղաղութիւնը հասկնալու դուռը բանալու հայկական բանալին է անիկա: Ինչո՞ւ ոչ:
Սօսին Գամիշլիի քաղաքի հայ փախստականներու եւ ներքին տեղահանուած անձանց օգնութեան կոմիտէի պատասխանատուն է: Ան հաշիւները ձեռքով կը գրէ` տոլար առ տոլար, շատ հաստ, գծաւոր տետրակի մը մէջ, որուն էջերու մեծ մասը դեռ դատարկ է: Անիկա անձամբ կը ճանչնայ Գամիշլիի 540 հայ ընտանիքներէն իւրաքանչիւրը: Եւ անոնց կարիքները` տոլար առ տոլար:
Ան մեզի կը պատմէ, որ Գամիշլիի հայերու աւելի քան կէսը հեռացած է տարածաշրջանէն: Բայց անոնց փոխարէն նոր հայեր ժամանած են Իսլամական պետութեան կողմէն գրաւուած քաղաքներէն (ինչպէս Ռաքքան է) կամ անոնց սահմանակից եւ այլ տարածքներէն (ինչպէս Հասիչէն ու Հալէպը): Գամիշլին արդէն շատ վտանգաւոր էր: Այնտեղ նախապէս մահապարտի յարձակումներ եղած են, բայց 2015 -ի Դեկտեմբերէն ետք անոնք երթալով կը շատնան ու աւելի մահացու կը դառնան:
Մահապարտ ահաբեկիչի կողմէն ականապատուած մեքենայի կամ բեռնատարի միջոցով իրականացուած յարձակումներ` այնպէս կը կռուի ՏԱՀԵՇ-ը, պայթեցնելով խաղաղ բնակիչները եւ յարձակումներ կատարելով ճակատային գիծերու վրայ: “Զարմանալի թշնամի, որ մարտէն ետք տուն վերադառնալու կարիք չունի”, – կ’ըսէ ինծի փէշմարկա մը: Ուրիշ մըն ալ մեզի կ’ըսէ, որ այլեւս միայն զինեալները չեն, որ զիրենք կը պայթեցնեն քաղաքներու մէջ, այլ երբեմն յուսահատ խաղաղ բնակիչներ, որոնց ՏԱՀԵՇ -ը խոստացած է 10 հազար տոլար` ընտանիքին փոխանցելու համար:
Հայերը Գամիշլիի մէջ կը մնան կամ այլ ելք չունենալու պատճառով, կամ ալ իրենց պարտքը կը համարեն այս հողի մէջ մնալ ու ոչինչ չզիջիլ: Իսկ կեանքը կը շարունակուի, մերթ կու լան, մերթ կը ծիծաղին: Դեռ գոյութիւն ունին շատ համեղ ուտեստներով ճաշարաններ, ընտանեկան հաւաքներ` աղմկոտ ու կենացներով լի։
Սօսին ֆեմինիստ ըլլալու կարիք չունի արդիւնաւէտ ըլլալու համար: Ան լուռ կը մնայ համայնքի վարչութեան ժողովներուն, ուր գրեթէ միայն տղամարդիկ կան. ան սուրճ կը մատուցէ, բայց բոլոր հարցերը իրեն կու տան` ստոյգ պատասխաններ ստալու ակնկալիքով:
Ան այդ մասին մեզի պիտի չըսէ, բայց Սօսին որդեկորոյս մայր է: Որդին զոհուած է ամենայիմար ու տխուր կերպով: Ինչպէս շատ երիտասարդ տղամարդիկ, ան մաս կը կազմէր համայնքի պաշտպանութեան խումբին` հայկական կամաւոր աշխարհազօրայիններ, որոնք ամբողջ գիշեր կը հսկեն թաղամասը: Աւելի շատ զինուած փոքր սկաուտներու նման, քան թէ ռազմիկներու: Ան 19 տարեկան եղած է, հրացանը մաքրելու ժամանակ փամփուշտը արձակուած է:
Արձակուած փամփուշտի մը, սուրճի մը, գծաւոր հաստ տետրակ մը` տոլար առ տոլար: 540 հայ ընտանիք, որ Գամիշլիի մէջ կը դիմակայէ, որոշ չափով, Սօսիի շնորհիւ:
Գամշլիի մասին
Գամշլին Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքին մէջ գտնուող Թուրքիոյ սահմանակից քաղաք է` Ռոժաւայի (Սուրիական Քիւրտիստան) “մայրաքաղաքը”: Սուրիական Քիւրտիստանի ինքնավար մարզ, որ պաշտօնապէս գոյութիւն չունի, բայց այսօր, ըստ էութեան, Սուրիան մասնատուած, երկատուած է.
Ըլլալով ֆեմինիստ, ես անձամբ կը համակրիմ PYD-ին` սուրիացի քրտերու կուսակցութեան: Մարքսիզմէն ներշնչուած այդ կուասկցութիւնը կը պաշտպանէ տղամարդ-կին կատարեալ հաւասարութիւնը (ինչը տարածաշրջանի մէջ զարմանալի բացառութիւն է):
Անոնց ռազմական թեւի` YPG-ի շարքերու մէջ, կանայք 40% կը կազմեն, ինչը, ըստ ոմանց, անոնց առաւելութիւն կու տայ ճիհատականներու նկատմամբ, քանի որ վերջիններուս “ կը թուի, թէ դրախտէն կը զրկուին եթէ կնոջ ձեռքով սպանուին: Երբ ես հանդիպեցայ Ասորական ռազմական խորհուրդի կանանց (ասորական աշխարհազօրայիններ), անոնցմէ մէկը ինծի ըսաւ, որ կին մարտիկներու ձգած զէնքերը ՏԱՀԵՇ-ը չի վերցներ, քանի որ անոնք հարամ (մեղք) կը համարուին:
Ճորճը քսան տարեկան է, վարակիչ ժպիտով ու ֆութպոլիստի կազմուածքով: Ան ոչինչով չի տարբերիր աշխարհի միլիոնաւոր այլ Ճորճերէն: Բայց այս մէկը ծնած է եւ մեծցած Ռաքքայի մէջ, որ 2013-ի Յունիսէն դարձած է Իսլամական պետութեան մայրաքաղաքը: Քանի որ անոր ընտանիքը երկար ժամանակ Ռաքքայի մէջ կ’ապրէր եւ չէր ուզեր ամէն ինչ կորսնցնել, բոլորը մնացած են Ռաքքայի մէջ` եւս մէկուկէս տարի, եւ ի վերջոյ լքած են քաղաքը:
Ռաքքան շատ սիրուն քաղաք էր, որուն մէջէն Եփրատ գետը կ’անցնի: Զայն հիմնադրած է Ալեքսանդր Մակեդոնացին:
Ճորճը մեզի կը պատմէ Ռաքքայի մէջ տեսածի մասին. Շուկայ մը, ուր կը վաճառեն եզտի կանանց` ոտքերը կապած: Թաղամասի մէջ նորեկ իր հարեւաններէն մէկը` տաիշական մը, անոնցմէ մէկը գնած է: Ան իր կնոջ հետ գացած է ընտրելու: Ճորճը այդ կնոջ ամէն օր կը տեսնէր պատշգամը` լուացք փռելու ժամանակ:
Ճորճը մեզի կը բացատրէ, որ Ռաքքայի մէջ հայկական դպրոց չէ յաճախած, այլ գացած է պետական դպրոց: Այնտեղ բոլորը խառն եղած են. «ոչ ոք չէր ըսեր` դուն հայ ես, դուն շիա ես: Այդ մէկը նշանակութիւն չունէր”:
Ճորճը կ’ըսէ, որ երբ տահեշականները հասան, բոլոր քրիստոնեաները հաւաքեցին եւ ըսին. «կամ կ’երթանք, կամ կրօնափոխ կ’ըլլանք, կամ ալ տուգանք կը վճարէք` այլակրօնութեան հարկ”: Հայրս որոշեց հարկը վճարել:
Առաջին հերթին անոնք շիական մզկիթները քանդեցին: Յետոյ շիաները սպաննեցին կամ իրենք փախան: Քրիստոնեաները չսպանեցին, բացի եթէ անոնք կառավարական բանակի մաս կը կազմէին: Վերջիններս գլխատուեցան:
Ճորճը Ռաքքան շատ կը սիրէ: Ան կ’երազէ այնտեղ վերադառնալ եւ դարձեալ ապրիլ: Երբ ՏԱՀԵՇ-ը հեռացած ըլլայ:
Ճորճը կը պնդէ. “տահիշականները Ռաքքայէն չեն: Անոնք օտարերկրացիներ են, որ այս ամէնը պարտադրեցին: Ռաքքայի Ժողովուրդը նման բան չէր ուզեր”: Ես, փոքրիկ պրիւքսելցիս, միշտ հաւատացած էի, որ մեր քով ահաբեկչութիւնը Ռաքքայէն կու գայ: Իսկ հիմա, կողքս կանգնած ռաքքացի այս երեխան ինծի կ’ըսէ, որ ռաքքացի խենթերը իրականութեան մէջ քովէս կու գան:
Աւարտին Ճորճին կը հարցնեմ` “իսկ ո՞ւր են ծնողներդ”: Ան կը պատասխանէ. “հայրս ու մայրս Ռաքքա են, գացած են տուրք վճարելու, վաղը կը վերադառնան”:
Մինչ այդ Ռաքքան ինծի միայն կը յիշեցնէր գլխատումները. եզտի գերուհիներն ու ծեծի ենթարկուած կանանց, որոնց կրած բուրքան լիովին չէր ծածկեր իրենց սեւ գուլպաները: Այժմ, երբ ես Ռաքքայի մասին կը լսեմ, կը մտաբերեմ Ալեքսանդր Մակեդոնացին, Ճորճի ժպիտը եւ մտահոգուած եմ անոր մօր համար, որ թերեւս գացած է այնտեղ տուրք վճարելու, ինչպէս կ’ընէ իւրաքանչիւր ամիս:
Փոքրիկ մանրամասնութիւններ
2011-2013 թուականները` սուրիական քաղաքացիական պատերազմի համայնապատկերի մէջ, քաղաքը առճակատումներու բեմ է կը դառնայ Պաշար ալ-Ասատի գլխաւորած կառավարական ուժերու եւ ալ-քաիտայի հետ կապուած Ջապհաթ ալ-նուսրայի ապստամբներու միջեւ: 2013թ Մարտին Ռաքքան առաջին խոշոր քաղաքն է, որ ալ-նուսրայի ապստամբներու ձեռքը կ’անցնի:
Նոյն տարուան Յունիսին քաղաքը ՏԱՀԵՇ -ի իսլամիստներու հսկողութեան տակ անցաւ, դառնալով անոնց մայրաքաղաքը:
Իսլամական պետութիւնը միեւնոյն ժամանակ շատ հպարտ էր Մոսուլի գրաւումով (մեծ քաղաք Իրաքի մէջ), երբ անոնք, ըստ էութեան, վերացուցին Սուրիոյ եւ Իրաքի միջեւ սահմանը, որ արհեստականօրէն ստեղծուած էր (Արեւմուտքի պատեհապաշտութեամբ եւ ոչ թէ տեղական ժողովրդագրական նկատառումներով)` Օսմանեան կայսրութեան անկման պահուն, անգլիացիներու եւ ֆրանսացիներու միջեւ 1916-ին ստորագրուած Սայքս–Պիկոյի համաձայնագիրով:
Ինչու կ’ընդգծեմ Ալ-Քաիտայի եւ Ալ-Նուսրայի տարբերութիւնը: Որովհետեւ անոնք այլեւս բոլորովին դաշնակիցներ չեն: Թէեւ ինքն ալ Ալ-Քաիտայի ծնունդ, բայց ՏԱՀԵՇ -ը եղբայրասպան պատերազմ կը մղէ Ալ-Նուսրայի դէմ: Թէեւ երկուքն ալ սալաֆիական գաղափարախօսութենէն կը սնուին, սակայն գուցէ այն պատճառով, որ Ալ-Քաիտան Խալիֆաթը հաստատելու համար համաշխարհային ճիհատ կը քարոզէ, իսկ ՏԱՀԵՇ -ը Խալիֆայութիւն ստեղծելէն ետք կ’ուզէ աշխարհով մէկ տարածել ճիհատը: Կամ գուցէ այն պատճառով որ անոնք խենթ են` Աստուծոյ խենթերը, իշխանութեան խենթերը: Պարզապէս խենթեր, որոնք բոլորի դէմ կը պայքարին, քանի որ խենթ են:
Եւա
Եւան Գամշլիի հայկական երեք դպրոցներու գանձպահն է: Ան երիտասարդ է, գեղեցիկ, ընձառիւծի բիծերով քազակ հագած, նորաձեւ, իսկ գրասեղանին անյայտ գրամեքենայ մը, որուն ստեղծման ժամանակ Սթիւ Ճոպսը դեռ չէր անցած Apple-ի ղեկին:
Ուսումնական այս տարուան սկզբին 500 աշկերտներէն 120-ի ծնողները չէին կրցած դպրոցի վարձը վճարել: “Բայց մենք չենք կրնար երեխաները ձգել առանց դպրոցի, այնպէս որ այնուամենայնիւ զիրենք ընդունեցինք”, -կ’ըսէ Եւան: Եթէ ամէն ինչ լաւ ընթանայ, դպրոցը աշխարհի տարբեր վայրերու հայ համայնքներէն նուիրատւութիւններ կը ստանայ` բացերը լրացնելու համար:
“Ապա թէ ոչ` մէկ այլ լուծում կը գտնուի, դեռ մի քանի ամիս կայ…”
Իրականութեան մէջ, կարծես անիկա այդքան ալ զիրենք չի մտահոգեր: Դպրոցի տնօրէնութիւնը աւելի շատ մտահոգուած է աշակերտներու թիւը պահելով: 2013 թուականէն Գամշլիի հայ համայնքի թիւը կիսով չափ կրճատուած է` դպրոցականներու թիւը երթալով կը պակսի: Իսկ եթէ անոնց թիւը շարունակէ անկում ապրիլ, ապա կառավարութիւնը կրնայ բռնագրաւել դպրոցը, եւ այլեւս Գամշլիի մէջ հայկական դպրոց չըլլայ:
Վճարովի, թէ ոչ, տարրական դպրոցի մէջ ուրախութիւն կը տիրէ: Միշտ ալ ուրախ է տարրական դպրոցի մէջ, նոյնիսկ եթէ ան Իսլամական պետութենէն մի քանի տասնեակ քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ գտնուող քրիստոնէական դպրոց է:
Երկրորդական վարժարանի մէջ մթնոլորտը նուազ անհոգ է` քննութիւններու շրջան է:
Եւային կը հարցնենք, թէ ան հնարաւորութեան պարագային կը ձգէ արդեօք Սուրիան:
“Այո, ինչու ոչ. թերեւս Գերմանիա երթամ”, – կ’ըսէ ան, առանց առանձնապէս համոզուած ըլլալու, ինչպէս կը պատասխանէր «սուրճ կը խմե՞ս հարցին: Եւան իր աշխատանքը կը կատարէ` հաշիւները, կեանքը կը շարունակուի:
Միքայէլ
Միքայէլը յունական աստուածներու կամ նորաձեւ նիւեօրքցիներու նման գեղեցիկ է: Եթէ ան Կլենտէյլի մէջ մեծցած ըլլար (Լոս Անճելեսի արուարձան` ԱՄՆ-ի ամենահայահոծ քաղաքը), հաւանաբար Հոլիուտի մէջ յայտնուէր: Սակայն Միքայէլը ծնած է Հասաքէի մէջ, նաեւ շատ ամչկոտ է:
Միքայէլը հայերէն վարժ չի խօսիր (ան կը խօսի արաբերէն` Պաշար ալ-Ասատի հանրային դպրոցի արտադրանք է: Եւ քանի որ Ռոժաւայէն է` Սուրիոյ քիւրտերով բնակեցուած շրջանէն, կը խօսի նաեւ քրտերէն), բայց մեծ հայրենասէր է: Այո, այո, ան իր հեռաձայնի պաստառին կարմիր-կապոյտ-նարնջագոյն դրօշ դրած է (ինչը մեծ բան չի նշանակեր, քանի որ ամէն հայ այդ գոյները կ’օգտագործէ, ուր կրնայ) եւ պատրաստ է իր կեանքը տալու հայ ժողովուրդի համար:
Ուստի, քանի որ ան Կլենտէյլի մէջ չէ ծնած, ամչկոտ է ու հայրենասէր, Միքայէլը Սութորոյին անդամագրուած է` պաշտպանելու համար հայերն ու քրիստոնեաները ընդհանրապէս:
Այս մէկը թոյլ կուտայ ինծի բացատրել, թէ ինչ են Սութորոն ու Հասաքէ նահանգի ասորիները.
– Սութորոն ռազմական ոստիկանութիւն է, ինչպիսիք շատ կան: Բազմաթիւ ռազմական մարմիններ կան` անոնք, որոնք կը մարտնչեն ՏԱՀԵՇ-ի դէմ եւ առաջնագծին են: Ուրիշներ ներքին բնակչութիւնը կը պաշտպանեն ՏԱՀԵՇ –էն եւ անոր տխրահռչակ յարձակումներէն:
– Ասորիները կը խօսին արամէական լեզուներ (ինչպէս Քրիստոսը): Անոնք միջագետքցիներ են` առաջին քրիստոնեաները: Անոնք շատ տարբեր տեսակի են` մարոնիտ, ասորի կաթոլիկ, քաղդէական կաթոլիկ, ասորի ուղղափառ եւ այլն: Կրնանք երկար շարունակել, ամէն պարագայի, միեւնոյնն է, դժգոհողներ պիտի ըլլան, քանի որ ոչ ոք չի համաձայնիր, թէ ինչ կը նշանակէ “սրեանի”. Տեսականօրէն (եւ իրականութեան մէջ) հայերը սրեանի չեն, քանի որ իրենց լեզուն արամէական բարբառ չէ եւ բոլորովին այլ պատմութիւն մը ունին: Բայց քանի որ “արեւելեան քրիստոնեաներ” են եւ մանաւանդ, որ կը գտնուին նոյն նաւակի մէջ, որոշ հայեր միացած են ասորական ուժերուն:
repairfuture.net
Արեւմտահայերէնի վերածեց ԵՌԱԳՈՅՆ-ը