Հալէպը Ի՞նչու Կարեւոր Է Թուրքիոյ

Aleppo_horizon
23 փետրուար 2016

Փետրակ Չերենիչ southfront.org կայքին վրայ տեղադրուած իր «Հալէպը ի՞նչու կարեւոր է Թուրքիոյ» յօդուածին մէջ կը գրէ, որ Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլուի այն յայտարարութիւնը, թէ իր երկիրը հիւսիսային Սուրիոյ մէջ, Թուրքիոյ հետ սահմանին մօտ գտնուող Ազազ քաղաքին անկումը պիտի չարտօնէ՝ ցոյց տուաւ, որ սուրիական ճգնաժամը կը բարդանայ։ Այս յայտարարութիւնը մէկ կողմէ կատարելապէս կը հակասէ դիւանագիտութեան, միջազգային բոլոր արժէչափերուն եւ որդեգրուած ուխտերուն։ Միւս կողմէ՝ շրջանային խաղաղութեան սպառնալիք մըն է։

Թուրքիոյ մտահոգութեանց կեդրոնը ներկայիս Հալէպէն եկող տեղահանուածներն են։ Ի՞նչու։ Որովհետեւ Թուրքիա-Սէուտական Արաբիա-Քաթար եռեակը կը նկատեն մեծ տնտեսական կարեւորութիւնը քարիւղի եւ բնական կազի խողովակաշարը Քաթարէն Սէուտական Արաբիոյ ճամբով պիտի հասնի Սուրիա եւ Հալէպէն անցնելով պիտի հասնի Թուրքիա եւ Եւրոպական Միութիւն։

Այդ երկիրները, կամ ՏԱՀԵՇ-ի հովանաւորները չեն կրնար Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան ազդակ ըլլալ, ոչ այդ երկրին ապագան կրնայ անոնց վստահուիլ։ Թուրքիան յոյսը չի կորսնցներ ստեղծելու «ապահովական գօտի» (Safe Zone) մը, ուստի օժանդակութիւն կը տարմադրէ Քայիտայի սուրիական թեւին՝ Ժապհաթ Նուսրային, անոր շարքերը ամրապնդելով Ասիոյ խորերէն եկած ահաբեկիչներով՝ մասնաւորաբար Չինաստանի ուղուրներով, չեչեններով եւ եւ Թուրքմենական իսլամական կուսակցութեան կողմէ ուղարկուած թուրքմէններով։

Այդ ուժերը այժմ կը հաւաքուին Թուրքիոյ մէջ եւ թրքական ոստիկանութիւնը անոնց ապահովութիւն կը տրամադրէ։ Թրքական գաղտնի սպասարկութիւնը 10 հազար զինեալ մարզած է եւ անոնց մէկ մասը արդէն իսկ ուղարկուած է Սուրիոյ Զանպակ գիւղը՝ պաշտպանելու համար թրքախօս թուրքմէն համայնքը եւ ըստ Էրտողանի, Սուրիոյ թուրքմէն համայնքին վերապրումին համար հարկ է «ապահովական գօտի» մը տրամադրել։

Պէտք չէ մոռնանք, որ Հալէպը մայրաքաղաքն է ծրագրուած թրքական 82-րդ նահանգին, ինչ որ ցոյց կու տայ Սուրիոյ այդ բաժինը իրեն կցելու Թուրքիոյ մտադրութիւնը։ «Ապահովական գօտի» ստեղծելէ ետք Թուրքիա այս քայլին վերաբերեալ որոշում պիտի որդեգրէ՝ ակնարկելով Խրիմի օրինակին՝ պնդելով, որ այդ տարածքը թուրքերով բնակուած է։ Թուրքիան Հալէպը կը նկատէ իր քաղաքը, ուստի վարչապետ Տաւութօղլուի այն յայտարարութիւնը, թէ Թուրքիա Պաշշար Ասատի ուժերուն պիտի չարտօնէ Ազազին տիրել կու գայ ընդգծելու Հալէպի նկատմամբ Թուրքիոյ ունեցած ընչասիրութիւնը։

«Հորիզոն»
http://www.horizonweekly.ca

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail