24 փետրուար 2016
Ամէն տարի հայկական «Լոյս» հիմնադրամի միջոցով 100 հայ ուսանողներ կրթութիւն կը ստանան աշխարհի լաւագոյն համալսարաններու մէջ, կը կանգնին ամենատաղանդաւոր գիտնականներու կողքին եւ այդպիսով կը նպաստեն Հայաստանի եւ աշխարհի զարգացումին: 2009 թուականին ստեղծուած հիմնադրամին եւ անոր գործունէութեան անդրադարձած է բրիտանական հեղինակաւոր Քեմպրիճի համալսարանի պաշտօնական կայքը` անուանելով զայն հայկական հրաշք:
Կայքը կ՛ընդգծէ, որ հիմնադրամի տրամադրած կրթաթոշակներու միջոցով հայ ուսանողներէն ոմանք ալ կրթութիւն ստացած են Քեմպրիճի համալսարանին մէջ, որուն շնորհիւ «Քեմպրիճը կը նպաստէ Երեւանի մէջ տնտեսութեան զարգացման»:
«Մենք կը ցանկանք ստեղծել վստահ սերունդ, որ լայնախոհ է եւ մեծ երազանքներ ունի»,- «Արմենփրես»-ի փոխանցմամբ` կը պատմէ «Լոյս» հիմնադրամի կրթական ծրագրի գործադիր տնօրէն Ժաքլին Կարաասլանեանը: Ան կ՛ընդծէ, որ Հայաստանը մշտապէս բուռն պատմութիւն ունեցած է` նկատի ունենալով Օսմանեան կայսրութեան մէջ իրականացուած Ցեղասպանութիւնը, Խորհրդային Միութեան անդամ դառնալը, դեռ երիտասարդ անկախութիւնը, Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութիւնը եւ տնտեսական ճգնաժամը: «Հայաստանը միշտ ստիպուած եղած է այդ պահուն հակազդելու եւ հնարաւորութիւն չէ ունցած ծրագրելու նախապէս: «Լոյս» հիմնադրամը հնարաւորութիւն կու տայ նոր սերունդին սփռել թեւերը ու ծրագրել ապագան»,- կը նշէ Կարաասլանեանը:
Համալսարանին կայքը կը գրէ, որ «Լոյս» հիմնադրամը 2009 թուականին հիմնած են ՀՀ նախագահ Սերժ Սարգսեանն ու այն ժամանակուան վարչապետ Տիգրան Սարգսեան: Հիմնադրամը կը վճարէ հայաստանցի կամ հայկական արմատներ ունեցող ուսանողներու կրթութեան համար այն ատեն, երբ անոնք սեփական ուժերով կ՛ընդունին աշխարհի յառաջատար 10 համալսարաններէն մէկը:
«Հետաքրքրական է, որ հիմնադրամէն օգտուող ուսանողները պարտաւորուած չեն վերադառնալու Հայաստան: Հիմնադրամը իր ուսանողները կը դիտարկէ որպէս «աշխարհի քաղաքացիներ», որոնք պարտաւոր չեն վերադառնալու Հայաստան»,- կը գրէ Քեմպրիճի համալսարանի կայքը:
«Մենք կը ցանկանք այս ամէնը ընկալել ոչ թէ որպէս ուղեղներու արտահոսք, այլ ուղեղային շրջանառութիւն: Մենք կը կառուցենք հարուստ ցանց այնպիսի մարդոց, որոնք կրնան մտածել այլ կերպ: Դուն պէտք է ճանապարհորդես մտահորիզոնդ լայնացնելու համար»,-կը նշէ Կարաասլանեան` փաստելով, որ հիմնադրամի հովանաւորութեամբ կրթութիւն ստացողներուն 70 տոկոսը մինչեւ այսօր վերադարձած է Հայաստան:
«Լոյս» հիմնադրամի վերաբերեալ ֆէյսպուքեան էջին մէջ իր տեսակէտը յայտնած է նաեւ ՀՀ նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան` ըսելով. «Հպարտ եմ մեր «Լոյս» հիմնադրամի ու ողջ աշխարհում մեր գիտնականների աշխատանքով եւ գրանցած յաջողութիւններով: Եկէք շարունակենք այս մեծ աշխատանքը: Այն արդիւնքները, որոնք արդէն ունենք, ապշեցուցիչ են, եւ ես վստահ եմ, որ աւելի մեծ յաջողութիւնները դեռ առջեւում են»:
ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com