Գերմանիան Հայոց Ցեղասպանութեան Հարցով Կը Գործէ Ինչպէս 1915–ին. Թեսա Հոֆման

24 փետրուար 2016
hofman yerakouyn
Գերմանիոյ իշխանութիւնները Հայոց Ցեղասպանութեան հարցով կը գործեն ինչպէս 1915 թուականին:

Նման դիտարկում, ըստ Armenpress.am-ի, կատարած է գերմանացի յայտնի ցեղասպանագէտ Թեսա Հոֆմանը:

 Թէպեւ Գերմանիոյ Պունտըսթագը Փետրուար 25-ի իր օրակարգին մէջ ներառած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առնչուող հարցը, սակայն քննարկման յաջողութիւնը կասկածելի է:

Հոֆմանը պատճառը կը կապէ Թուրքիոյ եւ Գերմանիոյ յարաբերութիւններուն հետ, որոնց առանցքին վերջին ամիսներուն առանցքային տեղ կը զբաղցնէ փախստականներուն հարցը:

«Ասիկա կարելի է համեմատել 1915 թուականի իրավիճակին հետ, երբ պաշտօնական Գերմանիան մոռցած էր բոլոր մարդկային ու մարդասիրական արժէքները յանուն գերմանա-օսմանական ռազմական համագործակցութեան: Թէեւ հարցը արդէն խորհրդարանի օրակարգին վրայ է, սակայն ես խիստ կը կասկածիմ, որ խնդիրը պիտի քննարկուի»,– ըսած է ան:

Ըստ Հոֆմանի՝ համաձայն գերմանական ԶԼՄ-ներուն մէջ տարածուած տեղեկատւութեան` Անգարայի մէջ Գերմանիոյ դեսպանատունը արդէն խառնուած է գործին` կապուած փախստականներու ճգնաժամի առնչութեամբ ընթացող թուրք-գերմանական եւ Թուրքիա-ԵՄ քննարկումներու հետ:

«Այս իրադրութեան պայմաններուն մէջ Գերմանիոյ արտաքին քաղաքական գերատեսչութիւնը հնարաւոր ամէն բան պիտի ընէ` չլարելու Անգարայի հետ յարաբերութիւնները»,- աւելցուցած է ան:

Հոֆման ցաւով նշած է, որ ո՛չ Օսմանեան կայսրութեան մէջ իրականացուած Ցեղասպանութիւնը, ո՛չ ալ Թուրքիոյ մէջ քիւրտերու դէմ իրականացուող պայքարը` քրտական քաղաքացիական բնակչութեան հասցուած վնասով հանդերձ չի կրնար փոխել իրադրութիւնը: «Այս երկրին մէջ նման քաղաքականութեան քննադատները շատ եւ ազդեցիկ չեն կանգնեցնելու համար այս ամենը»,- նշած է ցեղասպանագէտը:

Թեսա Հոֆման փաստած է, որ նոյնիսկ եթէ Փետրուար 25-ին խորհրդարանական քննարկումներ իրականացուին Հայոց Ցեղասպանութեան թեմայով, անոնց յաջողութիւնը խիստ կասկածի տակ է:

«Շատ փոքր է հաւանականութիւնը, որ ընդդիմադիր «Կանաչներու կուսակցութիւնը» պիտի ստանայ անհրաժեշտ աջակցութիւն իշխող միախառն կառավարութեան` պահպանողականներու եւ սոցիալ-դեմոկրատներու կողմէն»,- ըսած է ան:

Նշենք, որ Գերմանիոյ Պունտըսթագը Փետրուար 25-ի իր օրակարգին մէջ ներառած է Հայոց Ցեղասպանութեան 100-րդ տարելիցին առնչուող հարց: Փետրուար 25-ին` օրուան երկրորդ կիսուն`Պեռլինի ժամանակով 15:45-ին, քաղաքական այդ ուժը հանդէս պիտի գայ զեկոյցով, որուն ներկայացման եւ քննարկման համար նախատեսուած է 45 վայրկեան։

Գերմանիոյ Պունտըսթագի «Կանաչներ» կուսակցութեան նախագահ Ճեմ Օզտեմիրը նշած է, որ  խօսքը ոչ թէ պարզապէս յիշատակման արարողութեան, այլ` Ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւի նախագիծին ներկայացման եւ անոր շուրջ քննարկման մասին է: Առաջին ընթերցման թեման է «Կանաչներ»-ու յայտարարութիւնը, որուն մէջ 1915-ի իրադարձութիւնները յստակ կը ձեւակերպուին իբրեւ Ցեղասպանութիւն:

ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail