24 փետրուար 2016
Էրզրումի ազատագրման 100-ամեակին նուիրուած ձեռնարկ տեղի ունեցած է Ս. Փեթերզպուրկի մէջ, կը հաղորդէ «Երկիր մետիա»-ն:
Պատմական ակնարկէ ետք ներկաներուն ներկայացուած են Կարնոյ աւանդական պարերը:
«Նոր սերունդ» կազմակերպութիւնը երկրորդ տարին ըլլալով գործարկած է նոր նախագիծ մը, որ կը կոչուի «Հայկական ճեմարան»: Նպատակն է ստեղծել հարթակ մը, ու կը քննարկուին հայագիտութեան ամենատարբեր ոլորտներուն վերաբերող հարցեր` հայ եւ օտար մշակութային գործիչներու մասնակցութեամբ:
Էրզրումի ազատագրումը պատմական ակնարկով ներկայացուցած են փեթերզպուրկցի յայտնի պատմաբաններ Պորիս Քիփնիսը եւ Անտրէ Պարանովսքին:
ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com