Տաւութօղլու Ռուս-Թրքական Յարաբերութիւններու Լարուածութեան Համար Կը Մեղադրէ Ռուսիան

24 փետրուար 2016
Davutoglu_AZTAG-1
Ահմեթ Տաւութօղլու

Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու «Ժազիրա»-ի թրքական ծառայութեան հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտնած է, որ ռուս-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը կը գտնուի Ռուսիոյ ձեռքը:

Անդրադառնալով թրքական կործանիչներու կողմէ ռուսական ռմբաձիգի վար առնուելուն` Թուրքիոյ վարչապետը ըսած է.«Մենք չենք զղջար մեր սահմանը պաշտպանելու համար: Վստահաբար, այդ օդանաւը վար առնելէ առաջ չէինք գիտեր, որ անիկա ռուսական է: Հաւանաբար անիկա պատկանէր նաեւ Սուրիոյ իշխանութիւններուն»:

Տաւութօղլու դարձեալ խօսած է իր երկրին սահմանները պաշտպանելու իրաւունքին մասին` ընդգծելով, որ իրենք բազմիցս զգուշացուցած էին Ռուսիան` չխախտել Թուրքիոյ օդային սահմանը:

«Ինչպէս միւս երկիրներու պարագային, Ռուսիոյ հետ եւս կ՛ուզենք զարգացնել մեր յարաբերութիւնները: Այս պատճառով է, որ յարաբերութիւններուն աւելի չվնասելու համար մինչեւ այս պահս շատ ուշադիր էինք:

Սակայն, դժբախտաբար, ռուսական կողմը լարուածութիւնը աւելի ուժեղացուցած է», ըսած է Տաւութօղլու` աւելցնելով նաեւ, որ ռուսական օդանաւի վար առնուիլը Ռուսիոյ ուղղուած պատգամ մը չէր:

ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail