Անդրանիկ ( Օզանեան, 1866-1927 ) Ամենայն Հայոց Քաջարի ՄԱՐՏԻԿը

25 Փետրուար 2016
antranig-4
Իբ­րեւ ար­ծիւ սա­ւառ­նում ես լեռ ու ժայռ,
Թն­դաց­նում ես եր­կինք-գե­տին տեն­չա­վառ,
Սուրբ ա­նունդ պի­տի յի­շո­ւի դա­րէ­դար,
Հս­կայ լե­րինք քեզ ա­պաս­տան Անդ­րա­նիկ:
antranig-34
Մեր սե­րունդ­նե­րու մտքին եւ սրտին մէջ այս­պէ՛ս, ժո­ղովր­դա­կան սի­րո­ւած եր­գի վե­րա­ծո­ւած Ա­շուղ Շե­րա­մի ա՛յս պատ­կե­րով կը ներ­կա­յա­նայ ա­ռինք­նող դէմ­քը Անդ­րա­նի­կի,
ո­րուն ծննդեան տա­րե­դար­ձը մեր ժո­ղո­վուր­դը կը նշէ Փետ­րո­ւար 25ին։

Քաջ, խի­զախ եւ ան­պար­տե­լի հե­րոս­ներ միշտ ալ ու­նե­ցած է մեր ժո­ղո­վուր­դը։ Բո­լորն ալ ի­րենց ան­զու­գա­կան տե­ղը ու­նին հա­յոց ազ­գա­յին-հա­ւա­քա­կան յի­շո­ղու­թեան մէջ։ Իր ազ­գա­յին հե­րոս­նե­րէն իւ­րա­քան­չիւ­րին մէջ հայ ժո­ղո­վուր­դը խտա­ցու­ցած է հա­ւա­քա­կան իր ու­ժին, կամ­քին եւ հո­գե­կեր­տո­ւած­քին ա­մէ­նէն ա­ռինք­նող եւ ո­գե­ւո­րիչ ստո­րո­գե­լի­նե­րը։

Ազ­գա­յին Հե­րոս­նե­րու հայ­կա­կան հա­մաս­տե­ղու­թեան մէջ է, ա­հա՛, որ իր փայ­լուն եւ բարձ­րա­դիր տե­ղը կը գրա­ւէ Անդ­րա­նիկ՝ ի­րա­ւամբ մարմ­նա­ւո­րե­լով Ա­մե­նայն հա­յոց քա­ջա­րի ՄԱՐՏԻ­Կի ա­ւան­դը։

Դաշ­նակ­ցու­թեան մէջ կազ­մա­ւո­րո­ւած ու դաշ­նակ­ցա­կա­նօ­րէն իր հա­սա­կը բարձ­րա­ցու­ցած ֆե­տա­յին ու խմբա­պետն է Անդ­րա­նիկ, որ նոյ­նինքն Դաշ­նակ­ցու­թեան կամ­քով կեն­դա­նի ա­ռաս­պե­լի վե­րա­ծո­ւե­ցաւ դեռ 1890ա­կան­նե­րու վեր­ջե­րուն, երբ Սաս­նոյ լեռ­նե­րուն վրայ իր ա­ռա­ջին քայ­լե­րը կը նե­տէր Հա­յաս­տա­նի ա­զա­տագ­րու­թեան յա­րա­տեւ կռո­ւի ա­րիւ­նոտ ճա­նա­պար­հին։

Այդ­պէ՛ս էր, որ Ա­ռա­քե­լոց Վան­քի կռո­ւով հե­րո­սա­ցած ու Աղ­բիւր Սե­րո­բի ա­նարգ գլխատ­ման վրէ­ժը լու­ծած դաշ­նակ­ցա­կա՛ն Անդ­րա­նի­կը ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս Ազ­գա­յին Հե­րո­սի պա­տո­ւան­դա­նին բարձ­րա­ցո­ւե­ցաւ դեռ Սաս­նոյ Երկ­րորդ Ապս­տամ­բու­թեան օ­րե­րուն։ Կը բա­ւէ թեր­թա­տել Հ.Յ.Դ. պաշ­տօ­նա­թերթ «Դ­րօ­շակ»ի այդ շրջա­նի հա­մար­նե­րը, հաս­տա­տե­լու հա­մար, որ Ա­ւե­տիս Ա­հա­րո­նեա­նի, Ա­ւե­տիք Ի­սա­հա­կեա­նի եւ Սիա­ման­թո­յի շուն­չով, այ­լեւ ու մա­նա­ւանդ Ք­րիս­տա­փո­րի խրա­խու­սան­քով՝ ինչ­պէ՛ս «սա­ւառ­նող ար­ծիւ» հռչա­կո­ւե­ցաւ եւ հայ յե­ղա­փո­խա­կա­նի մար­տու­նա­կու­թեան խորհր­դա­նիշ դար­ձաւ Անդ­րա­նիկ։

Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը եր­բեք չփոր­ձեց կու­սակ­ցա­կա­նաց­նել Անդ­րա­նի­կը, այլ Հ.Յ.Դ. մար­տա­կան ա­ւանդ­նե­րուն ա­ռա­ւե­լա­գոյն մարմ­նա­ւո­րու­մը տես­նե­լով Անդրա­նի­կի մէջ՝ Ազ­գա­յին Հե­րո­սի փառ­քով հայ ժո­ղո­վուր­դին յանձ­նեց իր ծո­ցին մէջ սնու­ցած կեն­դա­նի ա­ռաս­պե­լը։

1866ի Փետ­րո­ւար 25ի այս օ­րը, Շա­պին Գա­րա­հի­սա­րի մէջ, հա­մեստ ա­տաղ­ձա­գործ Թօ­րիկ Էմ­միի յար­կին տակ ծնած Անդ­րա­նիկ Օ­զա­նեա­նը կո­չո­ւած էր մարմ­նա­ւո­րե­լու հայ ժո­ղո­վուր­դին ար­դի ժա­մա­նակ­ներ մուտք գոր­ծե­լու խո­յան­քը։ Ու­նե­ցաւ հա­մեստ ծա­գում, ապ­րե­ցաւ պարզ հա­յու կեան­քով, ու­զեց ար­դար վաս­տա­կով ա­պա­հո­վել իր օ­րա­ւուր հա­ցը, բայց շա­րու­նա­կա­բար դէմ յան­դի­ման գտնո­ւե­ցաւ թրքա­կան բռնա­տի­րու­թեան եւ կե­ղե­քու­մին, օս­մա­նա­կան հա­յա­ջինջ խոր­շա­կին եւ թրքա­մոլ խա­ւա­րամ­տու­թեան։
Հա­զիւ ե­րի­տա­սարդ էր, 18 տա­րե­կան, երբ հա­յոց ա­ւան­դա­կան օ­րէն­քով ա­մուս­նա­ցաւ, բայց դժբախ­տու­թիւ­նը ու­նե­ցաւ կորսնց­նե­լու իր կինն ու նո­րա­ծի­նը եւ, այ­նու­հե­տեւ, ամ­բող­ջո­վին նո­ւի­րո­ւե­ցաւ ու կա­պո­ւե­ցաւ իր ազ­գին։

Հա­յոց յե­ղա­փո­խա­կան զար­թօն­քը վա­րա­կած էր նաեւ Շա­պին Գա­րա­հի­սա­րի հա­յու­թիւ­նը եւ Անդ­րա­նիկ փա­րե­ցաւ տեղ­ւոյն Վ­ռամ­շա­պուհ քա­հա­նա­յի (որ հե­տա­գա­յին պի­տի դառ­նար Փա­րի­զի հա­յոց ա­ռաջ­նորդ) կազ­մած յե­ղա­փո­խա­կան գաղտ­նի խմբա­կին։ Մատ­նու­թեան մը հե­տե­ւան­քով խմբա­կը գաղտ­նա­զեր­ծո­ւե­ցաւ, իսկ ան­դամ­նե­րը ձեր­բա­կա­լո­ւե­ցան։

Ե­րի­տա­սարդ Անդ­րա­նիկ կար­ճա­տեւ բան­տար­կու­թե­նէ ետք ա­զատ ար­ձա­կո­ւե­ցաւ, ան­ցաւ Պո­լիս, ուր հիւս­նի աշ­խա­տան­քով իր կեան­քը կ’ա­պա­հո­վէր եւ, միա­ժա­մա­նակ, պան­դուխտ հայ ե­րի­տա­սարդ­նե­րու մօտ, ազ­գա­յին-յե­ղա­փո­խա­կան շուն­չով ինք­նա­կազ­մա­կերպ­ման աշ­խա­տանք կը ծա­ւա­լէր։ 1892ին ան­դա­մագ­րո­ւե­ցաւ Դաշ­նակ­ցու­թեան։ Այդ­պէ՛ս մաս­նակ­ցե­ցաւ 1895ի Պա­պը Ա­լիի մեծ ցոյ­ցին, ո­րուն ան­փա­ռու­նակ վախ­ճա­նէն ետք ան­ցաւ Կով­կաս։

Եր­կիր մտնե­լու եւ յե­ղա­փո­խա­կան բուն գոր­ծին նո­ւի­րո­ւե­լու գա­ղա­փա­րա­կան կրա­կով ե­ռե­ւե­փող իր սե­րուն­դին հետ՝ ողջ էու­թեամբ կը տո­գո­րո­ւէր նաեւ Անդ­րա­նիկ, որ վեր­ջա­պէս 1896ի Յու­լի­սին բախ­տը ու­նե­ցաւ, պարս­կա­կան սահ­մա­նէն Վան անց­նող Վազ­գէ­նի եւ Գուր­գէ­նի խում­բին հետ, իբ­րեւ պարզ զի­նո­ւոր մտնե­լու Եր­կիր՝ հաս­նե­լու հա­մար Սա­սուն եւ իր ճա­կա­տա­գի­րը կա­պե­լու Տա­րօ­նայ Աշ­խար­հին։

Շատ կարճ ժա­մա­նա­կի մէջ հաս­տա­տո­ւե­ցաւ Անդրա­նի­կի հռչա­կը՝ իբ­րեւ քաջ ֆե­տա­յի, խի­զախ մար­տիկ եւ յան­դուգն ռազ­միկ, որ թէ՛ կազ­մա­կեր­պա­կան բնա­տուր տա­ղանդ ու­նէր, թէ՛ ռազ­մա­կան վտան­գա­ւոր պա­հե­րը դի­մագ­րա­ւե­լու բա­ցա­ռիկ ըն­դու­նա­կու­թիւն։ Իսկ ժո­ղո­վուր­դի զա­ւա­կի իր նկա­րագ­րով, ըն­կե­րա­կան բնա­ւո­րու­թեամբ եւ պար­զու­թեամբ՝ Անդ­րա­նիկ ան­մի­ջա­պէս դար­ձաւ սա­սուն­ցի թէ Հա­յաս­տան Աշ­խար­հի տար­բեր շրջան­նե­րէն Սա­սուն փու­թա­ցած հայ յե­ղա­փո­խա­կան­նե­րու սի­րե­լին, վստա­հե­լին ու խմբա­պե­տը։

Սե­րոբ Աղ­բիւ­րի մատ­նու­թե­նէն եւ ա­նարգ գլխա­տու­մէն ետք, Անդ­րա­նիկ իր ըն­կեր­նե­րով լու­ծեց Սե­րո­բի վրէ­ժը, գլխա­տեց Պ­շա­րա Խա­լի­լը եւ, այ­նու­հե­տեւ, իր բո­լոր ու­ժե­րով նո­ւի­րո­ւե­ցաւ Սաս­նոյ յե­ղա­փո­խա­կան կազ­մա­կերպ­ման աշ­խա­տանք­նե­րուն՝ Վա­հա­նի, Հ­րայր Դ­ժոխ­քի, Գուր­գէ­նի, Գէորգ Չա­ւու­շի եւ ա­նո­ւա­նի միւս հայ ֆե­տա­յի­նե­րու կող­քին։

Սաս­նոյ երկ­րորդ ապս­տամ­բու­թեան, Անդ­րա­նիկ ընտ­րո­ւե­ցաւ զի­նո­ւո­րա­կան ընդ­հա­նուր հրա­մա­նա­տար եւ ամ­բող­ջա­պէս ար­դա­րա­ցուց ի­րեն հան­դէպ ցու­ցա­բե­րո­ւած վստա­հու­թիւ­նը։ Ոչ միայն հրաշք­ներ գոր­ծեց կռիւ­նե­րու ըն­թաց­քին, այ­լեւ մեծ ռազ­մա­գէ­տի հնա­րամ­տու­թեամբ ղե­կա­վա­րեց ֆե­տա­յի­նե­րու Սա­սու­նէն հե­ռա­ցու­մը դէ­պի Վան եւ պարս­կա­կան սահ­ման, երբ նա­հան­ջի ո­րո­շու­մը կա­յա­ցու­ցին Տա­րօ­նի եւ Վաս­պու­րա­կա­նի դաշ­նակ­ցա­կան կազ­մա­կեր­պու­թեանց ղե­կա­վար գոր­ծիչ­նե­րը, Աղ­թա­մար կղզիի վրայ ի­րենց ու­նե­ցած մե­ծա­թիւ խորհր­դակ­ցա­կան ժո­ղո­վին։

Այ­նու­հե­տեւ՝ հայ ժո­ղո­վուր­դի աս­տան­դա­կան կեան­քին բաժ­նե­կի­ցը դար­ձաւ Անդ­րա­նիկ եւ ո՛ւր որ ալ գնաց, Ե­գիպ­տոս, Ժը­նեւ թէ Պուլ­կա­րիա, ա­մէ­նուր Անդ­րա­նիկ ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս տէր կանգ­նե­ցաւ հայ ազ­գա­յին-ազա­տագ­րա­կան շարժ­ման մար­տա­կան ղե­կա­վա­րի՝ դաշ­նակ­ցա­կան հայ­դու­կա­պե­տի իր կո­չու­մին։

Իբ­րեւ այդ­պի­սին մաս­նակ­ցե­ցաւ 1907ի Հ.Յ.Դ. 4րդ Ընդ­հա­նուր Ժո­ղո­վին եւ կա­րե­ւոր ներդ­րում ու­նե­ցաւ հայ ա­զա­տագ­րա­կան շար­ժու­մը ա­րեւմ­տա­հա­յու եւ ա­րե­ւե­լա­հա­յու պա­ռակ­տու­մէն փրկե­լու եւ Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը ա­ւե­լիով միա­կամ ու հզօր վե­րա­կանգ­նե­լու դժուա­րին գոր­ծին յա­ջո­ղու­թեամբ պսա­կու­մին մէջ։ Իբ­րեւ այդ­պի­սին իր ղե­կա­վար մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ նաեւ Պուլ­կա­րիոյ մէջ, 1909ին, Հ.Յ.Դ. Զի­նո­ւո­րա­կան վար­ժա­րա­նի ստեղծ­ման ու կազ­մա­կերպ­ման մէջ՝ Ռոս­տո­մի կող­քին։

1908ի Օս­մա­նեան Սահ­մա­նադ­րու­թեան նկատ­մամբ թե­րա­հա­ւա­տու­թեան դրօշ պար­զող ա­ռա­ջին դաշ­նակ­ցա­կան­նե­րէն ե­ղաւ Անդ­րա­նիկ, որ ի տես Իթ­թի­հա­տի հետ Դաշ­նակ­ցու­թեան սկզբնա­կան գոր­ծակ­ցու­թեան՝ նաեւ հրա­պա­րա­կաւ ու ցու­ցադ­րա­կա­նօ­րէն Դաշ­նակ­ցու­թե­նէն հե­ռա­ցաւ, բայց միայն ժա­մա­նա­կա­ւո­րա­պէս, ո­րով­հե­տեւ երբ 1912-1913ի Պալ­քա­նեան Պա­տե­րազ­մին Դաշ­նակ­ցու­թիւ­նը դի­մեց իր հայ­դու­կա­պե­տին, Անդրա­նիկ ան­վե­րա­պա­հօ­րէն լծո­ւե­ցաւ հայ­կա­կան գուն­դի կազ­մու­թեան գոր­ծին՝ պուլ­կար­նե­րու կող­քին պա­տե­րազ­մի դաշտ իջ­նե­լու եւ ան­վի­ճե­լի զօ­րահ­րա­մա­նա­տա­րի իր կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը վերջ­նա­կա­նա­պէս նո­ւի­րա­գոր­ծե­լու հա­մար։

Այ­նու­հե­տեւ զօ­րահ­րա­մա­նա­տա­րի աս­պա­րէզ մը ե­ղաւ Անդ­րա­նի­կի կեան­քը։ Դաշ­նակ­ցու­թեան հետ գա­ղա­փա­րա­կան իր պոր­տա­կա­պը անխ­զե­լի պա­հե­լով հան­դերձ՝ Անդ­րա­նի­կի մէջ զօ­րահ­րա­մա­նա­տար գոր­ծի­չը շա­րու­նակ ներ­քին բախ­ման մէջ ե­ղաւ դաշ­նակ­ցա­կան կազ­մա­կեր­պա­կան գոր­ծի­չին հետ. հա­կադ­րո­ւե­ցաւ օ­րո­ւան մար­մին­նե­րու քա­ղա­քա­կան ո­րո­շում­նե­րուն եւ կազ­մա­կեր­պա­կան տնօ­րի­նում­նե­րուն. ընդ­հան­րա­պէս թե­րա­հա­ւա­տու­թեամբ եւ վե­րա­պա­հու­թեամբ մօ­տե­ցաւ Թիֆ­լիս կեդ­րո­նա­ցած ղե­կա­վա­րու­թեան քայ­լե­րուն եւ կար­գադ­րու­թիւն­նե­րուն։ Բայց երբ Հ.Յ.Դ. Բիւ­րոն պաշ­տօ­նա­պէս դի­մեց Անդ­րա­նի­կին, որ­պէս­զի իր ղե­կա­վար դե­րը ստանձ­նէ 1915ին Հայ Կա­մա­ւո­րա­կան Շարժ­ման կազ­մա­կերպ­ման մէջ, Անդ­րա­նիկ ան­վա­րան ըն­դա­ռա­ջեց եւ ստանձ­նեց Կա­մա­ւո­րա­կան Ա­ռա­ջին Գուն­դի հրա­մա­նա­տա­րու­թիւ­նը։

Մեծ Զօ­րա­վա­րի գոր­ծու­նէու­թեան տա­րի­ներ ե­ղան Անդ­րա­նի­կի ո­գո­րում­նե­րը ռազ­մա­դաշ­տե­րուն վրայ՝ մին­չեւ 1920 թո­ւա­կա­նը եւ Հա­յաս­տա­նէն Անդ­րա­նի­կի վերջ­նա­կան հե­ռա­ցու­մը դէ­պի Պալ­քան­ներ, Ֆ­րան­սա եւ ի վեր­ջոյ Մ. Նա­հանգ­ներ։

Զօ­րահ­րա­մա­նա­տա­րի իր աս­պա­րէ­զի ըն­թաց­քին՝ յատ­կա­պէս Դիլ­մա­նի ճա­կա­տա­մար­տը պատ­մա­կան նշա­նա­կու­թեամբ դափ­նեպ­սակ կազ­մեց Անդ­րա­նիկ Զօ­րա­վա­րի զի­նո­ւո­րա­կան կեան­քին մէջ՝ դաշ­նակ­ցա­կան ֆե­տա­յին եւ հա­յոց ազ­գա­յին հե­րո­սը ար­ժա­նաց­նե­լով ցա­րա­կան բա­նա­կի սպա­յա­կոյ­տին բարձ­րա­գոյն գնա­հա­տան­քին։

Բայց 1917ի Պոլ­շե­ւի­կեան յե­ղա­փո­խու­թեամբ սկսած ռուս-թրքա­կան ռազ­մա­ճա­կա­տի ընդ­հա­նուր փլու­զու­մը իր ծան­րա­գոյն անդ­րա­դար­ձը ու­նե­ցաւ ինչ­պէս Հա­յաս­տա­նի ու հայ ժո­ղո­վուր­դի, նոյն­պէս եւ Անդ­րա­նի­կի ազ­գա­նո­ւէր գոր­ծու­նէու­թեան վրայ։ Յատ­կա­պէս Կար­նոյ մէջ իր ռազ­մա­կան ձա­խո­ղու­թե­նէն եւ քա­ղա­քի պար­պու­մէն ետք, Անդ­րա­նիկ մատ­նո­ւե­ցաւ ներ­քին ան­դո­հան­քի, որ շա­րու­նա­կո­ւե­ցաւ մին­չեւ իր մա­հը՝ հա­կա­սու­թիւն­նե­րու, ինք­նա­հաս­տատ­ման եւ ինք­նաժխ­տու­մի ծանր պա­հեր ստեղ­ծե­լով անն­ման Անդ­րա­նի­կի կեան­քի վեր­ջա­լոյ­սին։

Այդ ա­ռու­մով, օ­րի­նակ, բնաւ չըն­դու­նեց Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան հռչա­կու­մը. Հա­յաս­տա­նի ան­կախ պե­տա­կա­նու­թեան ստեղ­ծու­մը «թուր­քե­րու նո­ւէ­րը» հռչա­կող­նե­րէն ե­ղաւ. նոյ­նիսկ Էջ­միա­ծին բա­նա­կած՝ Ե­րե­ւա­նի վրայ յար­ձա­կե­լու սպառ­նա­լիք ալ ը­րաւ… Բայց մին­չեւ Հա­յաս­տա­նէն վերջ­նա­կան հե­ռա­ցու­մը, որ ի դէպ Դաշ­նա­կից­նե­րու՝ անգ­լիա­կան բա­նա­կի հրա­մա­նա­տա­րու­թեան ցուց­մուն­քով կա­տա­րո­ւե­ցաւ, Անդ­րա­նիկ իր կա­մա­ւոր­նե­րով փու­թաց հոն, ուր թրքա­կան վտանգ կար։
Զան­գե­զու­րը, իբ­րեւ այդ­պի­սին, հան­դի­սա­ցաւ թրքա­կան զօր­քի դէմ հա­յոց պաշտ­պա­նու­թեան վեր­ջին ռազ­մա­ճա­կա­տը Անդ­րա­նի­կի եր­կա­րա­մեայ գոր­ծու­նէու­թեան ըն­թաց­քին։

Ար­տա­սահ­ման անց­նե­լով՝ Անդ­րա­նիկ ամ­բող­ջա­պէս շրջա­պա­տո­ւե­ցաւ հայ ու­նե­ւոր եւ պահ­պա­նո­ղա­կան խա­ւին կող­մէ։ Պօ­ղոս Նու­պար փա­շա­յի կնքա­հայ­րու­թեամբ ա­մուս­նա­ցաւ ալ։

Գ­րեց եւ խօ­սե­ցաւ Դաշ­նակ­ցու­թեան դէմ, որ սա­կայն եր­բեք հան­դէս չե­կաւ իր զաւ­կին դէմ, ընդ­հա­կա­ռակն՝ միայն հաս­կա­ցո­ղու­թեամբ ու նե­րո­ղամ­տու­թեամբ նա­յե­ցաւ ա­նոր ներ­քին տո­ւայ­տան­քին, ո­րով­հե­տեւ հայ ժո­ղո­վուր­դի պատ­մու­թեան ա­նո­ղոք ճա­կա­տագ­րին հա­րա­զատ ու դառ­նա­գոյն ցո­լա­ցումն էր Անդ­րա­նի­կի կեան­քի վեր­ջա­լոյ­սին վրայ իշ­խող այդ Մեծ Ցա­ւը…

61 տա­րե­կան էր Դաշ­նակ­ցա­կան Ֆե­տա­յին, Հա­յոց Զօ­րա­վարն ու Ազ­գա­յին Հե­րո­սը, երբ 31 Օ­գոս­տոս 1927ին առ­յա­ւէտ փա­կեց իր աչ­քե­րը։ Ֆ­րեզ­նո­յի ցուրտ հո­ղէն իր ա­ճիւն­նե­րը փո­խադ­րո­ւե­ցան Փա­րիզ եւ ազ­գա­յին մեծ շու­քով ամ­փո­փո­ւե­ցան Փէր­լա­շէ­զի գե­րեզ­մա­նա­տու­նը։

Հա­կա­ռակ հայ­րե­նի­քի մէջ թա­ղո­ւե­լու Անդ­րա­նի­կի կտա­կին՝ Խորհր­դա­յին Հա­յաս­տա­նի ա­տե­նի իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը չու­զե­ցին կա­տա­րել Անկրկ­նե­լի Հա­յուն կտա­կը եւ միայն 2000ին, վե­րան­կա­խա­ցեալ Հա­յաս­տա­նի Հան­րա­պե­տու­թեան օ­րով, Անդ­րա­նիկ իր ար­ժա­նի տեղն ու վերջ­նա­կան հան­գիս­տը գտաւ Ե­ռաբ­լու­րի մէջ։

ԱԶԱՏՕՐ
http://www.azator.gr

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail