25 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2016
Ինչպէս կը հաղորդէ «Ռատիքալ» թերթը, այն հարցէն ետք, երբ թերթը անդրադարձած է այս դէպքին, Վաքֆերու վարչութիւնը հրաժարած է իր որոշումէն եւ յայտարարած, որ Պուրսայի եկեղեցին, որ լատին կաթոլիկները, գերմանացի կաթոլիկները, ուղղափառներն ու բողոքականները համատեղ օգտագործած են որպէս Աստուծոյ տաճար, պիտի մնայ քրիստոնեաներուն, կը գրէ Akunq.net-ը:
Համաձայն «Ռատիքալի»` Վաքֆներու վարչութեան իրաւասուները զանգահարած են Պուրսայի բողոքական եկեղեցւոյ քահանայ Իսմայիլ Քուլաքչըօղլուին եւ յայտնած, որ նախկինի պէս եկեղեցին պիտի շարունակէ օգտագործուիլ կրօնական նպատակներով: Լուրը ուրախութեամբ ընդունելով` քրիստոնեաները պահանջած են նոր արձանագրութիւն կազմելու համար հանդիպիլ Պուրսայի քաղաքապետ Ռեճէպ Ալթեփէի եւ Օսմանգազիի քաղաքապետ Մուսթաֆա Տիւնտարի հետ:
Յիշեցնենք, որ 2002-2004 թուականներուն Պուրսայի քաղաքապետարանին հետ ստորագրուած արձանագրութեան համաձայն` Պուրսայի 4000 քրիստոնեաներէ բաղկացած համայնքը եկեղեցին կ’օգտագործէր որպէս Աստուծոյ տաճար: Ինչպէս կը տեղեկացնէ բողոքական եկեղեցւոյ քահանայ Իսմայիլ Քուլաքչըօղլուն, 2015-ին այդ արձանագրութիւնը կորսնցուցած էր իր ուժը:
Երբ դիմած էին քաղաքապետարանին, պատասխանած էին, թէ արձանագրութիւնը վերահաստատելու համար ընկերութիւն ստեղծեն եւ այդ կարգավիճակով դիմեն: Սակայն նման կարգավիճակով դիմելէ յետոյ ստացած են «եկեղեցին ազատէք» հրահանգը:
Ըստ Քուլաքչըօղլուի` զանգահարած եւ դիմած էին Վաքֆներու վարչութեան, սակայն վարչութիւնը ժամանակ տուած էր մինչեւ անցած ուրբաթ օրը եւ հրահանգած. «Անցեալին գրաւոր կամ բանաւոր համաձայնագիր չէ եղած, քանի մը օրուան ընթացքին դատարկէք, եւ մեզի յանձնէք»:
ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com