25 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2016
Սուրիոյ կառավարական զօրքերը վերադարձուցած են Խանասէր բնակավայրի նկատմամբ վերահսկողութիւնը, որ կը գտնուի Հալէպի մատակարարման հիմնական ճանապարհի վրայ: Ճանապարհը ԻՊ-ի զինեալներէն ազատագրելու մասին յայտնած են սուրիական բանակի ռազմական աղբիւրները:
Աւելի վաղ «Իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորումը գրաւած էր այդ շրջանը:
«Բանակը աշխարհազօրային ուժերու աջակցութեամբ կրցաւ ԻՊ-էն ետ վերցնել Խանասէրը, որ գրաւելով` զինեալները կաթուածահար ըրած էին դէպի Հալէպ տանող միակ ճանապարհը»,- ըսած է աղբիւրը, Ռիա Նովոստիի յղումով կը գրէ Tert.am-ը:
Ռազմավարական նշանակութիւն ունեցող բնակավայրի համար մարտեր կ՛ընթանային քանի մը օր շարունակ: Բանակը կ՛օգտագործէր նաեւ օդաններն ու հրետանին:
Դեռ Խանասեր- Հալէպ ճանապարհի երթեւեկութիւնը չէ վերականգնուած է, քանի որ հաւանականութիւն կայ, որ ահաբեկիչները հակահարուած կը հասցնեն:
Խանասեր-Հալէպ ճանապարհը միակն է, որով զէնք կը հասնի Հալէպի մէջ սուրիական զօրքին, եւ միաժամանակ կենսական նշանակութիւն ունի Հալէպ սննդամթերք, վառելիք ու այլ անհրաժեշտ պարագաներ հասցնելու համար:
Նոյեմբեր 4-ին սուրիական բանակի մարտիկները աշխարհազօրայիններու աջակցութեամբ ազատագրած են Խանասէրի մայրուղին Համա քաղաքէն դէպի արեւելք: Այդ մայրուղին «կեանքի ճանապարհ» կ՛անուանեն, քանի որ ատով կ՛իրականացուի Սուրիոյ հիւսիսային մայրաքաղաք Հալէպի մատակարարումը: Մինչ այդ ան շրջափակուած էր «Իսլամական պետութեան» եւ «Ջէպհաթ ալ Նուսրա» ահաբեկչական խմբաւորումներուն կողմէ:
Ինչպէս յայտնած է «Ուաթան» թերթը, ազատագրուած է մայրուղիէն 15 քմ․խորութեամբ տարածք:
ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com