26 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2016
Սուրիոյ հարցով ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարի յատուկ բանագնաց Սթեֆան տը Միսթուրա Ժընեւի մէջ լրագրողներուն յայտնեց, որ այսօր պիտի յայտարարէ Ժընեւի մէջ միջսուրիական բանակցութեանց նոր հանգրուանի սկսման թուականը` աւելցնելով, որ այսօր նաեւ Ժընեւի մէջ պիտի գումարուի Սուրիոյ մէջ զինադուլի հարցով խումբը:
Նախապէս սուրիական ընդդիմութենէն աղբիւր մը, որ մասնակցած է բանակցութիւններու նախորդ հանգրուանին, ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան յայտնած էր, որ Ժընեւի մէջ Սուրիոյ կառավարութեան եւ ընդդիմութեան պատուիրակութիւններուն մասնակցութեամբ բանակցութիւններու վերսկսումը կը նախատեսուի մարտի առաջին շաբթուան ընթացքին:
«Սքայ Նիուզ» հաղորդեց, որ սէուտցի 30 զինուորներ երէկ հասած են Թուրքիոյ Ինճիրլիք ռազմակայան եւ այսօր իրենց կարգին նոյն վայր պիտի հասնին սէուտական օդուժի 4 «Էֆ-16»-եր
:
Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու յայտնեց, որ Սէուտական Արաբիա սկսած է իր անձնակազմերը Ինճիրլիք ուղարկել, իսկ սէուտական օդանաւերը վաղը կը սկսին հասնիլ թրքական ռազմակայան: Ան նշեց, որ Իսլամական դաշինքը երկիրներու միջեւ համակարգումի համար է, ինչպէս` գաղտնի սպասարկական տեղեկութիւններու փոխանակման, եւ ոչ թէ իսլամական բանակի մը ստեղծումը, ուստի իւրաքանչիւր բանակ իր երկրին մէջ կը գտնուի: Ան աւելցուց, որ ահաբեկչութեան դէմ պայքարը միայն ՏԱՀԵՇ-ին չի վերաբերիր, այլ բոլոր ահաբեկչական կազմակերպութիւններուն:
Թրքական դիւանագիտութեան պետը ըսաւ, որ Ռուսիան ու Սուրիան նախապէս որդեգրուած միջազգային որոշումներուն յանձնառու չմնացին եւ Ժընեւի մէջ բանակցութիւններուն կասեցման պատճառը ռուսական օդային հարուածներն էին:
Չաւուշօղլու ըսաւ, որ Սուրիոյ քրտական Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան նկատմամբ Միացեալ Նահանգներու կեցուածքին մէջ հակասութիւն մը գոյութիւն ունի, որովհետեւ ահաբեկչական կազմակերպութեան մը դէմ պայքարելու համար մէկ այլ ահաբեկչական կազմակերպութեան վստահիլը շատ վտանգաւոր հարց է:
Մինչ այդ, Թուրքիոյ վարչապետ Ահմեթ Տաւութօղլու յայտարարեց, որ իր երկիրը Սուրիոյ մէջ զինադուլին յանձնառու պիտի չմնայ, եթէ Թուրքիոյ անվտանգութիւնը վտանգուի:
ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com