26 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2016
Մոսկուայի ռազմատեխնիկական համագործակցութիւնը Երեւանի հետ թափանցիկ է` միջազգային բոլոր պարտաւորութիւններու պահպանումով. այս մասին յայտարարած է ՌԴ ԱԳՆ խօսնակ Մարիա Զախարովա, կը գրէ «Սիվիլնեթ»-ը:
«Մենք ատրպէյճանական կողմին դիւանագիտական խողովակներով արդէն հասցուցած ենք համապատասխան տեղեկատուութիւնը: Ռուսիան Հայաստանի հետ կապուած է դաշնակցային յարաբերութիւններով, անոր հետ կը զարգացնայ նաեւ ռազմատեխնիկական համագործակցութիւն: Կը կարծենք, որ ատիկա հանրայայտ փաստ է: Բացի այդ, մենք այդ համագործակցութիւնը կը վարենք թափանցիկ` զայն չթաքցնելով: Ի դէպ` որեւէ սպառազինութեան մատակարարում ինչպէս Հայաստանին, այնպէս ալ բարեկամ Ատրպէյճանին մեր կողմէ կ՛իրականացուի` մանրակրկիտ կերպով հաշուի առնելով տարածաշրջանին մէջ ուժերու հաւասարակշռութեան անհրաժեշտութիւնը»,- «Ռիա նովոսթի» գործակալութեան փոխանցմամբ` Փետրուար 25-ին ճեպազրոյցի ժամանակ յայտարարած է Զախարովա:
ՌԴ ԱԳՆ խօսնակի խօսքով` զէնքի մատակարարման հարցերով Ռուսիան անվերապահօրէն կը պահպանէ ստանձնած պարտաւորութիւններն ու կը գործէ արտահանման վերահսկողութեան ազգային համակարգի ծիրէն ներս:
Յիշեցնենք, որ Փետրուար 24-ին Ատրպէճանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը բողոք յղած էր Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան` Ռուսիայէն Հայաստանին 200 միլիոն տոլարի պետական արտահանման վարկ տրամադրելու մասին համաձայնագրի առնչութեամբ: Ատրպէյճան յայտարարած էր, որ Հայաստանին սպառազինութիւններու եւ ռազմական տեխնիկայի մատակարարումը «չի նպաստեր հակամարտութեան կարգաւորումին»:
Պաշտօնական Պաքուն Ռուսիոյ կողմէ Հայաստանին զէնքի վաճառքը որակած էր «երկակի չափանիշներու դրսեւորում» եւ յայտարարած, որ որոշ պարագաներու Ռուսիան Հայաստանին զէնք-զինամթերք կը վաճառէ «չափազանց ցած գիներով»:
ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com