Սթամպուլի Մէջ Հայկական Բողոքական Եկեղեցին Հանդիսութիւններու Սրահի Վերածուած է

26 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2016

Սթամպուլի Պէյօղլու շրջանին մէջ գտնուող հայկական բողոքական եկեղեցին վերածուած է հանդիսութիւններու սրահի: Այս մասին կը հաղորդէ Ermenihaber.am-ը՝ վկայակոչելով թրքական «Sozcu» լրատուական կայքը։

1850-ականներուն կառուցուած շինութեան առաջին յարկը ծառայած է իբրեւ դպրոց, երկրորդ յարկը` եկեղեցի: Գործած է մինչեւ 1922 թուականը: 1990-ականներու սկիզբը՝ աւերի եւ թալանի ենթարկուած եկեղեցիէն կանգուն էր միայն 4 պատ: 1995 թուականին Պէյօղլուի թաղապետարանը պատմամշակութային ժառանգութիւն համարուող եկեղեցին յայատարարեց հանրային սեփականութիւն:

Եկեղեցւոյ եւ նոր կցակառոյցի շինարարութիւնը սկսած է, երբ Պէյօղլուի թաղապետ դարձած իշխող «Արդարութիւն եւ զարգացում» կուսակցութիւնը (AKP-ազկ) ներկայացնող Ահմետ Միսպահ Տէմիրճանը: Շինարարութեան ժամանակ պահպանած են եկեղեցւոյ ճակատն ու յետնապատերը: Կից կառուցուած է եւս մէկ շինութիւն:

Շինարարութեան աւարտէն յետոյ առաջին յարկը վերածուած է մանկապարտէզի, երկրորդ յարկը` հանդիսութիւններու սրահի, իսկ կից կառոյցին մէջ սկսած է գործել ընտանեկան առողջութեան կեդրոն:

Եկեղեցին այլ նպատակներով օգտագործելու փաստը քննադատած է Սթամպուլի աւագանիի անդամ, ընդդիմադիր «Ժողովրդահանրապետական» կուսակցութեան (ԺՀԿ-CHP) ներկայացուցիչ Հիւսէյն Սաղին` ըսելով. «Պէյօղլուի ԱԶԿ-կան թաղապետը իսկապէս  կրցած է պատմական եկեղեցին վերածել «Բազմափրոֆիլ եկեղեցւոյ»:

Կ՝անարգուի ինչպէս աղօթատեղին, այնպէս ալ պատմութիւնը: Ասիկա պէտք է վերանորգուէր իբրեւ եկեղեցի եւ բացուէր պաշտամունքային արարողութիւններու համար, ինպես նաեւ պէտք է վերադարձուէր իրաւատէրերուն:

ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail