Թուրքիոյ ԱԳՆ-ն Խոջալուի Դէպքերուն Առնչութեամբ Յայտարարութիւն Տարածած Է

26 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2016

Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը (ԱԳՆ) Խոջալուի դէպքերուն 24-րդ տարելիցին առնչութեամբ ատրպէյճանական կեղծ թեզերը պաշտպանող գրաւոր յայտարարութիւն մը տարածած է:

Նախարարութեան պաշտօնական կայքին մէջ տեղադրուած յայտարարութեամբ Խոջալուի ողբերգական դէպքերուն մէջ կը մեղադրուի հայկական զինուժը, իսկ Հայաստանն ալ` «Ատրպէյճանի տարածքներու 20 տոկոսը գրաւուած պահելուն» մէջ:

Թուրքիոյ ԱԳՆ-ն ցաւակցութիւն յղած է «ատրպէյճանցի եղբայրներուն» եւ ափսոսանք յայտնած, որ Խոջալուի դէպքերը միջազգային հանրութեան կողմէ դեռ բաւականաչափ հետաքրքրութեան չեն արժանացած:

Յիշեցնենք, որ ըստ Human Rights Watch միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութեան տուեալներուն` 1992 թուականի Փետրուար 26-ին Արցախեան պատերազմի ընթացքին Աղտամ քաղաքի մատոյցներուն չբացայայտուած պայմաններու մէջ մահացած է 200-300 հոգի: 

խոջալուն կը հանդիսանար այն 5 կրակակէտերէն մէկը, ուրկէ բուռն կրակ կը բացուէր շրջափակուած Ստեփանակերտի ուղղութեամբ: Խոջալուի բնակչութիւնը ամիսներ շարունակ բռնի կերպով կը պահուէր բնակավայրին մէջ եւ մտածուած չէր տարհանուեր Ատրպէյճանի իշխանութիւններուն կողմէ` յետագային զանոնք իբրեւ «կենդանի վահան» օգտագործելու նպատակով:

Խոջալուի բնակիչները, որոնք լքած էին բնակավայրը ԼՂՀ Ինքնապաշտպանական ուժերու տրամադրած մարդասիրական միջանցքով, անարգել անցած են աւելի քան 10 քմ.` հասնելով ատրպէյճանական ուժերու կողմէ վերահսկուող Աղտամ քաղաք: Աւելի ուշ ատրպէյճանական զօրքերու տեղակայման վայրէն ոչ հեռու յայտնաբերուած են բնակավայրի մահացած բնակիչներու դիերը:

Զոհերու ստոյգ թիւը դեռ անյայտ է, քանի որ պաշտօնական Պաքուն կը հրապարակէ իրար հակասող թիւեր: Ատրպէյճանի խորհրդարանի` այս բնակիչներու ողբերգական մահուան հետաքննութեամբ զբաղուող յանձնաժողովը ցրուած է Հէյտար Ալիեւի հրամանով, իսկ հետաքննական նիւթերը գաղտնի պահուած են:

ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail