Նախարար Լեւոն Մկրտչեան. «Դպրոցներու Տնօրէններն Ու Մանկավարժները Պէտք Է Քաղաքականութենէն Դուրս Ըլլան»

26 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2016

25 փետրուարին գումարուած կառավարութեան նիստէն ետք, կրթութեան եւ գիտութեան նոր նշանակուած նախարար Լեւոն Մկրտչեան զրուցած է լրագրողներուն հետ ու պատասխանած անոնց հարցումներուն:

4-րդ անգամ ըլլալով նոյն պաշտօնին նշանակուելու մասին հարցումին պատասխանելով` ան ըսած է, որ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինը իր թեկնածութիւնը յարմար նկատած է: Նոր նշանակուած նախարարը լրագրողներէն խնդրած է երկու շաբաթ ժամանակ տալ իրեն, որպէսզի ծանօթանայ նախարարութեան հարցերուն, ապա համապարփակ կերպով ներկայացնել կացութիւնը:

Ան յիշեցուցած է, որ այս տարիներուն ինք կրթական համակարգէն դուրս չէ եղած, որովհետեւ դասախօս է Երեւանի պետական համալսարանին մէջ եւ ծանօթ է այս մարզի հարցերուն: Նախարարը նշած է, որ կրթութեան մարզին մէջ արդէն 15-20 տարի է, որ կան խնդիրներ:

Պատասխանելով այն հարցումին, թէ կրնա՞յ ըլլալ, որ յառաջիկային դպրոցի տնօրէններ դաշնակցականներ նշանակուին, Լեւոն Մկրտչեան ըսած է. «Ինծի համար կրթութեան համակարգի ոեւէ պաշտօնեայի համար առաջին չափորոշիչը արհեստավարժութիւնն է:

Կ՛ուզեմ յստակ յայտարարել` իմ գործունէութեանս ընթացքին այլ չափանիշ պիտի չըլլայ: Եթէ մարդ իր փորձառութեամբ եւ գիտելիքներով իր պաշտօնին ատակ ըլլայ, եթէ երիտասարդ է, ու ժամանակի պէտք ունի, խնդիր չկայ, եւ եթէ մարդը ճիշդ քատր է ու ճիշդ տեղին, ամբողջութեամբ երկրորդական է անոր կուսակցական պատկանելիութիւնը:

Կրթական համակարգը պէտք է կարելի եղածին չափ ապակուսակցականացնել, որ տնօրէններն ու ուսուցիչները զբաղուին կրթութեան որակի հարցով, ատիկա առաջնահերթութիւն է»:

Ան աւելցուցած է, որ ուսուցիչները պէտք է դառնան ուշադրութեան առարկայ, զանոնք պէտք է զերծ կացուցել դիւանակալական քաշքշուկներէն  եւ կարելիութիւն տան, որ ուսուցիչները միայն կրթութեան որակի խնդիրներով զբաղին:

ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail