27 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2016
Երէկ կէս գիշերին Ուաշինկթընի մէջ ստորագրուեցաւ Սուրիոյ մէջ զինադուլ հաստատելու համաձայնութիւնը:
Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամա յայտարարեց, որ Ուաշինկթըն իր բոլոր ջանքերը պիտի գործադրէ Սուրիոյ մէջ զինադուլ ապահովելու համար, սակայն նշեց, որ ինք պատրանքներ չունի զինադուլի վերաբերեալ:
Օպամա Միացեալ Նահանգներու ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստէն ետք յայտարարեց. «Մեզմէ ոչ ոք ինքզինք չի սփոփեր պատրանքներով:
Մենք կը գիտակցինք, որ գոյութիւն ունին բազմաթիւ ընդյատակեայ փոսեր, թերահաւատութեան պատճառներ, պատմութիւնը մեզի պիտի չներէ, եթէ մենք չկատարենք մեր աշխատանքը, որպէսզի դիւանագիտական ջանքերով վերջ դնենք ահաւոր տագնապին»: Ան նշեց, որ զինադուլը պիտի նպաստէ Սուրիոյ մէջ բռնարարքներու մակարդակի նուազեցման եւ մարդասիրական օժանդակութեան ճամբայ բանալու:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը յայտնեց, որ յառաջիկայ օրերը խիստ կարեւոր պիտի ըլլան համաձայնութիւններու իրագործման համար:
Ան յորդորեց դադրեցնել Սուրիոյ մէջ մարտական գործողութիւնները, ներառեալ` օդային հարուածները: «Ատիկա պիտի ըլլայ իւրատեսակ ստուգում մը, թէ բոլոր կողմերը որքանո՛վ պատրաստ են ճգնաժամի քաղաքական լուծման բանակցութիւններուն», յայտարարեց Օպամա:
Միացեալ Նահանգներու նախագահը նաեւ ընդգծեց, որ իր երկիրը պիտի շարունակէ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ զինուորական գործողութիւնները:
«Ես կ՛ուզեմ կատարելապէս յստակ ըսել, որ ՏԱՀԵՇ-ի նկատմամբ ոչ մէկ զինադուլ պիտի ըլլայ»:
Օպամա դարձեալ ըսաւ, որ Սուրիոյ մէջ քաղաքացիական պատերազմը պիտի չաւարտի, այնքան ատեն որ տակաւին Դամասկոսի մէջ իշխանութեան գլուխ կը մնայ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ` աւելցնելով, որ այդ հարցին շուրջ «Էական տարակարծութիւններ»-ը կը յամենան Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Իրանի եւ շրջանային քանի մը այլ դերակատարներու միջեւ:
Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին երէկ իր կարգին յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ խաղաղութեան հոլովոյթը պիտի ըլլայ դժուար, սակայն այլընտրանքը գոյութիւն չունի: Ան ընդգծեց, որ երէկ կէսգիշերին ընթացք առած զինադուլը ահաբեկիչները պիտի չներառէ:
Նշենք, որ Քրեմլին երէկ յայտարարեց. «Զինադուլի յայտարարութենէն ետք, Սուրիոյ մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներուն դէմ մեր գործողութիւնները պիտի շարունակուին»:
Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն երէկ յայտարարեց, որ «Սուրիոյ մէջ ինքնագլուխ ցամաքային գործողութեան մը պատրաստութիւններ գոյութիւն չունին»` աւելցնելով, որ իր երկիրը տեղահանուածներու ճգնաժամի մագլցում կը նախատեսէ, եթէ չդադրին Սուրիոյ բանակին յարձակումները:
Սուրիոյ խաղաղութեան բանակցութիւններուն մօտիկ աղբիւր մը «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ զինադուլին մասնակից դառնալու իրաւունքը ունեցող սուրիական ընդդիմադիր խմբաւորումներուն մեծամասնութիւնը պատրաստակամութիւն յայտնած է ատոր յանձնառու դառնալու:
Մինչ այդ, հաղորդուեցաւ, որ Սուրիոյ բանակը վերատիրացած է Հալէպ-Խանասեր ճամբուն եւ զայն առած իր ամբողջական վերահսկողութեան տակ:
ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com