29 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2016
Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը հաղորդեց, որ ՏԱՀԵՇ ուրբաթէն շաբաթ լուսցող գիշերուան ընթացքին յարձակում գործած է Թել Ապիատի դէմ, ուր բուռն բախումներ ունեցած է քրտական Ժողովրդային պաշտպանութեան ուժերուն հետ:
Դիտարանը կը նշէ, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները քաղաք ներթափանցած են, մինչ թրքական հրետանին կը ռմբակոծէր շրջանին մէջ քրտական ուժերուն դիրքերը, իսկ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի միջազգային ուժերը իրենց կարգին ռմբակոծած են յարձակում շղթայազերծած ՏԱՀԵՇ-ի ուժերուն դէմ:
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը յայտարարեց, որ Լաթաքիոյ Հումայեմ ռազմակայանին մէջ գտնուող ռուսական ապահովական համակարգումի կեդրոնը ստացած է տեղեկութիւններ, թէ Թուրքիան Թել Ապիատի դէմ յարձակում մը գործած է:
«Ինթըրֆաքս» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ Մոսկուա հարցին շուրջ բացատրութիւն պահանջելու համար կապ հաստատած է Ամմանի մէջ ամերիկեան գործողութիւններու գրասենեակին հետ: Ըստ ռուսական կողմին, շուրջ հարիւր զինեալներ Թուրքիայէն մուտք գործած են Սուրիա եւ այլ ծայրայեղականներու օժանդակութեամբ գրաւած Թել Ապիատի հիւսիսային բաժինը:
Նշենք, որ քրտական Ժողովուրդի պաշտպանութեան ուժերը յաջողեցան ետ մղել յարձակումը եւ ՏԱՀԵՇ-ի 70 զինեալներ սպաննել: Քրտական ուժերը յայտնեցին, որ ՏԱՀԵՇ Թել Ապիատի եւ Սուլուք գիւղին դէմ յարձակում գործած է Թուրքիոյ եւ Ռաքքայի կողմէն:
ՏԱՀԵՇ քրտական ուժերուն հետ բախումներէ ետք յաջողած է գրաւել Համամ Թուրքիմեն եւ Քանթարա գիւղերը:
Հակառակ ռուսական համակարգումի կեդրոնի այն յայտարարութեան, թէ զինադուլը կը շարունակէ ընդհանուր առմամբ մնալ ամուր, անցնող 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուեցան զինադուլի 9 խախտումներ, որոնցմէ 6-ը` Դամասկոսի մէջ: Կեդրոնը նշեց, որ զինեալ ընդդիմութեան վերահսկողութեան տակ գտնուող շրջաններէ հրթիռներ արձակուած են Դամասկոսի դէմ:
Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտարարեց, որ իրենք կը ջանան Սուրիոյ մէջ զինադուլը գործադրել, սակայն զինադուլի ոչ ամբողջական գործադրութեան նշաններ գոյութիւն ունին` նշելով, որ կարգ մը շրջաններու մէջ զինադուլը կը գործադրուի, իսկ ուրիշներու մէջ` ոչ:
Էրտողան նշեց, որ Լաթաքիոյ շրջանին մէջ պետութիւն հաստատել փորձողներ կան, եւ իրենք աշխատանք պիտի տանին անոնց փորձը ձախողութեան մատնելու: ՍԱՆԱ երէկ հաղորդեց, որ Թուրքիոյ հետ սահմանամերձ շրջանին մէջ գտնուող ահաբեկչական խմբաւորումներ հրասանդներէ արձակուած ռումբերով եւ հրթիռներով ռմբակոծած են Լաթաքիոյ հիւսիսային գիւղական շարք մը շրջաններ` պատճառելով զոհեր եւ վիրաւորներ:
Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարար Ատել Ժուպէյր երէկ յայտարարեց. «Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատ իշխանութենէն կա՛մ խաղաղութեամբ պիտի հեռանայ, կա՛մ ալ բռնի ուժով»` աւելցնելով. «Պաշշար Ասատ նոր Սուրիոյ մէջ տեղ չունի»:
«Եթէ սուրիական վարչակարգին ու անոր դաշնակիցներուն կողմէ լուրջ վերաբերմունք չըլլայ, ապա Սուրիոյ համար գոյութիւն ունի առանց Ասատի այլընտրանքային ծրագիր մը», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Եթէ Միջազգային դաշինքը որոշէ ցամաքային ուժեր ուղարկել Սուրիա, ապա Սէուտական Արաբիան պատրաստ է ատոր մասնակցելու»:
ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com