26 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2016
ՄՈՍԿՈՒԱ.- Թուրքիոյ քիւրտերու Քիւրտիստանի բանուորական կուսակցութեան զինեալ թեւի ղեկավարներէն Մուրատ Քարայըլան, «ՌԻԱ Նովոսթի»ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին յայտարարած է, որ Թուրքիոյ մէջ զինեալ դիմադրութիւնը պիտի շարունակուի, մինչեւ որ քիւրտերը եւ քիւրտ ղեկավար Ապտուլլահ Օճալանը անկախութիւն եւ ազատութիւն ձեռք բերեն:
Ան յայտնած է, որ քիւրտերուն դէմ Թուրքիոյ իշխանութիւններու ճնշումներուն կարելի է հակադարձել նաեւ Թուրքիոյ քաղաքներուն մէջ յարձակումներու դիմելով:
«Ցարդ մեր գործողութիւններուն համար ընտրած ենք գիւղական վայրերը, սակայն, ներկայ պայմանները կը թելադրեն մարտավարութիւնը փոխել», ըսած է Քարայըլան՝ ցաւ յայտնելով, որ Անգարա ինքնավարութեան համար պայքարիլ սկսած քիւրտերուն դէմ լայնածաւալ պատերազմ կը մղէ:
Քարայըլան նաեւ յայտարարած է, որ բազմաթիւ ապացոյցներ ունի այն մասին, թէ Թուրքիա, Սէուտական Արաբիա եւ Քաթար աջակցութիւն ցուցաբերած են «Իսլամական պետութեան» եւ այլ ծայրայեղական կազմակերպութիւններու:
«Մենք հարիւր առ հարիւր համոզուած ենք այն բանով, որ Թուրքիան կապեր ունի «Իսլամական պետութեան» հետ: Բազմիցս նկարած ենք Թուրքիոյ իշխանութեան վերնախաւի ներկայացուցիչներու հանդիպումները «Իսլամական պետութեան» անդամներուն հետ», նշած է ան:
ՀՈՐԻԶՈՆ
asbarez.com