«Դաշնակցութիւնը Ստեղծուած Է Հայ Ժողովուրդին Ծառայելու Համար» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան

27 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2016
armen_rousdamian-aztag
Արմէն Ռուստամեան

ՀՅԴ Բիւրոյի քաղաքական ներկայացուցիչ, Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան երէկ  խորհրդարանական զրոյցներու ընթացքին պատասխանեց լրագրողները հետաքրքրող հարցումներուն:

Պատասխանելով այն դիտարկումին թէ, ըստ ոմանց, երկրորդ նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանը քաղաքական դաշտէն դուրս ձգելու միտում կայ, եւ որ ըստ Լեւոն Զուրաբեանի, այդ պատճառով է, որ Հայաստանի Հանրապետական կուսակցութիւնը Դաշնակցութեան հետ համագործակցելու քայլին դիմեց, ան ըսաւ. «Զարմանալի է, որ քաղաքական դաշտէն դուրս ձգելու հարցով կը  մեղադրուին այն քաղաքական ուժերը, որ այդ անձին հետ շատ երկար տարիներու համագործակցութեան պատմութիւն ունին, եւ այն մարդիկ, որ դաւաճան ըսած են այդ մարդուն, զայն նկատած են հայութեան թիւ  մէկ թշնամի, հիմա դարձան պաշտպա՞նը:

Ինչո՞ւ, իրենք կ՛ուզեն, որ  Քոչարեանը անպայման գա՞յ: Իրենց ի՞նչ ցաւն է, ե՞րբ ուզած են, որ Քոչարեանը գայ, մենք տեղեակ չենք: Մենք Քոչարեանի դէմ չենք եղած, մենք Քոչարեանի հետ համագործակցած ենք եւ մեր յայտնի եօթը  կէտերը քսան տարիէ ի վեր կը պաշտպանենք, եւ ատիկա եղած է նաեւ Քոչարեանի ժամանակ, ոեւէ մէկուն համար գաղտնիք չէ»:

Ըստ Ռուստամեանի, եթէ ՀՅԴ-ն իր գաղափարներուն պաշտպանն է, ասիկա չի նշանակեր, որ մէկու մը դաշտը կը փակէ: «Մենք այսօր ալ  յարաբերութիւններու մէջ ենք պարոն Քոչարեանին հետ, եւ եթէ ինք որոշէ աւելի աշխուժ քաղաքականութեան մէջ ըլլալ, մենք միայն կ՛ողջունենք ատիկա, որովհետեւ մենք այդ փորձը ունինք:

Մենք միասին աշխատած ենք, եւ կը կարծեմ, որ այդ տարիները մեր երկրի վատ պայմաններուն մէջ վերելքի տարիներ եղած են: Եթէ մենք գտած ենք գործընկեր, որուն հետ կարելի է ամէն ինչ համաձայնեցնել, ատիկա երկրորդի դէմ չէ», նշեց ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավարը:

Լրագրողներէն մէկուն դիտարկման, թէ մտավախութիւն չկա՞յ, որ ՀՅԴ-ն իբրեւ գործիք կրնան օգտագործել, Ռուստամեան արձագանգեց. «Ոչինչ, թող մեր ծրագիրները իրականացնելու համար մեզ իբրեւ գործիք օգտագործեն:

Մենք ինքներս միջոց ենք, մեր կուսակցութիւնը միջոց է մեր նպատակներուն հասնելու համար: Դաշնակցութիւնը ինքնանպատակ ստեղծուած չէ, ստեղծուած է հայ ժողովուրդին եւ հայութեան ծառայելու համար»:

ԱԶԴԱԿ
www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail