Ուխտագնացութիւն-Արշաւ Ախալքալաքի Շրջանի Կարծախ Գիւղին Մէջ

29 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2016

akhalkalak-yerakouyn-129 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2016

«Զօրի Զօրեան» երիտասարդական միութեան անդամները Փետրուար 27-ին կազմակերպած էին ուխտագնացութիւն- արշաւ դէպի Ախալքալաքի շրջանի Կարծախ գիւղի Սուրբ Յովհաննէս – Կարապետ եկեղեցի: Եկեղեցւոյ մէջ ԶԶԵՄ-ի երիտասարդները Տէր Տիգրան քահանայի հետ կատարած են տէրունական աղօթքը եւ ստացած են իրենց օրհնութիւնը:

Ըստ Akhaltskha.net-ի` արշաւականները եռագոյն դրօշներով եկեղեցիէն շարժած են դէպի Կարծախ գիւղի մօտակայքը գտնուող սրբավայրը, ուր բանախօս Արտաշէս Շահբազեանը դասախօսութեան ժամանակ ներկայացուցած է 1918-1921 թուականներուն տեղի ունեցած հերոսական ինքնապաշտպանութեան մասին:

Դասախօսութեան ժամանակ բանախօսը տուած է ներկայ երիտասարդներու կողմէ հնչող բոլոր հարցերուն պատասխանները եւ կատարուած են աշխոյժ քննարկումներ:

ԶԶԵՄ-ի կողմէ կազմակերպուող այսպիսի արշաւ- ուխտագնացութիւնները դէպի Ջաւախքի հայկական եկեղեցիներ պիտի ունենան շարունակական բնոյթ եւ պիտի դառնան աւանդոյթ:
akhalkalak-yerakouyn-2

ԵՌԱԳՈՅՆ
http://www.yerakouyn.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail