Գերմանիոյ Խորհրդարանին Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչումը «Անխուսափելի Է»

27 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2016

Աշխատանքային այցելութեամբ Պերլին գտնուող Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանով նախանցեալ օր  Հումպոլտդ համալսարանին մէջ տեղի ունեցած «Քրիստոնեայ  ժողովուրդներու ցեղասպանութիւնը օսմանեան եւ քեմալական Թուրքիոյ մէջ» խորագիրով միջազգային համաժողովի ընթացքին  հանդիպում ունեցած է Գերմանիոյ խորհրդարանի «Դաշինք 90/Կանաչներ» կուսակցութեան նախագահ Ճեմ Էօզտեմիրի հետ:

Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահի գրասենեակին փոխանցումով, Շարմազանով բարձր գնահատած է Ճեմ Էօզտեմիրի սկզբունքային դիրքորոշումը Հայոց ցեղասպանութեան դատապարտման հարցով, մանաւանդ որ ան Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ քննարկման դրուած Հայոց ցեղասպանութեան մասին բանաձեւի նախագիծի հեղինակն է:

Երկուստեք կարեւոր նկատուած է թէ՛ Գերմանիոյ խորհրդարանի, թէ՛ միջազգային հանրութեան կողմէ մարդկութեան դէմ ոճիրներու, այդ շարքին` Հայոց ցեղասպանութեան դատապարտման անհրաժեշտութիւնը:

Կողմերը արձանագրած են, որ Գերմանիոյ խորհրդարանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան նուիրուած քննարկումները վերահաստատեցին, որ Գերմանիոյ խորհրդարանին կողմէ Ցեղասպանութեան դատապարտումը  անխուսափելի է:

Շարմազանով Պերլինի Հումպոլտդ համալսարանին մէջ տեղի ունեցած «Քրիստոնեայ  ժողովուրդներու ցեղասպանութիւնը օսմանեան եւ քեմալական Թուրքիոյ մէջ» խորագիրով միջազգային համաժողովին ընթացքին նշած է, որ 24 մարտ 2015-ին Հայաստանի խորհրդարանը միաձայնութեամբ ընդունած է յայտարարութիւն մը, որուն մէջ դատապարտեց յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւնը օսմանեան Թուրքիոյ մէջ:

Ան յոյս յայտնեց, որ այլ երկիրներ հետեւին Հայաստանի օրինակին եւ դատապարտեն այդ սարսափելի յանցագործութիւնը` նշելով, որ ցաւօք, Թուրքիան մինչեւ այսօր կը շարունակէ իր ժխտողական քաղաքականութիւնը:

«Եկէք չմոռնանք, որ անպատժելիութիւնը կը ծնի նոր յանցագործութիւններ: Այս օրերուն Միջին Արեւելքը կանգնած է նոյն սպառնալիքներուն դիմաց, որոնց դիմաց մէկ հարիւրամեակ առաջ կանգնեցան հայերը, յոյները եւ ասորիները: Այժմ ալ Թալէաթի եւ Քեմալի յետնորդները կ՛իրականացնեն մէկ այլ ցեղասպանութիւն Օսմանեան կայսրութեան երբեմնի տարածքներէն ոչ շատ հեռու: Մենք ականատեսն ենք մէկ այլ ցեղասպանութեան, քանի որ հայերու, յոյներու եւ ասորիներու ցեղասպանութիւնը կը շարունակուի մնալ չճանչցուած:

Կը կարծեմ, որ ժխտողականութիւնը հաւասարազօր է յանցագործութեան իրականացման: Նոյնը կը վերաբերի նաեւ լռութեան», իր ելոյթին ընթացքին ըսած է Շարմազանով` կոչ ուղղելով միաւորուելու յանուն ցեղասպանութիւններու ճանաչման ու դատապարտման եւ թրքական ժխտողականութեան դէմ` անկախ ազգային եւ կրօնական պատկանելիութենէ:

«Կը կարծեմ` ասիկա միակ ուղին է բացառելու մարդկութեան պատմութեան այս ամօթալի եւ սարսափելի էջին կրկնութիւնը», ըսած է Հայաստանի Ազգային ժողովի փոխնախագահը:

ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com

Facebooktwitterredditpinterestlinkedinmail