29 ՓԵՏՐՈՒԱՐ 2016
«Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ աշխատանքային այցելութեամբ Պերլին գտնուող Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահ Էդուարդ Շարմազանովի եւ Գերմանիոյ խորհրդարանի` Պունտեսթակի փոխնախագահ Էտելկարտ Պուլմանի հանդիպումին ընթացքին Շարմազանով անդրադարձած է շրջանին մէջ խաղաղութեան եւ կայունութեան ամրապնդման` նշելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը պէտք է հանգուցալուծուի բացառապէս խաղաղ ճամբով` ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ձեւաչափով: Ան շեշտած է, որ Արցախի ժողովուրդի ինքնորոշման իրաւունքի գործադրման այլընտրանք գոյութիւն չունի:
Շարմազանով անթոյլատրելի նկատած է արցախեան հիմնահարցին կրօնական երանգ հաղորդելու ազրպէյճանական կողմի փորձերը: Էտելկարտ Պուլման համաձայն գտնուած է Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային ժողովի փոխնախագահին եւ կարեւոր նկատած Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրի բացառապէս խաղաղ լուծումը:
Շարմազանով յոյս յայտնած է, որ Գերմանիոյ խորհրդարանը յառաջիկային ընդունի Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ բանաձեւի նախագիծը:
Գերմանիոյ խորհրդարանի փոխնախագահը ընդգծած է, որ հայ ժողովուրդին կատարուածը ցեղասպանութիւն է, որ պէտք է դատապարտուի: Էտելկարտ Պուլման աւելցուցած է, որ մէկ օր առաջ Պունտեսթակի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան մասին բանաձեւի նախագիծին շուրջ քննարկումները դրական ազդակ էին Ցեղասպանութեան ճանաչման հոլովոյթին մէջ:
Հանդիպումի աւարտին Ազգային ժողովի փոխնախագահը գերմանացի իր պաշտօնակիցը հրաւիրած է պաշտօնական այցելութիւն կատարելու Հայաստան:
ԱԶԴԱԿ
http://www.aztagdaily.com