01 ՄԱՐՏ 2016
Թուրքիոյ վարչապետ Ահմետ Տաւութօղլու անգամ մը եւս հայերուն նկատմամբ թշնամանք հրահրող յայտարարութիւն մը ունեցած է:
Արդարեւ, թրքական «T24.com» կայքը կը հաղորդէ, որ Տաւութօղլու, փորձելով քննադատել քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը՝ յայտարարած է. «Քիւրտերը, հայ աւազակախումբերուն նման, Ռուսիոյ հետ կը համագործակցին եւ կ՛երթան Մոսկուայի մէջ ներկայացուցչութիւն բանալու», կը գրէ News.am-ը:
Քրտամէտ կուսակցութեան համանախագահ Սալահետտին Տեմիրթաշ, իր կարգին, վարչապետի յայտարարութեան փոխադարձած է՝ ըսելով. «Վարչապետը ըսել կ՛ուզէ, թէ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութիւնը կը նմանի հայերուն, որոնք համագործակցեցան ռուսերու հետ. «Այն, ինչ 1915-ին հայերուն ըրինք, նոյնն ալ ձեզի կ՛ընենք», ըսել կ՛ուզէ։
Ահաւասիկ ա՛յս է իշխող կուսակցութեան գաղափարախօսութիւնը։ Ուրիշ բան չէ եթէ ոչ՝ կոտորածի ու մահուան քաղաքականութիւն իրականացնել։ Մեր կուսակցութիւնը, բացի ժողովուրդէն, ուրիշ ո՛չ մէկուն հետ համագործակցած է ու պիտի համագործակցի։ Մենք կը հաւատանք միասնութեան ու դաշնութեան։ Մենք արդէն իսկ ժողովուրդի մը ուժն ենք»։
Համանախագահը ըսած է նաեւ, որ վարչապետը կը կարծէ, թէ քիւրտ ժողովուրդը պատմութենէն դասեր չէ քաղած։ «Մենք, վարչապետին կողմէ որպէս պատմութիւն մեզի հրամցուած սուտերը մէկդի թողնլով՝ իրական անցեալով կազմաւորուեցանք»,- յայտարարած է Տեմիրթաշ՝ դարձեալ պնդելով, որ իշխող կուսակցութիւնը կը շարունակէ օգնել «Իսլամական պետութիւն» եւ այլ ահաբեկչական խմբաւորումներու։
ԵՌԱԳՈՅՆ
www.yerakouyn.com